Լիբանանեան բանակի հրամանատար զօր. Ժոզեֆ Աուն երէկ Եարզէի մէջ նախագահեց երկրին ցամաքային սահմանները պաշտպանելու օժանդակութեան ծրագիրին հսկող խորհուրդի նիստին, որուն իրենց մասնակցութիւնը բերին Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Տորըթի Շիա, Բրիտանիոյ դեսպան Հեմիշ Քոուել եւ Քանատայի դեսպան Սթեֆանի Մըքքոլըմ:
Դեսպանները բարձր գնահատեցին լիբանանեան բանակին ի գործ դրած ճիգերը` սահմանային հսկողութեան, ահաբեկչութեան դէմ անոր մղած պայքարին եւ Լիբանանի ապահովական կայունութիւնը պահպանելու առումով:
Անոնք հաստատեցին, որ իրենց ներկայացուցած երկիրները` Միացեալ Նահանգներ, Բրիտանիա եւ Քանատա յանձնառու կը մնան լիբանանեան բանակին զօրակցութեան` անոր ստանձնած տարբեր պարտականութիւններուն, յատկապէս` սահմաններու հսկողութեան առումով:
Զօր. Աուն շնորհակալութիւն յայտնեց ամերիկեան, բրիտանական եւ քանատական իշխանութիւններուն` լիբանանեան բանակին նկատմամբ անոնց մնայուն օժանդակութեան եւ նեցուկին համար:
Զօր. Աուն հաստատեց, որ այդ օժանդակութիւնը հիմնական դերակատարութիւն ունի բանակի միաւորներուն կարողութիւնները բարելաւելու եւ զարգացնելու, որպէսզի անոնք ատակ դառնան կատարելու իրենց պարտականութիւնները:


