Կիրակի օր, 10 տարի դադարէ ետք, Լիբանանի ճատրակի Ֆետերասիոնը կազմակերպեց աղջկանց ռափիտ ճատրակի ախոյեանութիւնը:
Իրենց մասնակցութիւնը բերին 4 մասնակիցներ, ՀՄԸՄ Անթիլիասի 8 եւ 10 տարեկան ճատրակի պարմանուհիները լաւ դիրքեր գրաւեցին: Նայիրի Նիւրբեթլեան (8 տարեկանէն վար) 3 կէտ ձեռք ձգեց առաւելագոյն 6-էն եւ գրաւեց 29-րդ դիրքը, Սեւանայ Կարապետեան (10 տարեկանէն վար) 1,5 կէտ ձեռք ձգեց առաւելագոյն 7-էն` գրաւելով 36-րդ դիրքը, իսկ Վանայ Կարապետեան (10 տարեկանէն վար) 1 կէտ ձեռք ձգեց առաւելագոյն 7-էն` գրաւելով 37-րդ դիրքը:
Առաջին երեք դիրքերը գրաւեցին Նատա Ֆաուազ (7 կէտ), Ռեմի Ասմար (5,5 կէտ) եւ Սալի Համատէ (5,5 կէտ):
Պէտք է ըսել, որ ՀՄԸՄ Անթիլիասի աղջիկները շատ պատուաբեր արդիւնք ձեռք ձգեցին իրենցմէ տարիքով շատ աւելի մեծ մրցակիցներու դէմ:





