Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Պըրրի Նախագահեց Խորհրդարանի Դիւանի Նիստին

December 13, 2023
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի Այն Թինէի մէջ նախագահեց խորհրդարանի դիւանի նիստին, որուն ներկայ գտնուեցան խորհրդարանի փոխնախագահ Էլիաս Պու Սաապ, ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի, երեսփոխաններ Միշել Մուսա, Հատի Ապուլ Հասան, Ալեն Աուն եւ  Ապտել Քերիմ Քապպարա, ինչպէս նաեւ խորհրդարանի ընդհանուր քարտուղար Ատնան Տահեր:

Նիստին ընթացքին խորհրդարանի դիւանը որոշեց խորհրդարանը օրէնսդրական նիստի մը հրաւիրել հինգշաբթի, 14 դեկտեմբեր 2023-ին, կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-ին:

Նիստէն ետք Պու Սաապ յայտնեց, որ օրէնսդրական նիստին օրակարգը կ՛ընդգրկէ երեսփոխանական յանձնախումբերուն կողմէ մշակուած 16 օրինագիծեր:

Ան նկատել տուաւ, որ ինք անձամբ կը նախընտրէ բանակի նոր հրամանատար նշանակել եւ ոչ թէ ներկայ հրամանատարին պաշտօնավարութիւնը երկարաձգել:

Ան նկատել տուաւ նաեւ, որ կառավարութիւնը կրնայ լուծում մը ունենալ բանակի հրամանատարին պաշտօնավարութիւնը երկարաձգելու իմաստով: «Ամէն պարագայի, պէտք է ի մտի ունենալ այն վիճարկումները, որոնք կրնան արձանագրուիլ` բանակի հրամանատարին պաշտօնավարութեան երկարաձգումէն ետք: Կը յուսանք, որ կառավարութիւնը այս իմաստով օրինական լուծումի մը յանգի», ըսաւ ան:

Միւս կողմէ, Պըրրի երէկ ընդունեց իրաւաբաններու Պէյրութի սենտիքայի նախագահ Ֆատի Մասրին, որուն ընկերակցեցաւ սենտիքայի նորընտիր վարչութեան մէկ պատուիրակութիւնը:

Պըրրի ընդգծեց, որ պատմութեան ընթացքին Լիբանանի դիմագրաւած բոլոր փուլերը այսքան վտանգաւոր չեն եղած, որքան ներկայիս, երբ հանրապետութեան նախագահ չկայ, տնտեսական տագնապը հետզհետէ կը բարդանայ, սուրիացի տեղահանուածներու խնդիր գոյութիւն ունի, իսկ այս բոլորին կ՛աւելնան իսրայէլեան բռնարարքները, որոնք թիրախ կը դարձնեն հարաւային Լիբանանի բնակիչները, լրագրողները, դպրոցներն ու բնակարանները:

«Այս պայմաններուն լոյսին տակ իւրաքանչիւր քաղաքական ուժ պէտք է ստանձնէ իր ազգային պատասխանատուութիւնը եւ պէտք է արագացնէ հանրապետութեան նախագահին ընտրութիւնը` իբրեւ հիմնական ու առանցքային մուտք` սահմանադրական հաստատութիւններուն աշխատանքը կարգաւորելու», ըսաւ ան:

Նշենք, որ հարցազրոյցի մը ընթացքին Պըրրի հաստատեց, որ նախագահական ընտրութեան նոր նախաձեռնութիւն մը չկայ ներկայիս` աւելցնելով, որ իրենք համաձայն են բանակի հրամանատարին պաշտօնավարութիւնը երկարաձգելու:

Պըրրի նկատել տուաւ նաեւ, որ ամէն ջանք ի գործ կը դնէ արգիլելու համար Կազայի պատերազմին ընդարձակումը եւ Լիբանանի ներքաշուիլը այդ պատերազմին մէջ:

 

Նախորդը

Պու Սաապ Խորհուրդ Կու Տայ Ուղղուիլ Բանակի Նոր Հրամանատարի Մը Նշանակման

Յաջորդը

Իսրայէլ Կը Շարունակէ Ռմբակոծել Հարաւային Լիբանանն Ու Սպառնալ Պէյրութը Վերածել Կազայի

RelatedPosts

Լիբանանեան Նախարարական  Պատուիրակութիւն Մը  Դամասկոս Այցելեց
Լիբանանեան

Լիբանանեան Նախարարական Պատուիրակութիւն Մը Դամասկոս Այցելեց

November 3, 2026
Ելեկտրականութեան Ընկերութիւնը Սկսաւ  Իրենց Վճարումները Չկատարած Պետական  Հաստատութիւններու Ելեկտրականութեան  Մատակարարումը Ընդհատել
Լիբանանեան

Ելեկտրականութեան Ընկերութիւնը Սկսաւ Իրենց Վճարումները Չկատարած Պետական Հաստատութիւններու Ելեկտրականութեան Մատակարարումը Ընդհատել

November 3, 2026
Ժողովրդավարական Հանդիպում  Եւ Հզօր Հանրապետութիւն Երեսփոխանական  Պլոքներու Միջեւ Խորհրդակցական Հանդիպում
Լիբանանեան

Ժողովրդավարական Հանդիպում Եւ Հզօր Հանրապետութիւն Երեսփոխանական Պլոքներու Միջեւ Խորհրդակցական Հանդիպում

November 3, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.