Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Պու Հապիպ. «Լիբանան Յանձնառու Կը Մնայ Խաղաղութեան Եւ Միջազգային Օրէնքին, Որոնք Կը Ծառայեն Իբրեւ Օրինական Նեցուկ` Զայն Պաշտպանելու Իսրայէլեան Ախորժակներէն»

December 13, 2023
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Արտաքին գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Ապտալլա Պու Հապիպ երէկ Ժընեւի ՄԱԿ-ի կեդրոնատեղիին մէջ հանդիպում մը ունեցաւ մարդկային իրաւունքներու գերագոյն յանձնակատար Վոլքեր Թիւրքի հետ:

Պու Հապիպ բարձր գնահատեց Լիբանանի հանդէպ Թիւրքի կեցուածքը` հաստատելով, որ Լիբանան կառչած կը մնայ Պէյրութի մէջ մարդկային իրաւունքներու յանձնակատարին շրջանային կեդրոնատեղիին աշխատանքը ամրապնդելու:

«Մարդկային իրաւունքներու միջազգային ուխտին 75-ամեակը Լիբանանի համար շատ կարեւոր է եւ իմաստալից, յատկապէս նկատի ունենալով, որ Լիբանան այդ ուխտը մշակող երկիրներէն եղած է, ներկայացուցչութեամբ` Շարլ Մալեքի, որ օրին Մարդկային իրաւունքներու միջազգային ուխտը մշակող յանձնախումբին զեկուցաբերն էր: Լիբանան յանձնառու կը մնայ խաղաղութեան եւ  միջազգային օրէնքին, որոնք կը ծառայեն իբրեւ օրինական նեցուկ` զայն պաշտպանելու իսրայէլեան ախորժակներէն», ըսաւ Պու Հապիպ:

Միւս կողմէ, Մարդկային իրաւունքներու միջազգային ուխտին 75-ամեակին առիթով իր արտասանած խօսքին մէջ Պու Հապիպ շեշտեց, որ Լիբանան հաւատարիմ պիտի մնայ ժողովրդավարական սկզբունքներուն եւ մարդկային իրաւունքներուն, ներողամտութեան եւ ուրիշը ընդունելուն` հակառակ իր դիմագրաւած բոլոր տագնապներուն եւ դժուարութիւններուն:

Պու Հապիպ շեշտեց, որ Լիբանան պիտի պահէ իր բազմազանութիւնը եւ իւրայատկութիւնը, ինչպէս նաեւ տարբեր համայնքներուն միջեւ համերաշխութեամբ ապրելու կարողականութիւնը:

 

Նախորդը

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Յաջորդը

Սլիմ. «Կառչած Կը Մնանք ՖԻՆԻՒԼ-ի Ուժերուն Դերակատարութեան` Յատկապէս Ներկայ Պայմաններուն Ընթացքին»

RelatedPosts

Լիբանանեան Նախարարական  Պատուիրակութիւն Մը  Դամասկոս Այցելեց
Լիբանանեան

Լիբանանեան Նախարարական Պատուիրակութիւն Մը Դամասկոս Այցելեց

November 3, 2026
Ելեկտրականութեան Ընկերութիւնը Սկսաւ  Իրենց Վճարումները Չկատարած Պետական  Հաստատութիւններու Ելեկտրականութեան  Մատակարարումը Ընդհատել
Լիբանանեան

Ելեկտրականութեան Ընկերութիւնը Սկսաւ Իրենց Վճարումները Չկատարած Պետական Հաստատութիւններու Ելեկտրականութեան Մատակարարումը Ընդհատել

November 3, 2026
Ժողովրդավարական Հանդիպում  Եւ Հզօր Հանրապետութիւն Երեսփոխանական  Պլոքներու Միջեւ Խորհրդակցական Հանդիպում
Լիբանանեան

Ժողովրդավարական Հանդիպում Եւ Հզօր Հանրապետութիւն Երեսփոխանական Պլոքներու Միջեւ Խորհրդակցական Հանդիպում

November 3, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.