Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Պու Ֆաուր. «Ուալիտ Եւ Թէյմուր Ժոմպլաթներու Առած Քաղաքական Քայլերուն Նպատակն Է Ներքին Լիբանանեան Առումով Նուազագոյն Համախոհութիւնը Գոյացնել»

December 11, 2023
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ժողովրդավարական հանդիպում պլոքի երեսփոխան Ուաէլ Պու Ֆաուր շաբաթավերջին մասնակցեցաւ Ռաշայայի մէջ տեղի ունեցած համագումարին, որ նուիրուած էր Քամալ Ժոմպլաթի ծննդեան յիշատակին:

Այս առիթով Պու Ֆաուր յայտնեց, որ Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան նախկին ղեկավար Ուալիտ Ժոմպլաթի եւ ներկայ ղեկավար, երեսփոխան Թէյմուր Ժոմպլաթի առած քաղաքական քայլերուն նպատակն է ներքին լիբանանեան առումով նուազագոյն համախոհութիւնը գոյացնել, որպէսզի երկրին հաստատութիւնները ամրապնդուին, եւ ան կարենայ դիմագրաւել իր դէմ ծառացող բոլոր դժուարութիւններն ու մարտահրաւէրները:

Պու Ֆաուր շեշտեց, որ հանրապետութեան նախագահի ընտրութիւնը ներկայիս առկայ քննարկումի թղթածրար մը չէ` աւելցնելով, որ միջազգային պատուիրակներուն հետ ընթացող խորհրդակցութիւններն ու քննարկումները կը կեդրոնանան պետական հաստատութիւնները, յատկապէս լիբանանեան բանակը ամրապնդելու վրայ, նախքան` նախագահական ընտրութեան առումով սկսելիք քննարկումները, որոնք տօնական օրերէն ետք պիտի ըլլան:

Ան հաստատեց, որ նախագահական ընտրութեան տագնապը լուծելու նպատակով նախապատրաստական աշխատանք կը տարուի յառաջիկայ տարեսկիզբին Լիբանանէն դուրս ժողով մը գումարելու` հինգ պետութիւններուն կողմէ:

Պու Ֆաուր հաստատեց, որ նոյնիսկ եթէ հանրապետութեան նախագահ ընտրուի եւ նոր կառավարութիւն կազմուի, Լիբանան կը գտնուի այնպիսի փուլի մը մէջ, ուր լուրջ, նուրբ եւ զգայուն հարցեր գոյութիւն ունին:

Ան ընդգծեց, որ ներկայիս Լիբանան կը գտնուի հիմնադիր փուլի մը մէջ, որովհետեւ երկրին պարզած ներկայ իրավիճակը դիւրաւ պիտի չաւարտի: «Հիմնադիր փուլի մէջ ենք նաեւ տնտեսական առումով: Մենք կարիքը ունինք տնտեսական նոր դրութեան, որ հիմնուած պէտք է ըլլայ արդիւնաբերական նոր օրէնքի վրայ, պայմանով որ սակայն այդ նոր օրէնքը նաեւ ընկերային արդարութիւն ապահովէ», եզրափակեց Պու Ֆաուր:

 

Նախորդը

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Յաջորդը

Սամի Ժեմայէլ Աւարտեց Միացեալ Նահանգներ Իր Կատարած Այցելութիւնը

RelatedPosts

Հեռաձայնելով Սալամին`  «Լիբանանի Կայունութեան Ու Հողային  Ամբողջականութեան Կը Զօրակցինք»  Կ՛ըսէ Քաթարի Վարչապետը
Գլխաւոր լուրեր

Հեռաձայնելով Սալամին` «Լիբանանի Կայունութեան Ու Հողային Ամբողջականութեան Կը Զօրակցինք» Կ՛ըսէ Քաթարի Վարչապետը

November 4, 2026
Սուրիա Հոմսի Քարիւղի Զտարանը Թիրախաւորող  «Հըզպալլայի Ահաբեկչական Ծրագիր»-ի  Ձախողութեան Մատնուիլը Յայտարարեց
Լիբանանեան

Սուրիա Հոմսի Քարիւղի Զտարանը Թիրախաւորող «Հըզպալլայի Ահաբեկչական Ծրագիր»-ի Ձախողութեան Մատնուիլը Յայտարարեց

November 4, 2026
Պայրագտարեան Ընդունեց  Պատուելի Թերզեանը
Լիբանանեան

Պայրագտարեան Ընդունեց Պատուելի Թերզեանը

November 4, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.