Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ԼՕԽ-ական Քնար Գնտոյեանի Յիշատակին. Ծառայասէր Հայուհին

December 9, 2023
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ամէն տարի դեկտեմբեր ամսուան առաջին շաբթուան ընթացքին, հինգ դեկտեմբերին պաշտօնապէս կը նշուի կամաւորներու  օրը` առ ի յարգանք այն բիւր հազարաւոր անդամներուն, որոնք կ՛աշխատին վասն իրենց պատկանած հաւաքականութեան, ընկերութեան ու ազգին յառաջդիմութեան ու զարգացման:

Հայ ժողովուրդը եւս, հայրենիքի թէ սփիւռքի մէջ, յատուկ կարեւորութեամբ կը նշէ այդ օրը: Փաստօրէն, հաւաքականութեան մը կազմակերպական հիմնասիւներէն կը նկատուի կամաւոր աշխատանքը: Հիմնասիւներու այդ փաղանգին կը պատկանի ԼՕԽ-ական Քնար Գնտոյեանը, որ քառասուն օրեր առաջ հեռացաւ այս աշխարհէն` խոր սուգի մատնելով իր հարազատները, բարեկամներն ու ԼՕԽ-ի «Նայիրի» մասնաճիւղին ընտանիքը: Քնար Գնտոյեան ժրաջան աշխատող էր, անխօս, հեռու` լուսարձակէ, միշտ պատրաստ` ծառայելու իր պատկանած հաւաքականութեան: Ան երկար տարիներու վաստակաւոր գործունէութիւն ունեցած է ԼՕԽ-ի մէջ, հաւաստի աղբիւր` կազմակերպական թէ ընկերային գծով որեւէ հարցի յստակացման ու լուծման վերաբերեալ: Ան տրամադիր էր ծառայելու իր բոլոր կարելիութիւններով: Օրացոյցներու թէ ձեռնարկներու տոմսերու բաշխումին կամ այլ հարցերու հետ կապուած հարկ չկար արխիւային տետրակներու մէջ տեղեկութիւն պրպտելու: Քնարը եւ իր նման երէց գործունեայ ԼՕԽ-ականները ունէին յարմար պատասխանը: Կը բաւէր Քնարին հարցնել, ու ան կը դասաւորէր բոլոր խրթին հարցերը: Ան ծանօթ էր բոլորին, կը ճանչնար բոլոր  ԼՕԽ-ականները մի առ մի եւ ի հարկին կրնար անհրաժեշտ տեղեկութիւններ տալ անոնց բնակած վայրին եւ կարողութիւններուն մասին: Ան մաս կը կազմէր ԼՕԽ-ի Նաքքաշի մասնաճիւղի հիմնադրութեան համար կազմուած կորիզին եւ մօտէն գիտէր շրջանի հայ տիկինները, զորս կարելի էր անդամագրել այդ նոր մասնաճիւղին: Անդամ էր նաեւ Հայ տարեցներու տան` ՔԱՀԼ-ին: Սիրուած ու յարգուած էր բոլորէն: Ան կը գործէր, ֆիզիքականի կողքին, նաեւ նիւթապէս օժանդակելով, հեռու` շեփորումի կամ հպարտութեան յաւակնութիւններէն: «Աջ ձեռքին տուածը ձախը պէտք չէ իմանայ» կ՛ըսէր ան ժպտելով: Ձեռնարկներու թէ այլ առիթներով, առանց «հրաւէրի», ան արդէն պատրաստ էր իր քսակով օժանդակելու` նուիրատուութեամբ թէ այլազան ծախսերու մասնակցութեամբ: Ընկերութիւններ, յատկապէս հայկական ընկերութիւններ, մանաւանդ սփիւռքի մէջ, ծով կարիքը ունին նման կամաւոր, համեստ հայուհիներու ներդրումին: Այլապէս, ինչպէ՛ս կրնար Ցեղասպանութենէն ճողոպրած հազարաւոր հայ որբերու, անկարներու, կարիքաւորներու հոգածութիւնը իրականանալ: Կամաւորներու անշահախնդիր զոհաբերութեամբ ու ծառայութեամբ է, որ յետեղեռնեան շրջանի հայութիւնը կարողացաւ ոչինչէն դարձեալ ոտքի կանգնիլ ու շարունակել իր գոյութենական երթը: Նուիրեալներու այդ փաղանգին կը պատկանի Քնար Գնտոյեանը: Անոր յիշատակը յարգելու լաւագոյն միջոցը իր նման երէցներուն հանդէպ յարգանքի ու հոգածութեան շարունակութիւնն է: Անոնք են մեր անցեալն ու մեր ապագան ձեւաւորող տեսլականի մարմնացումները:

Սիրելի՛ Քնար, ֆիզիքապէս հեռացար, սակայն յիշատակդ միշտ վառ ու օրինակելի պիտի մնայ սիրելիներուդ եւ բարեկամներուդ մօտ:

Հողը թեթեւ գայ վրադ, սիրելի՛ ընկերուհի: Փունջ մը ծաղիկ` շիրիմիդ:

ՍԳԱԿԻՐ ՄԸ

Նախորդը

Կատարեալ Հայը (Մակիչի Յիշատակին)

Յաջորդը

Ազրպէյճանական Թերթը Կը Յարձակի Սասունեանին Վրայ` Լոպիինկի Վերաբերեալ Ազրպէյճանի Վատնած Միլիառներու Մասին Յայտարարելուն Համար

RelatedPosts

Սփիւռք Ըլլալու Տարբեր Ձեւերը
Անդրադարձ

Սփիւռք Ըլլալու Տարբեր Ձեւերը

November 3, 2026
Արցախը Մեր Տեսակն Է (Անկախութեան Տօնի 28-ամեակ)
Անդրադարձ

Գիրքերու Մտերմութեան Մէջ. «Խանձուած Օրերը» (Հեղինակ` Պերճուհի Բարսեղեան)

November 3, 2026
Լիբանանի  Մէջ   Օտարներու Պատերազմին 50-րդ  Տարելիցը
Անդրադարձ

Խաղաղութիւն` Պետականութեան Հաշուո՞յն

November 3, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.