Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Ուաշինկթըն Իսրայէլեան Յարձակումի Մը Պատճառով Իրանի Հետ Ճակատումի Մէջ Կրնայ Ներքաշուիլ» Կ՛Ըսէ Լէոն Փանեթա

April 2, 2012
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter
Լէոն Փանեթա

Միացեալ Նահանգներու պաշտպանութեան նախարար Լէոն Փանեթա Քալիֆորնիոյ մէջ մարտանաւի մը վրայ խումբ մը զինուորականներու առջեւ իր արտասանած խօսքին մէջ յայտնեց, որ «Միացեալ Նահանգներ Իրանի դէմ իսրայէլեան հաւանական յարձակումի մը պատճառով Թեհրանի հետ կանխահաս ճակատումի մէջ կրնան ներքաշուիլ»:

Փանեթայի բանբերը հետագային յայտնեց, որ «ամերիկեան վարչակազմը ներկայիս իր ամբողջ ուշադրութիւնը կը կեդրոնացնէ Իրանի հետ դիւանագիտական ուղիին եւ անոր վրայ միջազգային ճնշումը աւելցնելու վրայ, բայց եւ այնպէս հաւանական որեւէ դիպաշարի հետ վարուելու ծրագիր մը պատրաստած է, միեւնոյն ժամանակ կը մերժէ յառաջիկայ քայլերու որեւէ ժամանակացոյց ճշդել»:

Թուրքիոյ վարչապետ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան իրանեան Մեշհետ քաղաքէն իր վերադարձին յայտարարած է, որ Իսրայէլի կողմէ Իրանի դէմ յարձակումը ողբերգութիւն պիտի ըլլայ:

«Նոյնիսկ այս մասին քննարկումը ողբերգութիւն է: Այս մասին ես Օպամային ըսած եմ», նշած է Էրտողան` աւելցնելով, որ նման քայլ շրջանը պիտի ոչնչացնէ:

Ան զուգահեռներ գծած է ամերիկեան-իրաքեան պատերազմին եւ իսրայէլեան-իրանեան հաւանական պատերազմին միջեւ:

«Անոնք (Միացեալ Նահանգներ) շուրջ երկու եռիլիոն տոլար ծախսեցին, պիւտճէին մեծ վնաս հասաւ: Սակայն, եթէ Իսրայէլ Իրանը հարուածէ, ապա պատերազմը աւելի սարսափելի պիտի ըլլայ, քան ամերիկեան-իրաքեանն էր», յայտնած է Թուրքիոյ վարչապետը:

Մարտ 2003-էն մինչեւ դեկտեմբեր 2011 տեւած իրաքեան պատերազմի զոհերուն թիւը 162 հազար է, որոնց 79 առ հարիւրը քաղաքայիններ են: Այդ պատերազմին մէջ ամէնէն արիւնալիները կը նկատուին 2006 եւ 2007 թուականները: Այդ տարիներուն իւրաքանչիւրին ընթացքին 25 հազար զոհ արձանագրուած է:

Միւս կողմէ, Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպամա յայտարարած է, որ Միացեալ Նահանգներ այլ պետութիւններու հետ պիտի ստիպուի հրաժարիլ իրանեան քարիւղէն:

Միացեալ Նահանգներու քոնկրեսը երկու ամիս առաջ Օպամայի աշխատակազմին իրաւունք տուած էր լրացուցիչ միակողմանի պատժամիջոցներ կիրարկելու օտարերկրեայ ելեւմտական այն կառոյցներուն եւ ընկերութիւններուն դէմ, որոնք Իրանի հետ գործարքներ կը կնքեն:

Այդ քայլին նպատակն էր նուազեցնել Իրանի տնտեսութեան ֆինանսաւորումը` իրանեան քարիւղի գնումէն այլ պետութիւններուն հրաժարիլ ստիպելու միջոցով:

«Ես տուած եմ որոշում… որ (քարիւղ արդիւնաբերող) երկիրները, Իրանէն բացի, բաւականաչափ քարիւղ կ՛ապահովեն, որպէսզի էապէս սահմանափակուի իրանեան քարիւղի գնումը… Ես պիտի շարունակեմ վերահսկողութիւն կատարել, որպէսզի երաշխաւորեմ Իրանէն քարիւղի ու քարիւղի մթերքներու գնման նուազեցման յարմարելու շուկայի ունակութիւնը», գրուած է Օպամայի նամակին մէջ, որ ուղարկուած է Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարին, ինչպէս նաեւ ուժանիւթի եւ ելեւմուտքի նախարարներուն:

 

Նախորդը

Ազրպէյճանի Գնած Զինուորական Սարքերու Ցանկը Հրապարակուեցաւ

Յաջորդը

Պոլսոյ Խորհրդաժողովը Սուրիոյ Ազգային Խորհուրդը Ճանչցաւ Իբրեւ Սուրիացի Ժողովուրդի Օրինական Ներկայացուցիչ

RelatedPosts

Քրեմլին. «Գերմանիոյ Մէջ Ամերիկեան  Եռահաս Հրթիռներու Տեղակայումը Պաղ  Պատերազմին Վերադառնալ Է»
Միջազգային

Քրեմլին. «Մտադիր Ենք Կապ Հաստատելու Եւրոպացիներուն Հետ` Հասկնալու Համար, Թէ Խաղաղութիւն Փափաքող Դաշինք Կը Ներկայացնե՞ն»

November 24, 2026
Թրամփ Իրանի Վրայ Նոր Յարձակումի  Շղթայազերծման Որոշումը  Յետաձգեց Յառաջիկայ Տարուան
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ Իրանի Վրայ Նոր Յարձակումի Շղթայազերծման Որոշումը Յետաձգեց Յառաջիկայ Տարուան

November 21, 2026
Պատմութեան Մէջ Առաջին Անգամ Ըլլալով`  Ռուսիա-Միացեալ Նահանգներ-Չինաստան  Եռակողմ Վեհաժողով
Գլխաւոր լուրեր

Պատմութեան Մէջ Առաջին Անգամ Ըլլալով` Ռուսիա-Միացեալ Նահանգներ-Չինաստան Եռակողմ Վեհաժողով

November 20, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.