ՍԵՒ շուկային մէջ ամերիկեան տոլարին փոխարժէքը 89.700 լ. ոսկի է, իսկ «Սայրաֆա»-ի ելեկտրոնային հարթակը` 85.500 լ. ոսկի:
ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ միւֆթի շէյխ Ապտել Լաթիֆ Տըրիան երէկ Տար Ֆաթուայի մէջ ընդունեց Շիիներու գերագոյն խորհուրդի փոխնախագահ շէյխ Ալի Խաթիպը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները: Հանդիպումին ընթացքին շեշտուեցաւ լիբանանեան ազգային միասնականութեան անհրաժեշտութիւնը:
ՏԵՂԵԿԱՏՈՒՈՒԹԵԱՆ նախարարի պաշտօնակատար Զիատ Մքերի ընդունեց Լիբանանի մէջ Յունաստանի դեսպան Տեսփինա Քուքուլոփուլուն, որուն հետ քննարկեց տեղեկատուական եւ մշակութային գործակցութեան միջոցները, ինչպէս նաեւ քննարկեց առկայ ծրագիրները: Քուքուլոփուլու այցելեց նաեւ Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահի, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան քաղաքական եւ տնտեսական իրադարձութիւնները:
ԵՐԻՏԱՍԱՐԴՈՒԹԵԱՆ եւ մարմնակրթութեան նախարարի պաշտօնակատար Ժորժ Քալլաս խստիւ դատապարտեց լիբանանեան բանակը յարձակումի թիրախ դարձնելու իսրայէլեան բռնարարքը եւ ցաւակցութիւն յայտնեց լիբանանեան բանակի տասնապետ Ապտել Քերիմ Մըքտատի նահատակութեան առիթով:
ՆԱԽԿԻՆ վարչապետ Թամմամ Սալամ ընդունեց Լիբանանի մէջ Եգիպտոսի դեսպան Ալա Մուսան, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւններն ու շրջանային զարգացումները: Մուսա այցելեց նաեւ նախկին վարչապետ Ֆուատ Սինիորայի, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան-եգիպտական յարաբերութիւններն ու երկկողմանի գործակցութեան կարելիութիւնները: Նշենք, որ Եգիպտոսի դեսպանը այցելեց նաեւ Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Թէյմուր Ժոմպլաթի: Քննարկուեցան տեղական եւ շրջանային իրադարձութիւնները:
ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում պլոքի երեսփոխան Քասեմ Հաշեմ յայտնեց, որ լիբանանեան բանակը թիրախ դարձնելու քայլը անգամ մը եւս կը փաստէ, թէ պաշտպանութեան ռազմավարութիւնը արեամբ կ՛որոշուի:
ԺՈՂՈՎՐԴԱՎԱՐԱԿԱՆ հանդիպում պլոքի երեսփոխան Հատի Ապուլ Հասան յայտնեց, որ Հըզպալլա յանձնառու է լիբանանեան բանակի հրամանատարութեան` աւելցնելով, որ ըստ երեւոյթին խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի պիտի փորձէ օրէնսդրական նիստին ընթացքին համախոհութեամբ ապահովել բանակի հրամանատարին պաշտօնավարութեան երկարաձգումը:
ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ Սաժիհ Աթիէ հաստատեց, որ Հըզպալլա իր հաւանութիւնը յայտնած է լիբանանեան բանակի հրամանատարին պաշտօնավարութեան երկարաձգումին` աւելցնելով, որ իրենք կը սպասեն այդ որոշումը գործադրելու գործիքակազմին:
ՀԶՕՐ Լիբանան համախմբումի երեսփոխան Ասաատ Տըրղամ հանդիպում մը ունեցաւ Լիբանանի մէջ Ռուսիոյ դեսպան Ալեքսանտր Ռուտաքովի հետ: Քննարկուեցան Լիբանանի քաղաքական եւ ապահովական իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ շրջանին մէջ Ռուսիոյ ստանձնելիք դերակատարութեան կարեւորութիւնը, յատկապէս` Կազայի եւ հարաւային Լիբանանի դէմ պատերազմէն ետք:
ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ բանակի հրամանատար զօր. Ժոզեֆ Աուն ընդունեց Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Տորըթի Շիան: Քննարկուեցան լիբանանեան իրադարձութիւններն ու Հարաւային Լիբանանի մէջ տիրող իրավիճակը:
ՆԵՐՔԻՆ գործոց եւ քաղաքապետութեանց հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Պասսամ Մաուլաուի ընդունեց երեսփոխան Քերիմ Քապպարան, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները, յատկապէս Թրիփոլիի կարիքները:
Մաուլաուիի այցելեց նաեւ երեսփոխան Ալի Հասան Խալիլ: Քննարկուեցան երկիրը յուզող քաղաքական հարցերը:
ՄԱՐԱՏԱ հոսանքի ղեկավար Սլէյման Ֆրենժիէ ընդունեց Լիբանանի մէջ Եգիպտոսի դեսպան Ալա Մուսան, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան քաղաքական եւ ապահովական իրադարձութիւնները, յատկապէս Կազայի եւ հարաւային Լիբանանի մէջ գործուած իսրայէլեան բռնարարքներուն վերաբերող հարցեր:
ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ապահովութեան ընդհանուր տնօրէնի գործակատար հազարապետ-զօրավար Էլիաս Պայսարի ընդունեց ՈՒՆԵՐՈՒԱ-ի գերագոյն յանձնակատար Ֆիլիփ Լազարինին, որուն հետ քննարկեց Լիբանանի մէջ գտնուող պաղեստինեան գաղթակայաններուն իրավիճակը, ինչպէս նաեւ ՈՒՆԵՐՈՒԱ-ի մատուցած ծառայութիւնները` անոնց տառապանքը մեղմացնելու նպատակով:


