«Օլ Սթար»-ի կարտերէն Թայրիս Հելիպըրթըն արձանագրեց իր ասպարէզի առաջին թրիփըլ-տապըլը եւ ամբողջացնելով 4 յաջորդական կէտեր (3 կէտ + 1 ազատ հարուած) հաւասարեցուց արդիւնքը 1,33 վայրկեան մնացած:
Հելիպըրթըն 26 կէտ, 13 էսիսթ եւ 10 ռիպաունտ ձեռք ձգեց ի նպաստ Ինտիանայի, որ 122-112 արդիւնքով անակնկալի բերաւ Պոսթըն Սէլթիքսը: Մայլզ Թըրնըր աւելցուց 17 կէտ եւ 10 ռիպաունտ, մինչ Փէյսըրզի 7 մարզիկներ 10-է աւելի կէտեր նշանակեցին:
Ճէյսըն Թէյթըմ (32 կէտ, 12 ռիպաունտ) եւ Ճէյլըն Պրաուն (30 կէտ, 9 ռիպաունտ) իրենց կարելին ըրին, բայց Պոսթըն չկրցաւ դիմանալ վերջին վայրկեանին: Փորզինկիս յաջորդաբար 4-րդ մրցումը ըլլալով բացակայեցաւ վիրաւոր ըլլալուն պատճառով: Ինտիանա 9-0 յաջորդական կէտեր արձանագրեց Հելիպըրթընի կէտերէն ետք:
Մրցումին ղեկը քանի մը անգամ փոխուեցաւ, եւ պահ մըն ալ Պոսթըն 9 կէտի առաւելութիւն ունէր մանաւանդ առաջին կիսախաղին:
Ինտիանա 3-րդ մասին իր խաղաոճը փոխեց եւ 56-48 արդիւնքով ետ մնալէ ետք կիսախաղին, արդիւնքը կրցաւ հաւասարեցնել 71-71-ի եւ յառաջ անցաւ 85-74 արդիւնքով: Պոսթըն կրկին հաւասարեցուց արդիւնքը 94-94 6,07 վայրկեան մնացած շնորհիւ Պրաունի 3 կէտնոց կողովին, 6 անգամներ հաւասարեցան երկու խումբերը մինչեւ Հելիպըրթընի 3 կէտնոց կողովի ժամանակ ֆաուլ շահած 4 կէտերը` 1 վայրկեան 33 երկվայրկեան մնացած, որմէ ետք Ինտիանա անհասանելի եղաւ: Պէտք է ըսել, որ անակնկալ էր արդիւնքը Ինտիանայի համար, որ 1 նոյեմբերին 155-104 արդիւնքով ծանր պարտութիւն մը կրած էր Պոսթընէն:
Ինտիանա կիսաւարտականին Լաս Վեկասի մէջ պիտի մրցի այսօրուան Նիւ Եորք Նիքս-Միլուոքի Պաքս մրցումի յաղթականին դէմ, մինչ Պոսթըն կը մրցի վերոյիշեալ մրցումի պարտուողին դէմ:
Արեւմտեան կողմը, Պրենտըն Ինկրամ 30 կէտ նշանակեց, եւ Նիւ Օրլինզ Փելիքընզ պարտութեան մատնեց Սաքրամենթօ Քինկզը 127-117 արդիւնքով, «Ին սիզըն» մրցաշարքի քառորդ աւարտականին:
Ինկրամ օգնեց Նիւ Օրլինզին, որ 15 կէտով ետ կը մնար Քինկզէն, եւ 2-րդ մասին հաւասարելէ եւ յառաջ անցնելէ ետք, Քինկզ առիթ չունեցաւ նոյնիսկ հասնելու Փելիքընզի:
Հերպ Ճոնզ (23 կէտ) եւ Եոնաս Վալանսիունաս (18 կէտ) եղան Ինկրամի հիմնական օգնականները, որոնց շնորհիւ Փելիքընզ 3-րդ անգամ ըլլալով յաղթեց Սաքրամենթոյին վերջին 2 շաբաթներուն:
Զայըն Ուիլիըմսըն 10 կէտ, 6 ռիպաունտ եւ 6 էսիսթ ձեռք ձգեց, մինչ Սի. Ճէյ. Մաքոլում 17 կէտ եւ 7 էսիսթ ձեռք ձգեց:
Տ՛Աարոն Ֆոքս (30 կէտ), Տոմանթաս Սապոնիս (26 կէտ, 13 ռիպաունտ եւ 10 էսիսթ) եւ Մալիք Մոնք (21 կէտ) եղան Սաքրամենթոյի լաւագոյն մարզիկները:
Փելիքընզ կիսաւարտականին պիտի մրցի այսօրուան Ֆէօնիքս Սանզ – Լոս Անճելըս Լէյքըրզ մրցումի յաղթականին դէմ, մինչ Քինկզ պիտի մրցի նոյն մրցումի պարտուողին դէմ:


