Լիբանանի ճատրակի ֆետերասիոնին հովանաւորութեամբ տեղի ունեցաւ արագ ճատրակի ախոյեանութիւն մը, որուն իր մասնակցութիւնը բերաւ ՀՄԸՄ Անթիլիաս` 8 ներկայացուցիչներով: Բոլոր տարիքներէն աւելի քան 200 մասնակցողներ մասնակցեցան այս մրցաշարքին, 6 տարեկան 80 տարեկան, զուիցերիական դրութեամբ, 9 ռաունտով` 10 վայրկեան + 3 յաւելեալ երկվայրկեան ամէն մրցումի:
Մրցաշարքը շահեցաւ երիտասարդ Ատիպ Արքատան, որ կարելի 9 կէտերէն ձեռք ձգեց 8,5 կէտ: Երկրորդ դիրքը գրաւեց ՖԻՏԷ-ի երիտասարդ մասթըր Աքրամ Խոտըր, որ շատ լաւ ելոյթ ունեցաւ երիտասարդներու ախոյեանութեան: Երեք մասնակիցներ գրաւեցին 3-րդ դիրքը, բայց ՖԻՏԷ-ի մասթըր Ահմետ Նաժժար լաւագոյն թայ-պրէյքի առաւելութիւն ունենալով Ճօ Ասաատի եւ Մարուան Շարպելի վրայ, գրաւեց 3-րդ դիրքը:
Յատկանշական էին Մարք Մարտիկեանի (11 տարեկան) եւ Մարտիկ Մարտիկեանի (14 տարեկան) ելոյթները:
Մարք Մարտիկեան գրաւեց 31-րդ դիրքը, Կարօ Գալֆայեան` 47-րդ դիրքը, Մարտիկ Մարտիկեան` 48-րդ դիրքը, բոլորն ալ 6-ական կէտերով:
Արամ Գազանճեան գրաւեց 75-րդ դիրքը, իսկ Միշել Աթայեան` 82-րդ դիրքը, 5-ական կէտերով, մինչ Քարլօ Աթայեան (132-րդ) եւ Մարիա Մարտիկեան (136-րդ) 4-ական կէտ ձեռք ձգեցին:


