Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

December 6, 2023
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՍԵՒ շուկային մէջ ամերիկեան տոլարին փոխարժէքը 89.700 լ. ոսկի է, իսկ «Սայրաֆա»-ի ելեկտրոնային հարթակը` 85.500 լ. ոսկի:

ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԻ նախագահ Նեպիհ Պըրրի Այն Թինէի մէջ ընդունեց Միջազգային դրամատան Միջին Արեւելքի շրջանային տնօրէն Ժան Քրիսթոֆ Քարէն, որուն հետ քննարկեց Լիբանանի եւ Միջազգային դրամատան միջեւ գործակցութեան հեռանկարները, յատկապէս` Ընկերային պաշտպանութեան ծրագիրն ու անոր շրջագիծին մէջ ապահովութեան ուժերը ներառելու կարելիութիւնը:

ՀԶՕՐ հանրապետութիւն համախմբումի երեսփոխան Նազիհ Մաթթա յայտնեց, որ լիբանանեան բանակի հրամանատարին պաշտօնավարութեան երկարաձգումը առաջնահերթութիւն է` աւելցնելով, որ բանակի հրամանատարը ամէնէն աւելի հաւանականութիւն ունի հանրապետութեան նախագահ ընտրուելու:

ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում պլոքի երեսփոխան Քասեմ Հաշեմ յայտնեց, որ հարաւային Լիբանանի մէջ տուժած բնակիչներուն հատուցումներու ապահովումը Լիբանանի կառավարութեան պարտականութիւնն է:

ՓՈՓՈԽՈՒԹԵԱՆ երեսփոխան Ուատտահ Սատեք յայտնեց, որ Պէյրութի միջազգային օդակայանին մէջ տիրող վիճակը օրըստօրէ կը վատթարանայ` ամէն իմաստով:

ՀԶՕՐ հանրապետութիւն համախմբումի երեսփոխան Փիեռ Պու Ասի յայտնեց, որ լիբանանեան բանակի հրամանատար զօր. Ժոզեֆ Աունի պաշտօնավարութիւնը երկարաձգելու իրենց պահանջին նպատակը զօր. Աունի ծառայութիւն չէ, այլ` ազգային շահերու ապահովում:

ՓՈՓՈԽՈՒԹԵԱՆ երեսփոխան Մըլհեմ Խալաֆ հարց տուաւ, թէ արդեօք ժամանակը չէ՞ հասած` Լիբանանի հանրապետութիւնը փրկելու զինք սպաննող դատարկութենէն եւ վերստանձնելու երկրին առաջատար դերակատարութիւնը` միջազգային եւ շրջանային մակարդակներուն վրայ:

ՀԶՕՐ հանրապետութիւն համախմբումի երեսփոխան Ռազի Հաժ յայտնեց, որ ֆրանսացի պատուիրակ Ժան Իվ Լը Տըրիանի այցելութենէն յստակ դարձած է, որ հնգակողմանի հանդիպումը իր ուղղութեամբ փակած է Մարատա հոսանքի ղեկավար Սլէյման Ֆրենժիէի թեկնածութեան էջը:

ԱԶԳԱՅԻՆ ազատ հոսանք կուսակցութեան «Էքս» հարթակի պաշտօնական հաշիւին ընդմէջէն կատարուած գրառումի մը մէջ նշուած է, որ Լիբանանեան ուժեր կուսակցութիւնը միշտ կ՛ընդառաջէ արտաքին ուժերուն` աւելցնելով, որ ազգային գերիշխանութեան նկատմամբ յարգանքն ու անկախ որոշումը պարզապէս կարգախօս մըն է եւ տեսակէտ մը:

ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահ նշեց, որ իրենք տակաւին կը սպասեն, որ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի հրաւիրէ խորհրդարանական նիստի մը, որպէսզի կարելի ըլլայ լիբանանեան բանակը դատարկութեան փուլէ մը, ցնցումէ մը կամ քաոսէ փրկել:

ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ապահովութեան նախկին ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Ապպաս Իպրահիմ ընդունեց Լիբանանի մէջ Պրազիլի դեսպան Թերսիզիօ Քոսթան, որուն հետ քննարկեց շրջանային եւ միջազգային իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ շրջանին մէջ տիրող վտանգաւոր իրավիճակը, յատկապէս` Կազայի զինադադարի աւարտէն ետք:

ՈՒԺԱՆԻՒԹԻ եւ ջուրի հարցերու նախարարութիւնը հրապարակեց վառելանիւթի նոր սակացոյցը, որուն համաձայն` 95 օքթան պենզինի սակը նուազած է 3000 լ. ոսկիով, 98 օքթան պենզինի սակը` 3000 լ. ոսկիով, մազութինը` 1000 լ. ոսկիով, իսկ պիւթակազին սակը մնացած է անփոփոխ: Հետեւաբար, 95 օքթան պենզինի թիթեղին սակն է 1.561.000 լ. ոսկի, 98 օքթան պենզինը` 1.601.000 լ. ոսկի, մազութը` 1.546.000 լ. ոսկի եւ պիւթակազը` 936.000 լ. ոսկի:

ԵԼԵՒՄՈՒՏՔԻ նախարարի պաշտօնակատար Եուսեֆ Խալիլ ընդունեց Ընկերային ապահովագրութեան ազգային սնտուկի նախագահ Մոհամետ Քարաքին եւ Աշխատաւորական ընդհանուր համադաշնակցութեան նախագահ Պշարա Ասմարը, որոնց հետ քննարկեց Ընկերային ապահովագրութեան ազգային սնտուկին վերաբերող հարցեր:

ՆԵՐՔԻՆ գործոց եւ քաղաքապետութեանց հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Պասսամ Մաուլաուի հանդիպում մը ունեցաւ զբօսաշրջութեան նախարարի պաշտօնակատար Ուալիտ Նասսարի հետ: Քննարկուեցան զբօսաշրջութեան մարզին վերաբերող հարցեր: Մաուլաուիի այցելեցին նաեւ երեսփոխաններ Ատիպ Ապտել Մեսիհ եւ Աքրամ Շեհայէպ:

ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ միւֆթի շէյխ Ապտել Լաթիֆ Տըրիան ընդունեց Լիբանանի մէջ Եգիպտոսի դեսպան Ալա Մուսան, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները: Մուսա յայտնեց, որ Եգիպտոս յանձնառու կը մնայ Լիբանանի կայունութեան` աւելցնելով, որ ներքին լիբանանեան տագնապներուն լուծումը կարելի կ՛ըլլայ ապահովել միայն ներքին լիբանանեան համախոհութեամբ:

ԿՐԹՈՒԹԵԱՆ, բարձրագոյն ուսման եւ մշակոյթի խորհրդարանական յանձնախումբի նախագահ, երեսփոխան Հասան Մըրատ ընդունեց Լիբանանի մէջ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի անձնական ներկայացուցիչ Եոաննա Վրոնեցքան, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները, յատկապէս Կազայի մէջ արձանագրուող զարգացումներն ու Լիբանանը այդ պատերազմին մէջ չներքաշելու հեռանկարները:

ՊԱԱԼՊԵՔ-Հերմել համախմբումի երեսփոխան Հիւսէյն Հաժ Հասան շեշտեց, որ իրենց պարտականութիւնն է պաշտպանել լիբանանցի ժողովուրդը եւ արգիլել թշնամին` իր նպատակները գործադրելէ:

ՆԱՀԸԺ շարժումի նախագահ, նախկին երեսփոխան Հասան Եաագուպ գրառումի մը ընդմէջէն անդրադարձաւ այնպիսի տեղեկութիւններու, թէ Կազայի պատերազմը չընդարձակելու առումով ամերիկեան-իրանեան համաձայնութիւնը պիտի աւարտի, հետեւաբար ռազմաճակատները պիտի ընդարձակուին, եւ մուտք պիտի գործենք նոր եւ շատ վտանգաւոր փուլ:

 

Նախորդը

Ծոցի Վեհաժողով. «Տագնապը Կրնայ Միջին Արեւելքի Մէջ Այլ Շրջաններ Տարածուիլ, Եթէ Իսրայէլեան Յարձակումը Չդադրի»

Յաջորդը

Ժոմպլաթ Զգուշացուց Թիւ 1701 Բանաձեւը Խախտելէ Եւ 1948-ի Աղէտը Կրկնելէ

RelatedPosts

Մըթրի. «Լիբանանը Յառաջիկայ Շաբաթ Սուրիոյ Հետ Համաձայնութիւն Պիտի Կնքէ` 300 Սուրիացի Կալանաւորուածներ Յանձնելու Համար»
Լիբանանեան

Մըթրի. «Լիբանանը Յառաջիկայ Շաբաթ Սուրիոյ Հետ Համաձայնութիւն Պիտի Կնքէ` 300 Սուրիացի Կալանաւորուածներ Յանձնելու Համար»

February 2, 2026
14 Փետրուարի Ոգեկոչման Մեծաթիւ Մասնակցութեան Կոչ Ուղղելով`  Ահմետ Հարիրի. «Սաատ Հարիրիի Արտասանելիք Խօսքը Ընտրութիւններուն Նկատմամբ Դիրքորոշում Պիտի Ներառէ»
Լիբանանեան

14 Փետրուարի Ոգեկոչման Մեծաթիւ Մասնակցութեան Կոչ Ուղղելով` Ահմետ Հարիրի. «Սաատ Հարիրիի Արտասանելիք Խօսքը Ընտրութիւններուն Նկատմամբ Դիրքորոշում Պիտի Ներառէ»

February 2, 2026
Մօտ Օրէն Լիբանանի Մէջ Բռնածաղրը Օրէնքով Պատժելի Կը Դառնայ
Լիբանանեան

Մօտ Օրէն Լիբանանի Մէջ Բռնածաղրը Օրէնքով Պատժելի Կը Դառնայ

February 2, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.