Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանեան Պասքեթպոլ. Ռիատի – ՀՄԸՄ` 97-98

December 1, 2023
| Մարզական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Չորեքշաբթի գիշեր, Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց ախոյեանութեան մրցումներու 6-րդ հանգրուանին գծով, Մանարայի դաշտին վրայ ՀՄԸՄ-ի տղաքը շատ կարեւոր յաղթանակ մը արձանագրեցին ախոյեան Ռիատիի դէմ մրցումին:

Մրցումը 50 վայրկեան տեւեց, որովհետեւ 2 անգամ երկարաձգումի դիմուեցաւ` խումբերը իրարմէ բաժնելու եւ գիտնալու համար վերջնական յաղթականը:

Առաջին մասը եղաւ մրցումին ամէնէն շատ կէտերը նշանակուած մասը, եւ Ռիատի 21-20 արդիւնքով չնչին առաւելութիւն մը ունեցաւ: Կիսախաղին արդիւնքը 40-38 էր ի նպաստ Ռիատիի: Ժերար Հատիտեան եւ Տուէյն Ճեքսըն միասնաբար նշանակած էին 18 կէտ, մինչ 7-ական կէտեր նշանակած էին Կէրի Չիւիչեան եւ Ճիմի Սալեմ: Ուոլթըր Հոճ 4 կէտեր նշանակած էր, իսկ Ժատ Խալիլ` 2:

Ուոլթըր Հոճ, որ 37 տարեկան է, կը փորձէր իր լաւագոյնը կիրարկել, բայց բոլոր մրցակիցներն ալ խիստ հսկողութեան տակ կը դնէին զինք` առիթ տալով միւս 4-ին փայլելու: Շատեր կ՛ըսեն, թէ Ուոլթըր 2018-ի Ուոլթըր չէ, վստահ որ 32 եւ 37 տարեկանին ուժը կամ կարողութիւնը նոյնը չ՛ըլլար, բայց ինչպէս նշեցինք, իր վրայ հսկողութենէն առիթ կ՛ունենան մեր տղաքը փայլելու, ինչպէս է պարագան Ժերարի, Կերիի, Ժատի, Ճիմիի, Կապիի կամ Թանիոսի:

Երրորդ մասին ՀՄԸՄ-ի տղաքը աւելի լաւ պասքեթպոլ կրցան կիրարկել եւ քիչ մը աւելի լաւ էին պաշտպանողականին կողմէ, նոյն ժամանակ աւելի դիպուկ հարուածներով կրցան 5 կէտի ալ բարձրացնել տարբերութիւնը` 63-58:

Վերջին մասին Ռիատի վերադարձաւ եւ փակեց տարբերութիւնը` 79-79 արդիւնքով հաւասարելով: Վերջին 1 վայրկեան 43 երկվայրկեանին, մեր տղաքը 77-70 արդիւնքով կը յաղթէին, երբ քիչ մը «կորսուեցան»` առիթ տալով Ռիատիի, որ համակիրներուն ճնշումին տակ բաւական ճնշեն մեր տղոց վրայ, մինչ իրաւարարն ալ դեր ունէր Ճեքսընի 5-րդ ֆաուլին մէջ, որ անարդար կը թուէր: Ճեքսըն 20 կէտով աւարտեց մրցումը եւ 7 ռիպաունտ ձեռք ձգեց:

5 յաւելեալ վայրկեաններ, եւ կրկին չնչին առաւելութիւն եւ հաւասարութիւն… 88-88: Երկրորդ երկարաձգում եւ արդէն ջիղերը աւելի պրկուած էին: Այս անգամ Ժերար Հատիտեան, որ 22 կէտ եւ 8 ռիպաունտ ձեռք ձգած էր, կատարեց իր 5-րդ ֆաուլը: Ռիատիէն Ամիր Սաուտ իր կարգին 5 ֆաուլեր կատարելով դուրս ելաւ դաշտէն, եւ Ուոլթըր Հոճ յամառ փորձով մտաւ Ռիատիի կողովին տակ եւ օդէն նետեց գնդակը` նշանակելով ՀՄԸՄ-ի 98-րդ կէտը…. Ռիատի փորձեց մնացեալ ժամանակին (12,3 երկվայրկեան) յարձակիլ, մեր տղաքը լաւ պաշտպանեցին, Թանիոս Աքիքի առիթ չտուաւ գնդակ հարուածելու, եւ միասնաբար պաշտպանեցին եւ արգիլեցին մրցակիցը, որ հարուածէ դէպի կողով: Այսպիսով, 6 տարի ետք, ՀՄԸՄ յաղթական վերադարձաւ Մանարայի դաշտէն:

Ժերար Հատիտեան 22 կէտ նշանակեց, Տուէյն Ճեքսըն աւելցուց 20 կէտ, մինչ Ճիմի Սալեմ 16 կէտ եւ 7 ռիպաունտ ձեռք ձգեց: Կերի Չիւիչեան 13 կէտ եւ 4 ռիպաունտ ձեռք ձգեց, Ուոլթըր Հոճ 10 կէտ նշանակեց, Ժատ Խալիլ 15 կէտ եւ 5 ռիպաունտ ձեռք ձգեց, մինչ խումբին 3-րդ օտարը` Ռաֆայէլ Փութնի 2 կէտ եւ 3 ռիպաունտ ձեռք ձգեց: Էսիսթներու գծով 6-ական էսիսթ կատարեցին Ժատ Խալիլ եւ Ուոլթըր Հոճ, մինչ Ճեքսըն 4 էսիսթ ձեռք ձգեց:

Այս յաղթանակէն ետք, մեր տղաքը շատ լաւ դիրքի վրայ են, եւ եթէ նայինք, թէ աս երիտասարդ խումբը, որ 6-րդ մրցումը կը կատարէ իրարու հետ ընդդէմ Ռիատիի, որ աւելի քան 5 տարի գրեթէ նոյն մարզիկները պահած է. շատ լաւ արդիւնք կը նկատուի: Օրէ օր տղաքը աւելի լաւ կը հասկնան զիրար եւ մրցումէ մրցում աւելի փորձառութիւն ձեռք կը ձգեն: Քննադատողներուն համար միշտ գանգատ կայ, բայց այժմ պէտք է ուրախ ըլլանք արդիւնքով, մինչեւ յաջորդ մրցում` Պէյրութի դէմ, 9 դեկտեմբերին:

Նախորդը

Լիբանանի Պասքեթպոլ. Այսօր` ՀՄԸՄ Անթիլիաս – Մըթայլեպ

Յաջորդը

Ամերիկեան Դիւանագիտութեան Տիտան Հենրի Քիսինճըր Մահացաւ

RelatedPosts

Ուասլ.  Սաժես Յաղթեց Արապիի (90-85)
Մարզական

Ուասլ. Սաժես Յաղթեց Արապիի (90-85)

October 3, 2026
Դ. Դասակարգի Ախոյեանութիւն.  Վաղը` ՀՄԸՄ Պէյրութ Նասր Քամեր Լոզ
Մարզական

Դ. Դասակարգի Տիտղոսի Մրցում` ՀՄԸՄ Պէյրութ – Շապապ Պըրժ

October 3, 2026
«Սփարք Լիկ».  Վաղը` ՀՄԸՄ – Ֆինիքս
Մարզական

«Սփարք Լիկ». Վաղը` ՀՄԸՄ – Ֆինիքս

October 3, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.