ՄԱԿ-ի Ընդհանուր ժողովը որդեգրեց որոշում մը, որ Իսրայէլին կոչ կ՛ուղղէ` հեռանալու 1967-ին իր գրաւած Սուրիոյ Կոլանի շրջանէն:
Որոշումը որդեգրուեցաւ 91 թեր, 8 դէմ եւ 62 ձեռնպահ քուէներով:
Որոշումը կը նշէ, թէ ՄԱԿ-ի անդամները «մեծապէս մտահոգ են Իսրայէլի չհեռանալովը 1967-էն ի վեր իր գրաւած Կոլանէն` հակասելով ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի եւ Ընդհանուր ժողովի առնչակից որոշումներուն»:


