Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Էնթընի Պլինքըն յայտարարած է, որ ոչ մէկ երկրի պիտի արտօնուի ուժով սահմաններ վերագծել: Այս մասին հաղորդեց «Ժազիրա» արբանեակային պատկերասփիւռի կայանը:
«Բոլորիս համար գրաւները յստակ են. մենք պէտք է յստակ ուղերձ յղենք` ոչ մէկ երկրի պիտի արտօնուի ուժով սահմանները վերագծել», ըսած է Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարը` խօսելով Ուքրանիոյ մասին:
Պլինքըն նկատած է, որ ոմանք հարցականի տակ կ՛առնեն, թէ արդեօք Արեւմուտքը «պէ՞տք է շարունակէ Ուքրանիոյ կողքին մնալ»:
«Այսօր այստեղ` ՕԹԱՆ-ի մէջ, պատասխանը յստակ է եւ անսասան: Մենք պէտք է աջակցինք եւ պիտի շարունակենք աջակցիլ Ուքրանիոյ: Այսօր կենսական է ապահովել, որ Ռուսիոյ յարձակողական պատերազմը մնայ իբրեւ ռազմավարական ձախողութիւն», Պրիւքսելի մէջ ՕԹԱՆ-ի անդամ երկիրներու արտաքին գործոց նախարարներու ժողովի ընթացքին ըսած է Պլինքըն:
Ան նշած է, որ Ռուսիոյ կողմէ օգտագործուող յարձակողական անօդաչու թռչող սարքերու մեծ մասը արտադրուած եւ մատակարարուած է Իրանի կողմէ` աւելցնելով, որ Հիւսիսային Քորէան Մոսկուային զէնք կը մատակարարէ:


