Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Մարք Լիպպի` Ազրպէյճանի Մէջ Միացեալ Նահանգներու Նոր Դեսպան

November 27, 2023
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Միացեալ Նահանգներու Ծերակոյտը քուէարկութեամբ հաստատած է Մարք Լիպպիի` Ազրպէյճանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպանի պաշտօնին թեկնածութիւնը: Այս մասին հաղորդեց Ծերակոյտը իր «Էսք»-ի պաշտօնական էջին վրայ:

Այս տարուան յուլիսին Միացեալ Նահանգներու Ծերակոյտի արտաքին յարաբերութիւններու յանձնախումբը հաւանութիւն տուած էր Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտընի կողմէ առաջադրուած Լիպպիի թեկնածութեան:

Ներկայ դեսպան Ըրլ Լիցընպըրկըրի պաշտօնավարման ժամկէտը աւարտած է 2022 թուականի յուլիսին եւ արդէն մէկ տարիէ աւելի է այդ պաշտօնը թափուր էր:

Լիպպի երկարամեայ դիւանագէտ է: Ան աշխատած է Պրիւքսելի մէջ իբրեւ Եւրոպական Միութեան մէջ Միացեալ Նահանգներու առաքելութեան ղեկավարի օգնական եւ գործերու ժամանակաւոր հաւատարմատար, խորհրդական եղած է նաեւ Վարշաւայի, Նասաուի, Նիկոսիոյ եւ Պաղտատի ամերիկեան դեսպանատուներուն մէջ, բարձր պաշտօններ վարած է Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան մէջ: Ան առաջին անգամ կը նշանակուի դեսպանի պաշտօնին:

Միացեալ Նահանգներու Ծերակոյտի արտաքին յարաբերութիւններու յանձնախումբին մէջ յունիսին կայացած լսումներու ժամանակ, անդրադառնալով Արցախի խնդիրին, ան յայտարարած էր` «հաստատուելու պարագային պիտի շարունակեմ Միացեալ Նահանգներու ջանքերը` ուղղուած խաղաղութեան համաձայնութեան»:

Ան ըսած էր, որ Երեւանն ու Պաքուն այժմ աւելի քան երբեք մօտ են խաղաղութեան շուրջ համաձայնութեան: Անոր համոզումով` կայուն եւ արժանապատիւ խաղաղութեան համար կենսական նշանակութիւն ունի թէ՛ տարածքային ամբողջականութեան, գերիշխանութեան, թէ՛ ալ շրջանի, ներառեալ Լեռնային Ղարաբաղի բնակչութեան իրաւունքներու եւ անվտանգութեան հարցի լուծումը:

«Այս տագնապը չունի զինուորական լուծում, եւ Միացեալ Նահանգներ պէտք է շարունակեն դատապարտել բռնութիւնը կամ բռնութեան սպառնալիքները: Սակայն, Միացեալ Նահանգներու եւ մեր եւրոպացի գործընկերներուն օգնութեամբ կողմերը աւելի քան երբեւէ մօտ են համաձայնութեան հասնելուն, եւ եթէ զիս հաստատեն, ես կը պարտաւորուիմ այս հարցին մէջ օգնելու անոնց` Պաքուի մէջ աշխուժ եւ յամառ աշխատանքով», ըսած էր ան:

 

Նախորդը

Համասի Եւ Իսրայէլի Միջեւ Գերիներու Փոխանակումը 3-րդ Օրն Ըլլալով Շարունակուեցաւ

Յաջորդը

Սեպտեմբերին Արցախի Մէջ Զոհուած Ռուս Խաղաղապահներուն Նուիրուած Յուշարձանի Բացում Կատարուած Է

RelatedPosts

Եւրոպական Երկիրները Պատրաստակամութիւն  Յայտնած Են Աջակցելու Հայաստանի Տնտեսական  Եւ Ուժանիւթային Անկախութեան
Գլխաւոր լուրեր

Եւրոպական Երկիրները Պատրաստակամութիւն Յայտնած Են Աջակցելու Հայաստանի Տնտեսական Եւ Ուժանիւթային Անկախութեան

November 14, 2026
Փաշինեան Եւ Ալիեւ Տապլինի Մէջ Միտքեր  Փոխանակեցին Խաղաղութեան  Օրակարգի Յառաջմղման Շուրջ
Հայկական

Փաշինեան Եւ Ալիեւ Տապլինի Մէջ Միտքեր Փոխանակեցին Խաղաղութեան Օրակարգի Յառաջմղման Շուրջ

November 14, 2026
Պաքու «Բարբարոսութիւն» Նկատեց Երեւանի  Կապոյտ Մզկիթի Դահլիճը Եղիշէ Չարենցի  Անունով Կոչելու Որոշումը
Հայկական

Պաքու «Բարբարոսութիւն» Նկատեց Երեւանի Կապոյտ Մզկիթի Դահլիճը Եղիշէ Չարենցի Անունով Կոչելու Որոշումը

November 14, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.