Արցախի մէջ ռուսական խաղաղապահ զօրակազմի տեղակայման տարածքին մէջ ռուս խաղաղապահի օրուան առիթով բացուած է 20 սեպտեմբեր 2023-ին զոհուած ռուս խաղաղապահներու յիշատակին նուիրուած յուշարձան:
Յիշեցնենք, որ 20 սեպտեմբերին Ռուսիոյ պաշտպանութեան նախարարութիւնը յայտնեց, որ Արցախի Ճանկաթաղ բնակավայրի շրջանին մէջ Ռուսիոյ խաղաղապահները տեղափոխող մեքենայ մը գնդակոծութեան ենթարկուած է, այդ պատճառով ալ մահացած են ինքնաշարժին մէջ գտնուող ռուս զինուորները:
Աւելի ուշ ի յայտ եկաւ, որ զոհուած 5 խաղաղապահներու շարքին եղած է Արցախի մէջ ռուսական խաղաղապահ զօրակազմի հրամանատարի տեղակալ, առաջին կարգի քափիթեն, 52 տարեկան Իւան Քովկան: