Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Էն. Պի. Էյ.» Պոսթըն Եւ Տալաս Կարեւոր Յաղթանակներ Արձանագրեցին

November 24, 2023
| Մարզական
0
Share on FacebookShare on Twitter

«Էն. Պի. Էյ.»-ի մրցումները շարունակուեցան երէկ, եւ Պոսթըն Սելթիքս շարունակեց իր յաջող ընթացքը` 119-116 արդիւնքով պարտութեան մատնելով արեւելեան շրջանի իր մրցակիցներէն Միլուոքի Պաքսը:

Հակառակ հիւանդ ըլլալուն, Ճէյսըն Թէյթըմ իր կարելին ըրաւ, առնուազն քիչ մը ուշացնելով յոյն մրցակից Եանիս Անթեթոքումփոն:

Թէյթըմ նշանակեց 23 կէտ եւ ձեռք ձգեց 11 ռիպաունտ, մինչ Ճէյլըն Պրաուն (26 կէտ եւ 8 էսիսթ) եւ Քրիսթափս Փորզինկիս (21 կէտ) օգնեցին Սելթիքսին, որ մրցումի առաջին կիսուն 21 կէտի առաւելութիւն մը ձեռք ձգէ: 10 կէտէ աւելի առաւելութիւնը պահելէ ետք, վերջին 2 վայրկեաններուն Միլուոքի մօտեցաւ մինչեւ 114-111, բայց Թէյթըմի 3 կէտերը վերջին 21 երկվայրկեաններուն յաղթանակը ապահովեց Պոսթընին, որ պահեց արեւելեան շրջանի թիւ 1 դիրքը, մինչ Պաքս մնաց 2-րդ դիրքին վրայ:

Անթեթոքումփօ վերջին երկու մրցումներուն առնուազն 40 կէտ նշանակելէ ետք երէկ 21 կէտ նշանակեց: Պրուք Լոփես (28 կէտ) եւ Տեմիըն Լիլըրտ (27 կէտ) եղան Միլուոքի Պաքսի լաւագոյն կէտ նշանակողները:

Այլ հետաքրքրական խաղի մը, Լոս Անճելըսի մէջ, տեղւոյն Լէյքըրզը 104-101 արդիւնքով տեղի տուաւ Տալաս Մեւրիքսի դէմ մրցումին:

Տալաս մրցումի սկիզբէն ճնշեց Լէյքըրզի վրայ եւ մինչեւ 20 կէտի առաւելութիւն ալ ձեռք ձգեց, բայց Լէյքըրզ 4-րդ մասին փոխադարձեց եւ պահ մըն ալ յառաջացաւ, բայց Քայրի Ըրվինկի վերջին 5 կէտերը վճռական էին, ինչպէս նաեւ Տոնչիչի պլոքը: Լըպրոն Ճէյմս առիթ ունէր 3 կէտնոց կողով մը նշանակելու` հաւասարեցնելու արդիւնքը վերջին երկվայրկեանին, սակայն գնդակը քիչ մը շեղ էր:

Լուքա Տոնչիչ նշանակեց 30 կէտ` ձեռք ձգելով 12 ռիպաունտ, մինչ Քայրի Ըրվինկ նշանակեց 28 կէտ ի նպաստ Տալասի, որ արձանագրեց իր 10-րդ յաղթանակը 15 մրցումներու ընթացքին:

Լըպրոն Ճէյմս 26 կէտ նշանակեց եւ 9 ռիպաունտ ձեռք ձգեց, իսկ Անթոնի Տէյվիս 10 կէտ նշանակեց եւ 13 ռիպաունտ ձեռք ձգեց ի նպաստ Լէյքըրզի, որ 7-րդ պարտութիւնը կրեց 16 մրցումներու ընթացքին:

Արիզոնայի մէջ, Ֆէօնիքս Սանզ 123-115 արդիւնքով պարտութեան մատնեց Կոլտըն Սթէյթ Ուորիըրզը:

Քեւըն Տիւրենթ 32 կէտ նշանակեց` ձեռք ձգելով 8 ռիպաունտ, մինչ Տեւըն Պուքըր 25 կէտ, 10 էսիսթ եւ 8 ռիպաունտ ձեռք ձգեց ի նպաստ Ֆէօնիքսի, որ վերջերս լաւ վիճակի մէջ կը գտնուի:

Կոլտըն Սթէյթ, որուն հիմնական ուժը 3 կէտն է, միայն 31 տոկոս կրցաւ նշանակել: Սթեֆ Քըրի 16 կէտ կրցաւ նշանակել, մինչ Քլէյ Թոմսըն 23 կէտ աւելցուց ի նպաստ Ուորիըրզի, որ 5-րդ պարտութիւնը կրեց 16 մրցումներու ընթացքին:

Ստորեւ` վերջին 2 օրերու արդիւնքները.

ՉՈՐԵՔՇԱԲԹԻ

Օրլանտօ Մեճիք – Թորոնթօ Ռեփթըրզ 126-107
Ֆիլատելֆիա 76-ըրզ – Քլիվլենտ Քեւելիրզ 119-122
Աթլանթա Հոքս – Ինտիանա Փէյսըրզ 152-157
Ֆէօնիքս Սանզ – Փորթլենտ Թրէյլ Պլէյզըրզ 120-107
Լոս Անճելըս Լէյքըրզ – Եութա Ճեզ 131-99

ԵՐԷԿ

Չարլոթ Հորնեթց – Ուաշինկթըն Ուիզըրտծ 117-114
Օրլանտօ Մեճիք – Տենվըր Նակեթց 124-119
Ինտիանա Փէյսըրզ – Թորոնթօ Ռեփթըրզ 131-132
Քլիվլենտ Քեւելիրզ – Մայեմի Հիթ 96-129
Պոսթըն Սելթիքս – Միլուոքի Պաքս 119-116
Աթլանթա Հոքս – Պրուքլին Նեթց 147-145
Սան Անթոնիօ Սփըրզ – Լոս Անճելըս Քլիփըրզ 102-109
Օքլահոմա Սիթի Թանտըր – Շիքակօ Պուլզ 116-102
Նիւ Օրլինզ Փելիքընզ – Սաքրամենթօ Քինկզ 117-112
Մինեսոթա Թիմպըրվուլվզ – Ֆիլատելֆիա 76-ըրզ 112-99
Հիւսթըն Ռոքեթց – Մեմֆիս Կրիզլիզ 111-91
Փորթլենտ Թրէյլ Պլէյզըրզ – Եութա Ճեզ 121-105
Ֆէոնիքս Սանզ – Կոլտըն Սթէյթ Ուորիըրզ 123-115
Լոս Անճելըս Լէյքըրզ – Տալաս Մեւրիքս 101-104

 

Նախորդը

Պայերն Միւնիխ Կը Մտածէ Ձգել Վարանը, Իսկ Եունայթըտ` Կրիզմանը

Յաջորդը

Ծանրաբարձութիւն. Գարիկ Կարապետեան 20 Տարեկանէն Վար Աշխարհի Ախոյեան

RelatedPosts

Դ. Դասակարգի Ախոյեանութիւն.  ՀՄԸՄ Պէյրութ Կը Սուրայ Դէպի Գ. Դասակարգ
Մարզական

Դ. Դասակարգի Ախոյեանութիւն. ՀՄԸՄ Պէյրութ Կը Սուրայ Դէպի Գ. Դասակարգ

September 16, 2026
«Եուրոփա Լիկ».  Այսօր` Արարատ Արմենիա – Սփարթա Փրակա
Մարզական

«Եուրոփա Լիկ». Այսօր` Արարատ Արմենիա – Սփարթա Փրակա

September 16, 2026
Յովհաննէս Գաբրիէլեան Առանց Դադարի  Սեւանայ Լիճը Կտրեց Ամբողջ Երկայնքով
Մարզական

Յովհաննէս Գաբրիէլեան Առանց Դադարի Սեւանայ Լիճը Կտրեց Ամբողջ Երկայնքով

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.