Պաքուն հրաժարած է Ուաշինկթընի մէջ Ազրպէյճանի եւ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարներու հանդիպումէն: Այս մասին յայտնած է Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը: «Թրենտ» կը հաղորդէ, որ պատճառը «Միացեալ Նահանգներու միակողմանի մօտեցումն է», ինչ որ, ըստ Պաքուի, կրնայ պատճառ դառնալ, որ Միացեալ Նահանգներ կորսնցնեն միջնորդի իրենց դերը:
Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը, մեկնաբանելով Ներկայացուցիչներու տան արտաքին յարաբերութիւններու յանձնախումբի Եւրոպայի հարցերով ենթայանձնախումբին մէջ լսումներու ժամանակ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարի օգնական Ճէյմս Օ՛Պրայընի կատարած յայտարարութիւնները, կը յայտնէ. «Կարեւոր է նշել, որ այս պայմաններուն մէջ մենք կարելի չենք նկատեր 20 նոյեմբեր 2023-ին Ուաշինկթընի մէջ Ազրպէյճանի եւ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարներու մակարդակով հանդիպում կատարելը»:


