Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Զախարովա. «Երեւանը Կը Ձեռնարկէ Քայլերու, Որոնք Չեն Համապատասխաներ Մոսկուայի Հետ Համաձայնութիւններուն»

Նոյեմբեր 17, 2023
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Երեւանը վերջին շրջանին կը ձեռնարկէ քայլերու, որոնք չեն համապատասխաներ Մոսկուայի հետ նախապէս ձեռք բերուած համաձայնութիւններուն: Այս մասին յայտարարած է Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մարիա Զախարովա:

«Ի հարկէ, մենք նոյն ձեւով պիտի արձագանգենք անոնց», ըսած է ան` առանց նշելու, թէ խօսքը ճիշդ ո՛ր քայլերուն մասին է:

Բայց եւ այնպէս, ըստ Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան բանբերին, Ռուսիան եւ Հայաստանը կը շարունակեն աշխուժ հաղորդակցութիւնները երկկողմանի յարաբերութիւններու հարցերու շուրջ:

Մոսկուայի ներկայացուցիչը նաեւ յայտարարած է, որ Հայաստանի ղեկավարութեան արեւմտեան «ընկերները» կ՛ականահարեն դրական ամէն բան, որոնց կարելի եղած է հասնիլ հայ-ազրպէյճանական յարաբերութիւններու կարգաւորման հոլովոյթին մէջ:

«Երկկողմանի խորհրդակցութիւններու ընթացքին ռուսական կողմը ներկայացուցած է համապատասխան առաջարկներ` առանց Հռոմի կանոնադրութեան վաւերացման Միջազգային քրէական դատարանի մեքանիզմներու կիրարկման ուղիով ընթանալու համար: Կարեւորագոյնը այն է, որ նման գործելաոճ կայ: Ցաւօք, մեր առաջարկած փոխզիջումնային լուծումները անտեսուեցան` հակառակ բոլոր նախազգուշացումներուն, յատկապէս Միջազգային քրէական դատարանին միջոցով Արեւմուտքի կողմէ շղթայազերծուած հակառուսական քաղաքականութեան լոյսին տակ: Երեւանը, զուտ քաղաքական դրդապատճառներով, այնուամենայնիւ, որոշեց վաւերացնել Հռոմի կանոնադրութիւնը», ըսած է Զախարովա:

Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան բանբերը աւելցուցած է, որ եթէ Երեւանի մէջ կը շարունակեն շահագրգռուած մնալ «իրենց իսկ ձեռքով» ստեղծուած խնդիրներու լուծումով, ապա ռուսական կողմին կարծիքով` «ատոր կարելիութիւնները կան Հայաստանի իրաւական համակարգի ծիրին մէջ»:

«Հայաստանը, գործելով Միացեալ Նահանգներու եւ Եւրոպական Միութեան յուշումներով, եռակողմ համաձայնագիրներու ծիրէն դուրս, մեր կարծիքով, կը յայտնուի շրջանային հաղորդակցութիւններու ապագայ ցանցէն կտրուելու վտանգին առջեւ: Շատ պարագաներու Միացեալ Նահանգներն ու Եւրոպական Միութիւնը հանդէս եկած են իբրեւ երաշխաւոր», ըսած է Մարիա Զախարովա:

Ան յայտարարած է, որ Մոսկուան «Զանգեզուրի միջանցք» եզրը չ՛օգտագործեր: «Շրջանի այս հատուածին համար կը կիրարկենք Ազրպէյճանէն Հայաստանի Հանրապետութեան Սիւնիքի մարզով Նախիջեւան տանող երթուղիներ եզրը», ըսած է ան` արձագանգելով Երեւանին:

«Ես պարզապէս չեմ կրնար նոյնիսկ պատկերացնել, թէ ինչի՛ մասին անոնք կը խօսին, երբ կ՛օգտագործեն ճնշում բառը: Ո՞վ որու վրայ ճնշում կը գործադրէ», ըսած է ան` աւելցնելով, որ Ռուսիան հանդէս կու գայ ոչ թէ որեւէ որոշակի երթուղիի ստեղծման համար, այլ Հարաւային Կովկասի մէջ տնտեսական եւ փոխադրամիջոցային հաղորդակցութիւններու ամբողջական ապաշրջափակման կողմնակից է:

«Երբեք խօսք չէ եղած արտատարածքային միջանցքներ ստեղծելու մասին, եւ ատիկա լաւ ծանօթ է նաեւ հայկական կողմին: Եռակողմ աշխատանքային խումբը կը գործէ Ռուսիոյ, Ազրպէյճանի եւ Հայաստանի ղեկավարներուն միջեւ 9 նոյեմբեր 2020-ի եւ 11 յունուար 2021-ի համաձայնութիւններուն հիման վրայ: Այնտեղ մշակուած է Ռուսիոյ Անվտանգութեան դաշնակցային ծառայութեան սահմանապահ ծառայութեան դերը Ազրպէյճանի եւ Նախիջեւանի միջեւ փոխադրամիջոցային հաղորդակցութիւններու վերահսկման գործին մէջ: Ճիշդ այս մանրամասն քննարկուած է մամլոյ ասուլիսի ընթացքին: Երեւանի համար այս ամէնը նորութիւն չէ», ըսած է Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան ներկայացուցիչը:

Ան նաեւ անհրաժեշտ նկատած է շեշտել. «Ռուս սահմանապահները երկար տարիներէ ի վեր յաջողութեամբ կը պահպանեն Հայաստանի սահմանները Իրանի եւ Թուրքիոյ հետ երկկողմանի համաձայնութիւններու հիման վրայ»:

Զախարովա նաեւ յայտարարած է. «Ռուսիան ամէն ձեւով կ՛աջակցի հայերու Լեռնային Ղարաբաղ վերադարձի հոլովոյթին: Ատիկա սկզբունքային նշանակութիւն ունի Պաքուի եւ Երեւանի հաշտեցման համար»:

«Մենք կ՛ողջունենք Ազրպէյճանի նախագահի աշխատակազմի բարձրաստիճան ներկայացուցիչին վերջին յայտարարութիւնը Ղարաբաղ վերադառնալ ուզող հայերու իրաւունքներու, անվտանգութեան եւ տնտեսական բարեկեցութեան երաշխիքներուն մասին: Կը կարծեմ` ասիկա շատ կարեւոր է: Մենք ամէն ձեւով պիտի նպաստենք այս հոլովոյթին, որ հիմնարար նշանակութիւն ունի Երեւանի եւ Պաքուի հաշտեցման համար, ներառեալ ռուս խաղաղապահներու միջոցով», ըսած է Զախարովա:

 

 

Նախորդը

Թուրքիան Մէկ Տարիով Երկարաձգեց Ակնայի Հսկողութեան Կեդրոնի Իր Զինուորներու Լիազօրութիւնը

Յաջորդը

Պաքու Կը Հրաժարի Ուաշինկթընի Մէջ 20 Նոյեմբերի Հանդիպումէն

RelatedPosts

«Եւրոպական Միութիւնը Հայաստանը Կը Դիտարկէ  Իբրեւ Վստահելի Եւ Արժանահաւատ Գործընկեր»  Կ՛ըսէ Եւրոպական Յանձնաժողովի Ներկայացուցիչը
Հայկական

«Եւրոպական Միութիւնը Հայաստանը Կը Դիտարկէ Իբրեւ Վստահելի Եւ Արժանահաւատ Գործընկեր» Կ՛ըսէ Եւրոպական Յանձնաժողովի Ներկայացուցիչը

Մայիս 14, 2025
Լանտաու. «Ամերիկեան Վարչակազմի Նպատակն Է Ազրպէյճանի Եւ Հայաստանի Միջեւ Խաղաղութեան Հետամուտ Ըլլալ»
Հայկական

Լանտաու. «Ամերիկեան Վարչակազմի Նպատակն Է Ազրպէյճանի Եւ Հայաստանի Միջեւ Խաղաղութեան Հետամուտ Ըլլալ»

Մայիս 13, 2025
«Շուշի. Վերադարձ Լինելու Է» Խորագիրով  Ձեռնարկ` Նուիրուած Շուշիի Ազատագրութեան Օրուան
Գլխաւոր լուրեր

«Շուշի. Վերադարձ Լինելու Է» Խորագիրով Ձեռնարկ` Նուիրուած Շուշիի Ազատագրութեան Օրուան

Մայիս 10, 2025

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?