Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Չափի Տեսութիւնը

November 17, 2023
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՅԱԿՈԲ ԼԱՏՈՅԵԱՆ 

Ընդհանրապէս մեր կեանքի զանազան բնագաւառներուն մէջ ժողովներու ընթացքին, մանաւանդ` առաջարկներու գլխուն տակ, երբեմն ակնկալութիւններու պահանջով մեր չափը կը կորսնցնենք:

Այս կամ այն միութենէն, վարչութենէն, կազմակերպութենէն այնպիսի ակնկալութիւններ կ՛ըլլան եւ առաջարկներ կը ներկայացուին, որ ժողովէն ետք նորընտիր կազմը, երբ թուղթի վրայ արձանագրուած որոշումները կարդայ, կը սկսի հարց տալ, թէ պէ՞տք է գործադրել այս կամ այն որոշումը:

Իսկապէս կը զարմանամ երբեմն, երբ փորձառու եւ հասուն միութենական մը գիտակցաբար կը սկսի ժողովի ընթացքին բանաձեւել առաջարկներ, որոնք բոլորովին անիրական եւ անիրականանալի են, բայց կը դրուին, կը ներկայացուին, կ՛արձանագրուին, երբեմն ալ լաւ տպաւորութիւն կը ձգեն…

Մեր օրերուն, ընկերային ցանցերու ազատ ու համարձակ գրառումները մէկ կողմէ եւ աւանդական կառոյցներու բոլոր մակարդակներով նօսրացած ու խարխափումները միւս կողմէ, պատճառ կը դառնան, որ դժբախտաբար ամէն բանի չափը կորսնցնենք:

Կարեւոր է, որ ամէն մարդ իր չափն ու կարողութիւնը գիտնայ: Ամէն մարդ արդար ու անկեղծ գտնուի նախ իր անձին, եւ երկրորդ` շրջապատին մէջ եղած լաւ ու վատ երեւոյթներուն հանդէպ:

Կախարդական գաւազան չկայ, ոչ ալ վաղը առտու կրնանք արթննալ եւ ամէն բան փոխուած կրնանք տեսնել:

Սակայն անհրաժեշտ է եւ անյետաձգելի` մեր չափը գիտնալը: Գիտնալու համար ալ անհրաժեշտ է մեր ուժերու կարողականութեան բիւրեղացումը:

Պէտք է հաստատենք եւ հաստատած ենք բազմիցս, որ այս գաղութը թէեւ իր թիւով այլեւս մեծ գաղութներու շարքին չի գտնուիր, բայց իր կարողականութեամբ, ներուժով եւ փորձառութեամբ տակաւին ընելիք եւ տալիք ունի ինքնիրեն եւ բոլորին:

Մեծամտութիւն չէ: Իրապաշտ արժեւորում է:

Բնականօրէն հայ մեծնալու, հայօրէն արտայայտուելու, հայ մտաւորական պատրաստելու, հայ հոգեւորական եւ մշակոյթի գործիչ կերտելու, լիբանանեան սահմանադրութեամբ համայնքի մը ամբողջական իրաւունքները վայելելու առիթը ունինք:

Կը պակսի երկու բան` անկեղծանալ եւ հանդուրժել:

Այս երկուքին մէջ խտացած են բոլոր հարցերը, բոլորիս բարդոյթները, եւ այս մէկը պէտք է այսօր իսկ, վաղուընէ առաջ, որպէսզի ոչ թէ փրկենք այսօրուան մեր վիճակը, այլ որպէսզի կերտենք աւելի պայծառ եւ օգտակար ապագայ մը:

 

 

 

 

Նախորդը

Խմբագրական «Գանձասար»-ի. Զօրավիգ Կանգնիլ Արցախահայութեան

Յաջորդը

Մէկ Եւ Նոյն Ազգի Լինելութեան Հրամայականները

RelatedPosts

«Հոգեւոր Կեանքի Վերանորոգումի Տարի».  «Լեցուն Կեանք»
Անդրադարձ

«Հոգեւոր Կեանքի Վերանորոգումի Տարի». «Լեցուն Կեանք»

February 2, 2026
Եւրոպական Միութեան Տարածաշրջանային Քաղաքականութիւնը Եւ Հայաստանը (Ա. Մաս)
Անդրադարձ

Եւրոպական Միութեան Տարածաշրջանային Քաղաքականութիւնը Եւ Հայաստանը (Ա. Մաս)

February 2, 2026
Վազգէն Ա. Վեհափառ (ԽԴ.) «Է»-ն Իբրեւ Ազգային Խորհրդանշան
Անդրադարձ

Վազգէն Ա. Վեհափառ (ԽԴ.) «Է»-ն Իբրեւ Ազգային Խորհրդանշան

February 2, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.