Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Թենիս. Սթեֆանոս Ցիցիփաս Քաշուեցաւ. Ռունէ` Յաղթական

November 15, 2023
| Մարզական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Երէկ մասթըրզի մրցաշարքը շարունակուեցաւ, եւ կանաչ խմբակին մէջ դանիացի Հոլկըր Ռունէ (թիւ 8), որ կը մրցէր յոյն Սթեֆանոս Ցիցիփասի դէմ, առաջին սեթին 2 – 1 արդիւնքով կը յաղթէր, երբ յոյն թենիսմենը կռնակի ցաւէն տառապելով որոշեց քաշուիլ մրցումէն եւ մրցաշարքէն:

Ան պիտի փոխարինուի Հուպըրթ Հուրքաչով (Լեհաստան), որ 1 մրցում պիտի կատարէ թիւ 1 Նովաք Ճոքովիչի դէմ:

Ռունէ 1-1 մրցումներու արդիւնք մը ունի այժմ, մինչ Ցիցիփաս` 0-2: «Ներում կը հայցեմ բոլոր անոնցմէ, որոնք եկան այսօր քաջալերելու զիս եւ դիտելու մրցումս: Շատ փորձեցի ցաւիս վրայ շարունակել, բայց գրեթէ անկարող էի: Ցաւալի էր, որ այլ թենիսմեն մըն ալ պիտի չկարենայ օգտուիլ ինծի փոխարինելով», ըսաւ դժբախտ եւ տխուր Ցիցիփաս:

Կարմիր խմբակին մէջ, «զուտ ռուսական մրցումի մը», Տանիիլ Մետվետեւ (թիւ 3) 6-4  եւ 6-2 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրեց Անտրէ Ռուպլեւի (թիւ 5) վրայ: Մետվետեւ, որ վերջերս լաւ վիճակի մէջ չէր, նահանջ արձանագրած էր մակարդակի առումով եւ դուրս մնացած Փարիզի եւ Շանկհայի մրցաշարքերու կանուխ հանգրուաններէն, կրցաւ տիրապետել իր բարեկամին վրայ, շնորհիւ արագ հարուածներուն եւ դաշտին վրայ արագ տեղ փոխելուն: Ռուպլեւ, որ Մետվետեւի աղջկան կնքահայրն է, չկրցաւ պատասխանել Տանիիլի հարուածներուն եւ ի վերջոյ տեղի տուաւ 2-րդ սեթին:

Նախորդը

Կրիզմանը` «Չեմփիընզ Լիկ»-ի 4-րդ Շաբթուան Լաւագոյն Մարզիկը

Յաջորդը

Փինկ Փոնկ. Արեւմտեան Ասիոյ Վեթերաններու Մրցաշարքին Փայլեցան ՀՄԸՄ-ի Նախկին Մարզիկները

RelatedPosts

Դ. Դասակարգի Ախոյեանութիւն.  ՀՄԸՄ Պէյրութ Կը Սուրայ Դէպի Գ. Դասակարգ
Մարզական

Դ. Դասակարգի Ախոյեանութիւն. ՀՄԸՄ Պէյրութ Կը Սուրայ Դէպի Գ. Դասակարգ

September 16, 2026
«Եուրոփա Լիկ».  Այսօր` Արարատ Արմենիա – Սփարթա Փրակա
Մարզական

«Եուրոփա Լիկ». Այսօր` Արարատ Արմենիա – Սփարթա Փրակա

September 16, 2026
Յովհաննէս Գաբրիէլեան Առանց Դադարի  Սեւանայ Լիճը Կտրեց Ամբողջ Երկայնքով
Մարզական

Յովհաննէս Գաբրիէլեան Առանց Դադարի Սեւանայ Լիճը Կտրեց Ամբողջ Երկայնքով

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.