Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Վարձքդ Կատա՛ր

November 8, 2023
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՅԱԿՈԲ ԼԱՏՈՅԵԱՆ

Լիբանանահայ թատերական կեանքը անցնող շաբաթավերջին կորսնցուց իր ներկայացուցչական դէմքերէն  մէկը: 1970-ական թուականներէն մինչեւ 1990-ականներուն վերջերը շարունակական ձեւով եւ տարբեր թատերական ներկայացումով լիբանանահայ թատերական կեանքը հարստացնող, գունաւորող, երիտասարդականացնող, համարձակ եւ ինքնուրոյն ոճով բեմադրութիւններով արուեստ կերտող Զոհրապ Եագուպեանը ոչ եւս է:

Այդ օրերուն դժուար էր լիբանանահայ թատերական դասական հսկաները ճեղքելով` նոր երիտասարդական թատրոն մը հիմնել:

Ժորժ Սարգսեանի, Վարուժան Խտըշեանի եւ Պերճ Ֆազլեանի նման հսկաներուն օրերուն, եթէ լիբանանահայ թատրոնը իր ոսկի շրջանը կ՛ապրէր, Զոհրապ Եագուպեանը կրցաւ իր «Վահագն»-ով մանաւանդ, ճեղքել հսկաները եւ բանալ իր ինքնուրոյն գիծը` շնչող, ոչ դասական, երիտասարդական եւ ժողովրդային թատրոնը: Զոհրապ Եագուպեանի թատերական կեանքը կը բաժնուի չորս փուլերու:

Զարեհ Աւագեան, Վաչէ Բրուտեան, Պօղոս Շահմելիքեան, Զոհրապ Եագուպեան, Պետիկ Չիֆթէլեան, Հրաչ Պոյաճեան եւ Ստեփան Ֆրունճեան

«Փորձառական թատրոն»-ի տարիները, երբ համախմբեց մեծ թիւով երիտասարդներ, եւ երբ շաբաթներով երկարեցան իր բեմադրած ներկայացումները: Հանդէս եկաւ տարբեր ոճի ներկայացումներով, մանաւանդ` «Պուրճ Համուտ 78-ով», որ իր գլուխ գործոցներէն մէկը կը համարուի: Անշուշտ պէտք չէ մոռնալ «Վահագն»-ը, «Փառքի վաշխառուները», «Աստուածային կատակերգութիւնը» եւ ուրիշներ:

Երկրորդ փուլը Համազգայինի «Լեւոն Շանթ» թատերախումբին հետ գործակցութիւնն է, որ մանաւանդ հիմքը դրաւ մանկական թատրոնին: Համազգայինի «Սիմոն Վրացեան» մասնաճիւղի «Լեւոն Շանթ» թատերախումբը տարիներու վրայ ներկայացուց նախ դասական թատրոններ եւ աւելի ուշ մանկական ներկայացումներ` նախաքայլը առնելու աւելի ուշ Վիգէն Ստեփանեանին հիմնած Համազգայինի «Արեգ» թատերախումբին:

Երրորդ փուլը լիբանանեան թատրոնի մէջ իր փորձը եղաւ, ուր նաեւ յաջողութիւն գտաւ. Ռուլա Համատէի հետ բեմադրեց «Պէպէքս» թատերախաղը եւ արաբերէնով ներկայացուց աւելի քան չորս ամիսներէ լիբանանեան հանրութեան:

Չորրորդ փուլին «Մեղուներու խումբը» ստեղծեց եւ  բեմադրեց «Այսպէս չ՛ըլլար, այնպէս կ՛ըլլայ», «Պուրճ Համուտ 78 + 8», «Յակոբ Պարոնեան Պուրճ Համուտի մէջ»: Զոհրապ Եագուպեանը գործակցեցաւ «Գասպար Իփէկեան» թատերախումբին հետ, բայց երկրի քաղաքական պայմաններուն պատճառով գործակցութիւնը աւարտեցաւ մէկ ներկայացումով:

Այսպէս, թատրոնը նկատի ունենալով իբրեւ հանրային դպրոց, կրնանք ընդգծել, որ Զոհրապ Եագուպեանը թէ՛ իր խումբերուն մէջ, եւ թէ՛ իր ներկայացումներուն ընդմէջէն հազարաւոր հանդիսականներու սիրելին է, բոլորէն յարգուած եւ փնտռուած բեմադրիչն էր:

Ունէր իրեն հաւատարիմ տղոց խումբ մը, որ տասնեակ տարիներով Եագուպեանի կողքին մնացին եւ լիբանանահայ թատերական կեանքի պատմութեան իրենց նպաստը բերին:

«Յակոբ Տէր Մելքոնեան» սրահը կանգուն վկան է այս պատմութեան: Անոր բեմը հարազատ ծաղկեպսակն է Զոհրապ Եագուպեանի յիշատակին: Քուլիսները եւ հանդերձարանը տակաւին կը բուրեն Զոհրապի, Ժորժ Սարգիսեանի, Վարուժան Խտըշեանի շունչը, քրտինքը, գիշեր-ցերեկ աշխատողներու եւ յուշարարներու ժրաջան աշխատանքը` արուեստագէտներուն լաւն ու որակաւորը հրամցնելու:

Վ՛արձքդ կատար:

 

 

Նախորդը

Յաւերժի Ճամբորդներ. Կիսատ Երազանքներ

Յաջորդը

Արդեօք Կա՞յ ՀՕՄ-ի Նման Նուիրեալներու Փաղանգ

RelatedPosts

Եւրոպական Միութեան Տարածաշրջանային Քաղաքականութիւնը Եւ Հայաստանը (Ա. Մաս)
Անդրադարձ

Եւրոպական Միութեան Տարածաշրջանային Քաղաքականութիւնը Եւ Հայաստանը (Ա. Մաս)

February 2, 2026
Վազգէն Ա. Վեհափառ (ԽԴ.) «Է»-ն Իբրեւ Ազգային Խորհրդանշան
Անդրադարձ

Վազգէն Ա. Վեհափառ (ԽԴ.) «Է»-ն Իբրեւ Ազգային Խորհրդանշան

February 2, 2026
Խմբագրական «Հայրենիք»-ի.  Կրինլանտ` Անտերսընեան Հեքիա՞թ, Թէ՞ Ողբերգութիւն
Անդրադարձ

Խմբագրական «Հայրենիք»-ի. Կրինլանտ` Անտերսընեան Հեքիա՞թ, Թէ՞ Ողբերգութիւն

January 31, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.