Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Ֆորմիւլա-1». Վերշթափըն Շահեցաւ Մեքսիքոյի Կրան Փրին Համիլըթըն 2-րդ, Փերես` Դուրս

October 31, 2023
| Մարզական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Այս տարեշրջանի 19-րդ կրան փրին տեղի ունեցաւ շաբաթավերջին` Մեքսիքօ Սիթիի մէջ, ուր աշխարհի ախոյեան Մաքս Վերշթափըն («Ռետ Պուլ») կրցաւ շահիլ անգամ մը եւս, հակառակ անոր որ ան 3-րդ դիրքէն կը սկսէր մրցումը:

Վերշթափըն ազդանշանին յարձակում մը կատարեց 2 «Ֆեռարի»-ներուն մէջէն նեղ անցքէ մը անցնելով, մինչ իր խմբակից Սերխիօ Փերես, որ 5-րդ դիրքէն կը սկսէր, ձախէն «Ճեղքեց» բոլորը եւ հազիւ առաջին դարձուածքին հասած Լըքլեր ետեւէն իր «Ռետ Պուլ»-ին դպաւ, որ վնասուելով ստիպուեցան նորոգութեան համար դուրս գալ:

Վերշթափըն քիչ մը ետ մնալով «ազատեցաւ» այս դէպքէն եւ յաջորդ անկիւնէն գրաւեց առաջին դիրքը մինչեւ մրցումի աւարտը, ինչ որ եղաւ տարեշրջանի իր 16-րդ յաղթանակը` բարելաւելով անցեալ տարուան իր մրցանիշը (15 յաղթանակ): Տակաւին 3 կրան փրիներ կան, յաջորդաբար Պրազիլիոյ, Վեկասի (Միացեալ Նահանգներ) եւ Ապու Տապիի (Արաբական ՄԻացեալ Էմիրութիւններ) մէջ: Փերես, որ ամէն գնով կ՛ուզէր փոտիում բարձրանալ իր հայրենիքին մէջ տեղի ունեցած կրան փրիին, չկրցաւ շարունակել մրցումը, որովհետեւ կարելի չէր նորոգել վատ վնասուած ինքնաշարժը: Լըքլեր իր առջեւի «թեւը» (Ուինկ) վիրաւոր շարունակեց: Սայնց («Ֆեռարի») մնաց 3-րդ եւ աւելի՛ն, Լըքլեր կրցաւ առաւելութիւնը պահել Սայնցի վրայ: Աւելի էր, 4-րդ դիրքին վրայ, Տանիէլ Ռիքիարտօ բաւական պահելէ ետք իր դիրքը, ի վերջոյ զիջեցաւ «Մերսետես»-ի վառորդ եւ նախապէս ախոյեան Լուիս Հեմիլթընին: Հեմիլթըն սկսաւ ճնշել Սայնցի վրայ, բայց մտաւ անիւը փոխելու: Երբ բոլորին կարգը հասաւ անիւ փոխելու, Հեմիլթըն արդէն 3-րդ էր եւ մօտ` Լըքլերի: 33-րդ լեփին (շրջանին) Քեւին Մակնուսընի ինքնաշարժը սահեցաւ եւ պատահեցաւ արկած մը. կարմիր լոյս: 22 վայրկեան դադարէ ետք, մրցումը վերսկսաւ գրեթէ բոլորը կարծր անիւներով, բացի Հեմիլթընէն, որ միջակով մասնակցեցաւ: Նշենք, թէ կարծր անիւը երկար կը դիմանայ, բայց աւելի դանդաղ կը նկատուի միջակէն, որ սակայն աւելի շուտ կը մաշի:

40-րդ լեփին, Հեմիլթըն կրցաւ գերազանցել Լըքլերի: Վերշթափըն 3,2 երկվայրկեան առաւելութիւն ունէր իր 2021-ի մրցակիցէն, բայց աւելի դիմացկուն էր մնացեալ 30 լեփերուն:

Վերջին 15 լեփերուն Վերշթափըն արդէն 10 երկվայրկեան առաւելութիւն ունէր, եւ «Ֆեռարի», որ կը յուսար Հեմիլթընի ձախողութիւնը, չկրցաւ մօտենալ եւ մնաց 3-րդ եւ 4-րդ դիրքերուն վրայ:

Ճորճ Ռասըլ («Մերսետես»), որ կը մրցէր Սայնցի հետ` 4-րդ դիրքին համար, հետզհետէ ետ մնաց առիթ տալով Լենտօ Նորիսի, որ մօտենայ եւ անցնի` գրաւելով 5-րդ դիրքը: «Մաքլարըն»-ի վառորդ Լենտօ Նորիս, որ 19-րդ դիրքէն սկսած էր մինչեւ կարմիր լոյս, մասնաւոր յառաջդիմութիւն չկատարեց, բայց մրցումի 2-րդ բաժինին շատ աւելի լաւ սկսաւ, եւ հերոսական ձեւով կրցաւ անցնիլ Տանիէլ Ռիքիարտոյին (Ալֆա Թաորի) եւ Ճորճ Ռասըլի` գրաւելով 5-րդ դիրքը:

Ստորեւ` Մեքսիքայի կրան փրիի արդիւնքները.

1.- Մաքս Վերշթափըն («Ռետ Պուլ», Նետերլանտներ)
2.- Լուիս Հեմիլթըն («Մերսետես», Բրիտանիա)
3.- Շարլ Լըքլէր («Ֆեռարի», Մոնաքօ)
4.- Քարլոս Սայնց («Ֆեռարի», Սպանիա)
5.- Լէնտօ Նորիս («Մաքլարըն», Բրիտանիա)
6.- Ճորճ Ռասըլ («Մերսետես», Բրիտանիա)
7.- Տանիէլ Ռիքիարտօ («Ալֆա Թաուրի», Աւստրալիա)
8.- Օսքար Փիասթրի («Մաքլարըն», Աւստրալիա)
9.- Ալեքս Ալպոն («Ուիլիամս», Թայլէնտ)
10.- Էսթեպան Օքան («Ալփին», Ֆրանսա)

Ընդհանուր դասաւորում.

ԿԷՏ
1.- Մաքս Վերշթափթն 491
2.- Սերխիօ Փերես 240
3.- Լուիս Հեմիլթըն 220
4.- Քարլոս Սայնց 183
5.- Ֆեռնանտօ Ալոնսօ 183
6.- Լենտօ Նորիս 169
7.- Շարլ Լըքլեր 166
8.- Ճորճ Ռասըլ 151
9.- Օսքար Փիասթրի 87
10.- Փիեռ Կասլի 56
Նախորդը

«Էն. Պի. Էյ.» ՛Նիքոլա Եոքիչ Առաջնորդեց Տենվըրի Յաղթանակը

Յաջորդը

Լիբանանեան Պասքեթպոլ. Այսօր` ՀՄԸՄ – Հուփս

RelatedPosts

Դ. Դասակարգի Ախոյեանութիւն.  ՀՄԸՄ Պէյրութ Կը Սուրայ Դէպի Գ. Դասակարգ
Մարզական

Դ. Դասակարգի Ախոյեանութիւն. ՀՄԸՄ Պէյրութ Կը Սուրայ Դէպի Գ. Դասակարգ

September 16, 2026
«Եուրոփա Լիկ».  Այսօր` Արարատ Արմենիա – Սփարթա Փրակա
Մարզական

«Եուրոփա Լիկ». Այսօր` Արարատ Արմենիա – Սփարթա Փրակա

September 16, 2026
Յովհաննէս Գաբրիէլեան Առանց Դադարի  Սեւանայ Լիճը Կտրեց Ամբողջ Երկայնքով
Մարզական

Յովհաննէս Գաբրիէլեան Առանց Դադարի Սեւանայ Լիճը Կտրեց Ամբողջ Երկայնքով

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.