Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ժըպրան Պասիլ աւարտելէ ետք լիբանանեան քաղաքական ղեկավարութիւններուն կատարած իր շրջապտոյտը երէկ երեկոյեան ժամը 5:30-ին հրաւիրեց մամլոյ ասուլիսի մը, որուն ընթացքին նշեց, որ իր շրջապտոյտին համար ճշդուած էին յստակ չափանիշներ, որոնք կատարուած կարելի է նկատել:
Պասիլ յայտնեց, որ աւելի ուշ քաղաքական այլ ղեկավարներու հետ հանդիպումները քննարկելի են, յատկապէս ընդդիմադիր երեսփոխաններուն հետ:
Պասիլ ընդգծեց, որ խորհրդակցութիւնները կատարուած են Լիբանանն ու ազգային միասնականութիւնը պաշտպանելու կարգախօսին ներքեւ:
Ան նկատել տուաւ, որ հանդիպումներուն ընթացքին ինք խորհրդակցած է Ազգային ազատ հոսանքին ներկայացուցած հինգ գաղափարներուն վերաբերեալ, որոնց նպատակն է ազգային միասնականութեան մը շուրջ համախոհութիւն գոյացնել:
Պասիլ շեշտեց, որ իր ներկայացուցածը նախաձեռնութիւն մը չէ, այլ ազգային միասնականութիւնը ամրապնդող միտքեր, որոնք կ՛օժանդակեն դիմագրաւելու պատերազմը եւ ապահովելու Լիբանանի պաշտպանութիւնը:
«Այդ գաղափարներուն նկատմամբ բարձր մակարդակի ըմբռնում շօշափեցի, յատկապէս այն եօթը ղեկավարներուն կողմէ, որոնց հանդիպեցայ», ըսաւ ան:


