Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հասնիլ Եռաբլուր Դրօշազարդ, Պեղել Նայիլ Մեր Մէջ Ու Անդին

October 17, 2023
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Յ. ՊԱԼԵԱՆ

Քաղաքներ կը դրօշազարդուին յաղթանակի եւ տօնական հպարտութեան առիթներով:

Օգոստոս էր: Երեւանեան արեւին տակ հանրային փոխադրութեան կառքը բարձրացանք Կոմիտաս պողոտայէն: Անցանք բազմամբոխ փողոցներէ եւ հրապարակներէ եւ վերջապէս, ժամ տեւած ճամբորդութենէ ետք, միջօրէին, հասանք  տիւ եւ գիշեր, ամառ եւ ձմեռ դրօշազարդուած Եռաբլուր:

Մեր դիմաց էր կապարային լոյսի տակ հեւացող մատուռը, որուն առջեւ փռուած էին մարմարեայ անտառացած շիրիմներ, որոնց գլխավերեւը կային դէմքեր, անուններ, մարդիկ, որոնց կեանքը յանկարծ կանգ առած էր: Խորտակուած յոյսեր: Որդիներ, ամուսիններ: Անչափահասներու հայրեր: Եղբայրներ:

Մատուռի մուտքին կանգնած` ճնշուած յուզումով դիտեցի փողփողացող եռագոյն դրօշներու բլուրներու վրայ տարածուող  ալեծուփ տօնահանդէսը, որ  կը յուշէր, թէ հոն կար թաքնուած եւ ժայթքող շնչառութիւն:   Ծափահարողներ չկային: Խօսափողերու քաղաքական-հայրենասիրական եւ քսակաւոր փառքի վաշխառու հտպիտներու աղմկարարութիւն չկար: Դամբանախօսներ չկային: Անոնք յաճախ զբաղած կ՛ըլլան քսակաւորներու տուրք տալով:

Խլացնող լռութիւնը եւ անյայտներով բնակուած ամայութիւնը շնչահեղձ կ՛ընէին:

Միջօրէի շիկացած երկինքին տակ իրենք զիրենք կը յիշեցնէին իրենց թռիչքի ընթացքին  բոցավառած եւ կիզուած գարուն ազգի յոյս կեանքերը:

Սեւ մարմարներու տակ խօսուն թրթռացումներ կային, ինչե՜ր կը լսուէին:

Պարտասած, բարձրադիր մարմարեայ տապանագիրի մը ստուերին, զայն եզերող քարին վրայ, երկու երիտասարդներու կողքին նստայ: Անոնց ընկեր եղայ: Քարեղէն լռութեան մէջ շշուկային զրոյց սկսաւ: Մին կը կոչուէր Ռուբէն, միւսը` Ոսկան: Ըսի` Ոսկան Երեւանցի: Ռուբէնին հետ խօսեցայ Ռուբէնի եւ Դրոյի մասին: Եկած էր իր հօբարի զոհուած տղուն համար, Ոսկանը իրեն ընկերակցած էր: Դեռ բանակ չէին կանչուած: Ժողովուրդ էին: Երեւանի դէպի աստղերը բարձրացող երկնաքերներու բնակիչ չէին, կը բնակէին, ըսին` Պանկլատէշ, ուր չեն երթար հայ եւ դուրսէն ժամանած զբօսի եւ երեւելիութեան հայ ու օտար որսորդները, տեղացիները կ՛երթան Յունաստան, Կիպրոս, Անթալիա, Կրասնատար, Փարիզ, Լոս…

Տեսադաշտիս մէջ էր դեռ չյայտնաբերուած անարգ եղեռնագործութեան զոհ Վազգէն Սարգսեանի դամբանը: Դեռ տասնութը տարեկան չեղած` Ռուբէն ըսաւ, որ այդ եղեռնագործութեան հեղինակը պետութիւնն էր: Այս կասկածով աճող սերունդը ինչպէ՞ս միութիւն պիտի իրականացնէ, մնայ  եւ տէր ըլլայ երկրին:

Քիչ անդին Սօսէ Մայրիկ եւ Գէորգ Չաւուշ կ՛օղակէին դար մը պատմութիւն:

Արեւին տակ սառած մաքրութիւն էր: Լռութիւն: Կարծէք` թանգարանի մը պատին դէմ էի:

Կին մը, օրինակելի գուրգուրանքով, կը խնամէր շիրիմներու անցքերը, կը փայլեցնէր սեւ տապանաքարերը:

Անորոշ խորութիւններէ եկող մեղմ ձայնով մը ան ըսաւ, որ մէկ օրուան մէջ տասնութը տարեկան տասնութը երիտասարդներ թաղեցին… Կարծէք` մեր անմիջականի պատմագիրն էր:

Լայնշի կուրծքերը շքանշաններով զարդարուած զօրականներու շիրիմներ:

Պատմութիւն` հայրերու եւ որդիներու… Մե՛ր պատմութիւնը:

Դիրքեր զբաղեցնող հանդիսատեսներ կ՛ըսեն եւ կ՛երգեն` հերոսական աղմուկով…

Քանի՞ անգամ քանի՞ տասնութ կեանքի խոստումներ գրաւած են Եռաբլուրը:

Հոս չկային փուչիկ եւ յղփացող «տուրիստ»-ները, ոչ ալ` յղփացածի նորագիւտ քաղաքակրթութեան  արդիական մակնիշներով ճչացող ինքնաշարժներու-աւտոներու աղմուկը եւ ճապկումները, եւրոպացին կ՛ըսէ` ռոտէօ ընողները, որոնց պատճառած վթարներու եւ մահերու մասին օրնիբուն կը խօսին հեռատեսիլի բազմացած խօսնակները` աճեցնելով դատերու եւ օրէնքներու հեքիաթները:

Քանի՞ հազար եռագոյն դրօշներ կը ծածանէին: Ինչո՞ւ այդ չեն գրեր մատրան պատին վրայ:

Անոնք եթէ բերուէին Երեւան, Հիւսիսային պողոտայ, Սայաթ Նովա, Հանրապետութեան հրապարակ, տեսակաւոր աւագանիներու անդամներու շրջագայութիւնը կանգ կ՛առնէր, թերեւս անոնք ալ իրենց քունը կը փախցնէին, իրատես կը դառնային:

Վերադարձի համար սպասեցինք հանրային փոխադրակառքը: Քիչ ժամանակ անց արդէն մխրճուեցանք եռացող-հեւացող քաղաքին մէջ, որ մեծ շուկայ է, վաճառատան մը մեծ ապակեփեղկին վրայ կարդացի «պէյպի լավ», քիչ անդին «շաուրմա»-ն էր, եւ «լահմաճո»-ն: Այս ձեւով «տուրիստ»-ները իրենք զիրենք օտար չեն զգար, եւ տեղացին կը պատշաճէր ժամանակին եւ կ՛արդիականանար:

Եթէ ճամբուն ծայրը պիտի ըլլայ «պէյպի լավ», «շաուրմա», «լահմաճօ», ինչո՞ւ հազարաւոր գարուն կեանքեր պիտի բնակեցնէին Եռաբլուրը: Մի՞թէ մեռեալներով քաղաք կը կառուցուի եւ կեանք կը շարունակուի, նոյնիսկ երբ արեւելքի քաղքենիացած շփացածի բնորոշումով` «վիու»-ն  գեղեցիկ է:

Այսօր մայրաքաղաքը թատերաբեմ պիտի ըլլայ երգի եւ պարի տօնի: Հեռատեսիլը կը կրկնէ խումբերու եւ պարերու անուններ` յիշեցնելով աւանդները եւ աւանդութիւնը:

Եթէ կարդացած էք Լեւոն Շանթի «Ինկած բերդի իշխանուհին» թատերական երկը, պիտի յիշէք իր երկու զաւակները սպաննած Քեսունի իշխանի խօսքը. «Մահը իր ճամբով, կեանքը` իր ճամբով»… Ի հարկէ կեանքը` իր մեծ ու պզտիկ փառասիրութիւններով, կիրքերով, շահախնդրութիւններով, որոնց մէջ յաճախ տեղ չունին յանուն «ազգի եւ հայրենիք»-ի գլխարկին տակ արտաբերուած ամէն կարգի աղմուկ եւ ճամարտակութիւն: Ի հարկէ` մի՛շտ ներսը եւ դուրսը:

Եռաբլուրէն վերադարձայ: Թաթխուեցայ քաղաքի կաթսային մէջ:

Վաղուան յոյսը Ռուբէնն ու Ոսկանն են, եթէ չձուլուին երէցներու եւ մեծերու պարտութեան կաղապարներուն մէջ, չըլլան անոնց պատկերով: Կամ` լաւ ապրելու համար չարտագաղթեն եւ որպէս «տուրիստ» չգան իրենց «նոր հայրենիքներու» անցագրերով:

Հետեւի՞լ Քեսունի իշխանին մահահոտ իմաստութեան, թէ՞ լսել Հայ Վիշտի երգիչ Աւետիս Ահարոնեանը, որ խուճապի մէջ եւ սպառնալիքի դէմ, այսօր երգով շատ հոլովուող «Սարդարապատ»-ի նախօրէին ըսած էր, թէ «դեռ կայ յոյսը»… որ Ռուբէն է եւ Ոսկան:

Կամ` մտրակ  շաչեցնող մերօրեայ Նազովրեցի, որ դար մը առաջ Արամ էր:  Վաղը կրնայ ըլլալ Ոսկան, Արգիշտի:

Ֆրանսացի իմաստասէր Հանրի Պերկսոն կ՛ըսէ, որ` «Ինչ որ յոյսը կը դարձնէ հզօր ապրում, այն է, որ ապագան կը ներկայանայ  կարելիութիւններու բոլոր ձեւերով»:

Ինչո՞ւ ոչ  ներսի եւ դուրսի հայկական մաքրազատման, catharsis-ի եւ վերականգնումի կռիւ չսկսիլ, բոլոր ձեւերով, առանց բանտուած մնալու կիսամիջոցներու խեղդող ցանցին մէջ, ընդդէմ կեղծիքի եւ  աթոռ-աթոռակի համար տոլար վճարող էսթեպլիշմընթներու:

Եռաբլուրէն կը մեկնի կեանքի ճամբան, եթէ ունինք դատարկաբանութիւն մերժող գիտակցութիւն եւ ոգեկանութիւն:

Ինչպէ՞ս ունենալ զանոնք:

Քաղքենիի, պարտուածի, եսի եւ աժան փառասիրութիւններու  դիմակները պատռելով:

Մի՛շտ` ներսը եւ դուրսը:

Նախահայրերու պատմութեան ժառանգ եւ տէ՞ր ենք, թէ՞ սոսկ մնացուկ: Հարցում էր:

Մի՞թէ պէտք է կրկնել, որ հողը տէր կ՛ուզէ, ոչ` փուճ ամբոխներ ոտքի քնացնող բառերու տօնահանդէս:

Մի՞թէ լաւ ապրելու, խաղաղութեան եւ այդպէս բաներու համար պէտք է հետեւիլ Քեսունի իշխանի լքման իմաստութեան եւ կրկնել «ՄԱՀԸ ԻՐ ՃԱՄԲՈՎ, ԿԵԱՆՔԸ` ԻՐ ՃԱՄԲՈՎ»: Եւ հասնիլ կուշտ ստրուկի խաղաղութեան:

Հակառակ մեր պարտութիւններուն` դեռ չենք հասկցած, որ ոչ ոք մեր փոխարէն մեզի համար շագանակները պիտի հանէ կրակէն: Եթէ հասկնանք, մեր վաղը այսօրուընէ լաւ կ՛ըլլայ: Կը դադրինք անկար ծափահարուող եւ ծափահարող ըլլալէ: Կ՛ըլլանք ազգ:

Ականջ տուէ՛ք Եռաբլուրի հազարաւոր տասնութը տարեկաններու խլացնող կանչին: Եթէ հայու եւ մարդու խիղճ ունիք: Մտածեցէ՛ք գերեզմանաքարին վրայ նստած Պանկլատէշի Ռուբէնին եւ Ոսկանին մասին:  Անոնք վաղը երկու Եռագոյն դրօշ կրնան դառնալ Եռաբլուրի վրայ եւ մեզ յուզել: Յետո՞յ…

Երեւան, 26 օգոստոս 2023

Նախորդը

Ձեռնարկներ Եւ Իրագործուած Ծրագիրներ` Հայ Ազգային Բուժարանին Մէջ

Յաջորդը

Արցախի Հարցով Պայտընի Անգործութիւնը Կը Հիասթափեցնէ Ամերիկահայերը

RelatedPosts

Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

Խորհրդարանական Հարցապնդում Եւ Խաղաղութեան Խոստում

September 16, 2026
Հետաքրքրական Եւ Արժէքաւոր Յուշագրութիւն Մը.  Մովսէս Ա. Քհնյ. Շրիգեանի «Յուշեր»-ու Հրատարակութեան Առիթով
Անդրադարձ

Հետաքրքրական Եւ Արժէքաւոր Յուշագրութիւն Մը. Մովսէս Ա. Քհնյ. Շրիգեանի «Յուշեր»-ու Հրատարակութեան Առիթով

September 16, 2026
Ազգային Արժէքներու Եւ Հայ Եկեղեցւոյ Կարեւորութիւնը` Սփիւռքի Մէջ Հայկական Ինքնութեան Պահպանման Համար. Նոր Իրավիճակի Մարտահրաւէրներ
Անդրադարձ

Ազգային Արժէքներու Եւ Հայ Եկեղեցւոյ Կարեւորութիւնը` Սփիւռքի Մէջ Հայկական Ինքնութեան Պահպանման Համար. Նոր Իրավիճակի Մարտահրաւէրներ

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.