Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լուրեր Կաթոիկոսարանէն

October 13, 2023
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Արցախի Հարցով Զօրակցական Այցելութիւններ
Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին

Արցախի մեր ժողովուրդին վրայ Ազրպէյճանի  կատարած անարգ յարձակումին եւ անոր հետեւանքներուն վերաբերեալ Լիբանանի զանազան համայնքներու ու կուսակցութիւններու կողմէ զօրակցական այցելութիւններ ու արտայայտութիւններ կատարուեցան:

Այս ծիրէն ներս անցնող քանի մը օրերու ընթացքին վեհափառ հայրապետին այցելեցին` Ազգային Ազատ Հոսանք կուսակցութիւնը ներկայացնող պատուիրակութիւն մը, Ասորի համայնքի լիկայի նախագահը եւ Զարգացման ու գործակցութեան քրիստոնեայ խորհուրդը ներկայացնող պատուիրակութիւն մը:

Բոլոր այցելուները իրենց ամբողջական զօրակցութիւնը յայտնեցին հայ ժողովուրդին եւ Արցախի վրայ Ազրպէյճանի կատարած յարձակումը ու ձերբակալութիւնները նկատեցին միջազգային օրէնքի խախտում: Անոնք իրենց պատրաստակամութիւնը յայտնեցին օգտակար ըլլալու Հայաստան հաստատուած արցախահայութեան ընկերատնտեսական կարիքներուն:

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը Մասնակցեցաւ
Կենսոլորտին Նուիրուած Գիտաժողովին

Ստեղծագործութեան յատուկ ուշադրութիւն դարձնելու նպատակով, ամէն տարի, շուրջ ամիս մը տեւողութեամբ, աշխարհի զանազան շրջաններուն մէջ յատուկ ձեռնարկներ կը կազմակերպուին եւ կենսոլորտի պահպանութեան հրամայականը կը շեշտուի: Այս իրողութենէն մեկնելով, 2021 թուականէն սկսեալ, Միջին Արեւելքի եկեղեցիներու խորհուրդը (ՄԱԵԽ) 1 սեպտեմբերէն 4 հոկտեմբեր երկարող ժամանակաշրջանը կը յատկացնէ կենսոլորտային հարցեր քննարկելու` շրջանի երկիրներուն մէջ դասախօսական շարքեր կազմակերպելով եւ միջեկեղեցական աղօթքներ կատարելով:

Այս առիթով, չորեքշաբթի, 4 հոկտեմբեր 2023-ին, Քասլիքի Սուրբ Հոգի համալսարանին (ԻՒԶԵՔ) մէջ տեղի ունեցաւ կենսոլորտի պահպանութեան յատուկ միջեկեղեցական աղօթք, որուն Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին օրհնութեամբ մասնակցեցան չորս երիտասարդ միաբաններ` դպրեվանքի տեսուչ Պարոյր վրդ. Շէրնէզեան, դպրեվանքի հսկիչ Աւետիք վրդ. Տէր Կարապետեան, Միջին Արեւելքի միջեկեղեցական եւ միջկրօնական յարաբերութեանց պատասխանատու Սարգիս վրդ. Աբրահամեան եւ դպրեվանքի հսկիչ Գէորգ վրդ. Գարակէօզեան:

Իսկ երկրորդ օրը` հինգշաբթի, 5 հոկտեմբերին Սեն Ժոզեֆ համալսարանին մէջ տեղի ունեցաւ կենսոլորտին նուիրուած գիտաժողով, որուն նիստերէն մէկուն ընթացքին ելոյթ ունեցաւ դպրեվանքի տեսուչ հայր Պարոյրը. «Բնութեան հասկացողութիւնը Հայ եկեղեցւոյ դիտանկիւնէն» նիւթով:

Նախորդը

Կազա. Բազկի Ուժը Աջակից Կ՛ապահովէ

Յաջորդը

Պասքեթպոլ Էյսըզ – Լիպըրթի 104-76

RelatedPosts

Լիբանանի Թեմի Առաջնորդը Այցելեց Ազգային Վարժարաններ
Գաղութային

Լիբանանի Թեմի Առաջնորդը Այցելեց Ազգային Վարժարաններ

October 26, 2026
ԼՕԽ-ի Նորընտիր Շրջանային Վարչութիւնը Այցելեց Լիբանանի Հայոց Թեմի Առաջնորդին
Գաղութային

ԼՕԽ-ի Նորընտիր Շրջանային Վարչութիւնը Այցելեց Լիբանանի Հայոց Թեմի Առաջնորդին

October 26, 2026
Համազգայինի «Վահէ Սէթեան» Հրատարակչատան Նախաձեռնած Հայ Գիրքի Փառատօնը Իր Շուրջ Համախմբեց Մեծաթիւ Ընթերցասէրներ Եւ Հրատարակչատուներ
Գաղութային

Համազգայինի «Վահէ Սէթեան» Հրատարակչատան Նախաձեռնած Հայ Գիրքի Փառատօնը Իր Շուրջ Համախմբեց Մեծաթիւ Ընթերցասէրներ Եւ Հրատարակչատուներ

October 26, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.