Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Դիմադրութիւնը Հարաւային Լիբանանէն Կը Միանայ «Աքսայի Ջրհեղեղ»-ին

October 9, 2023
| Գլխաւոր լուրեր, Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Պաղեստինեան Համասին կողմէ Իսրայէլի դէմ յայտարարուած «Աքսայի ջրհեղեղ» գործողութեան զուգահեռ, երէկ առաւօտեան հարաւային Լիբանանէն Իսրայէլ հրթիռակոծում արձանագրուեցաւ:

Առաւօտեան կանուխ ժամերուն Արքուպի եւ Հասպայայի շրջակայքէն տեղի ունեցաւ հրթիռակոծում, որ թիրախ դարձուց Ռուէյսաթ Ալամի մէջ գտնուող իսրայէլեան զօրանոցներ, ինչպէս նաեւ ռատարի կեդրոնը, որ ռազմավարական կարեւոր թիրախ մը կը նկատուի:

Մազարեհ Շեպաայի մէջ եւ Շէյխ լերան վրայ գտնուող իսրայէլեան զինուորական կեդրոններ նոյնպէս ռմբակոծուեցան:

Աւելի ուշ Հըզպալլա ստանձնեց իսրայէլեան ռազմավարական դիրքեր ռմբակոծելու պատասխանատուութիւնը:

Հըզպալլայի հրապարակած պաշտօնական հաղորդագրութիւնը կը նշէ, թէ նահատակուած զինուորական առաջնորդ Իմատ Մուղնիէի անուան խմբաւորումները յարձակում գործած են Մազարեհ Շեպաայի մէջ գտնուող իսրայէլեան երեք կեդրոններու վրայ:

«Այս յարձակումները գործուած են լիբանանեան բռնագրաւուած մնացեալ հողերը ազատագրելու ճամբուն վրայ եւ պաղեստինեան դիմադրութեան ու համբերատար պաղեստինցիներուն զօրակցութեան նպատակով», կը նշէ հաղորդագրութիւնը:

Իսրայէլեան ուժերը թնդանօթներով ռմբակոծեցին Քֆարշուպա եւ Սըտտանէ գիւղաքաղաքները:

Իսրայէլեան ուժերը արձակեցին երեք այլ հրթիռներ, որոնց նպատակն էր Դիմադրութեան մարտիկները հեռացնել Մազարեհ Շեպաայէն, ուր` Զըպտինի հանդիպակաց շրջանին մէջ կը գտնուի Հըզպալլայի լարած վրանը:

Նոյն վայրին մէջ Հըզպալլայի մարտիկները վերստին լարեցին վրանը:

Լիբանանեան բանակի հրամանատարութիւնը երէկ հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որ կը նշէ, թէ իսրայէլեան ուժերը հրետանիներով եւ թնդանօթներով ռմբակոծած են Շեպաա, Հըլթա, Քֆարշուպա եւ Հըպպարիէ գիւղաքաղաքները` հարաւային Լիբանանի շրջաններէն Իսրայէլ արձակուած հրթիռներուն պատճառով:

«Իսրայէլեան ռմբակոծումները պատճառեցին երկու վիրաւորներ, որոնք փոխադրուեցան հիւանդանոց` ստանալու համար բժշկական համապատասխան խնամք», կը նշէ հաղորդագրութիւնը:

Բանակը ընդգծեց նաեւ, որ շաբաթ, 7 հոկտեմբեր 2023-էն սկսեալ լիբանանեան բանակը շրջուն ջոկատներով խիստ հսկողութիւն կը կատարէ հարաւային Լիբանանի սահմանամերձ շրջաններուն մէջ` գործակցութեամբ հարաւային Լիբանանի մէջ տեղակայուած ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերուն:

ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերու պաշտօնական բանբեր Անտրէ Թինընթի յայտարարեց, որ ՖԻՆԻՒԼ-ի հրամանատարութիւնը երէկ առաւօտեան արձանագրած է հարաւային Լիբանանէն Իսրայէլ արձակուած հրթիռներ, որոնց յաջորդած է իսրայէլեան հրետանիներու ռմբակոծում` Լիբանանի դէմ, իբրեւ պատասխան արձակուած հրթիռներուն:

Թինընթի յայտնեց, որ ՖԻՆԻՒԼ-ի ուժերը սահմանային Կապոյտ գիծին երկու կողմերուն վրայ գտնուող իշխանութիւններուն հետ կապի մէջ են եւ կը փորձեն կացութիւնը հակակշռուած պահել:

Ան նշեց, որ ՖԻՆԻՒԼ-ի խաղաղապահ ուժերը կը գտնուին իրենց դիրքերուն վրայ եւ կը կատարեն իրենց առաքելութիւնը:

«Կոչ կ՛ուղղենք բոլորին ինքնազսպումի ենթարկուելու եւ ՖԻՆԻՒԼ-ի ուժերուն հետ գործակցելու` լարուածութիւնը մեղմացնելու եւ կայուն իրավիճակի արագընթաց վատթարացումը կանխարգիլելու նպատակով», ըսաւ Թինընթի:

Լիբանանի մէջ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի անձնական ներկայացուցիչ Եոաննա Վրոնեցքա հաստատեց, որ ՖԻՆԻՒԼ-ի ուժերուն հետ գործակցաբար ամէն ջանք ի գործ պիտի դնեն` պաշտպանելու համար Լիբանանի ապահովութիւնն ու կայունութիւնը:

Հըզպալլայի կեդրոնական խորհուրդի նախագահ սէյիտ Հաշեմ Սաֆիէտտին, անդրադառնալով Դիմադրութեան կողմէ իսրայէլեան ռազմավարական դիրքեր ռմբակոծելու աքթին, յայտնեց, որ Դիմադրութիւնը Իսրայէլին պատգամ մը յղած է Քֆարշուպայէն` հաստատելու համար, որ իր իրաւունքն է թիրախ դարձնել լիբանանեան հողերը տակաւին բռնագրաւուած պահող թշնամին:

Անդրադառնալով «Աքսայի ջրհեղեղ» գործողութեան մասին իրենց կարծիքին` սէյիտ Սաֆիէտտին հաստատեց, որ իրենք չէզոք կեցուածք չունին այս իմաստով:

«Մեր պատգամը ամերիկացիներուն եւ իսրայէլացիներուն այն է, թէ եթէ անոնք չափն ու սահմանը անցնին, ապա պիտի վկայեն ամբողջ արաբ ժողովուրդին ջրհեղեղը, որ ծովամոյն պիտի դարձնէ իսրայէլեան գոյացութիւնը», յայտնեց սէյիտ Սաֆիէտտին:

Յետմիջօրէին իսրայէլեան ուժեր 155 մմ հրետանիէ արձակեցին ռումբ մը, որ թիրախ դարձուց Ռաշայա Ֆխխարի բացերը գտնուող Խրեյպէ գիւղաքաղաքը, ինչպէս նաեւ Մազարեհ Շեպաայի եւ Քֆարշուպայի շրջակայքը:

Երեկոյեան, իսրայէլեան ուժեր Լիբանանի հետ սահմանին վրայ տեղակայեցին զօրք եւ թնդանօթներ:

Իսրայէլի պաշտպանութեան նախարար Եոավ Կալանթ կոչ ուղղեց լիբանանեան սահմանային շրջանին մօտ գտնուող հիւսիսային Իսրայէլի բնակեցման վայրերը դատարկելու իրենց բնակիչներէն, ինչպէս նաեւ հրահանգ արձակեց Լիբանանի ու Կազայի հետ սահմանամերձ շրջանի իսրայէլացի քաղաքայինները զինելու:

ՄԱԿ-ի մէջ Իսրայէլի մնայուն ներկայացուցիչը հաստատեց, որ Իսրայէլ շարք մը երկիրներէ պահանջած է Լիբանանի կառավարութեան փոխանցել, թէ «Աքսայի ջրհեղեղ» գործողութեան զօրակցելու շրջագիծին մէջ Հըզպալլայի կողմէ Իսրայէլի դէմ գործուելիք որեւէ յարձակումի պատասխանատու պիտի նկատեն Լիբանանի կառավարութիւնը:

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Էնթընի Պլինքըն յայտնեց, որ Ուաշինկթըն ամէն ջանք ի գործ կը դնէ երաշխաւորելու այլ ճակատի մը, այլ խօսքով` Հըզպալլայի եւ Լիբանանի հետ ճակատի մը բռնկեցման կանխարգիլումը:

Նշենք, որ արտաքին գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու նախարարութիւնը հրապարակած էր հաղորդագրութիւն մը` կոչ ուղղելով միջազգային հասարակութեան ստանձնելու իր պատասխանատուութիւնը` ճնշում բանեցնելով Իսրայէլի վրայ, որպէսզի վերադառնայ խաղաղութեան ընտրանքին:

Նախորդը

«Էլ. Պի. Սի. Այ.»-էն Լրագրողական Խումբ Մը Մեկնեցաւ Հայաստան

Յաջորդը

Հաղորդագրութիւն ՀՄԸՄ-ի Պատգամաւորական 13-րդ Ընդհանուր Ժողովի

RelatedPosts

Կառավարութեան Գործունէութեան  Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը  Այսօր Եւս Կը Շարունակուի
Գլխաւոր լուրեր

Կառավարութեան Գործունէութեան Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը Այսօր Եւս Կը Շարունակուի

September 16, 2026
Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ  Ճափոնի Դեսպանին
Գլխաւոր լուրեր

Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ Ճափոնի Դեսպանին

September 16, 2026
Նախագահ Աուն. «Միջազգային Ընտանիքը  Հրաւիրուած Է Միջամտելու` Արգիլելու  Համար Իսրայէլի Բռնարարքները»
Գլխաւոր լուրեր

Ընդհանուր Դատախազութիւնը Պէյրութի Նաւահանգիստի Պայթումին Հարցով Պահանջեց Ամբաստանել Նախկին Նախագահ Միշէլ Աունը

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.