Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Թէյմուր Ժոմպլաթ երէկ Քլեմանսոյի մէջ ընդունեց կենսոլորտի նախարարի պաշտօնակատար Նասեր Եասինը` ներկայութեամբ Ժողովրդավարական հանդիպում պլոքի երեսփոխան Ուաէլ Ապու Ֆաուրի, Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ընդհանուր քարտուղար Զաֆեր Նասերի եւ Ժոմպլաթի խորհրդական Հուսամ Հարպի:
Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան կենսոլորտային շարք մը հարցեր, ինչպէս նաեւ կենսոլորտի նախարարութեան ընթացքն ու նախարարութեան աշխատանքները:
Ժոմպլաթ ընդունեց նաեւ երեսփոխան Ապտել Ռահման Պըզրին, որուն հետ քննարկեց տեղական իրադարձութիւնները, յատկապէս քաղաքական բեմը յուզող հարցերը: Հանդիպումին ներկայ գտնուեցան Ապու Ֆաուր եւ Հարպ:
Ժոմպլաթ ընդունեց նաեւ «Եու. էս. թեսք ֆորս ֆոր Լեպանոն»-ի աշխատակազմի նախագահ, դեսպան Էտուար Կապրիէլը` ընկերակցութեամբ անոր զօրակցող մէկ պատուիրակութեան:
Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան լիբանանեան եւ շրջանային իրադարձութիւնները: Հանդիպումին ներկայ գտնուեցան երեսփոխան Ֆայսալ Սայեղ եւ Հարպ:


