Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Յաջորդ Տողերը Ջնջել Ընդփոյթ… Ջնջել Հիմա՛

October 4, 2023
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԿԱՐՕ ԱՐՄԷՆԵԱՆ

Փոխ կ՛առնեմ հանրահաւաքի այսօրուան հարթակէն հնչած յարգարժան Վազգէն Մանուկեանի շատ խօսուն կոչը` ուղղուած հրապարակի ժողովուրդին:

Ազգային կոմիտէի մեծարգոյ նախագահը իրաւամբ կը յայտարարէ, որ արդէն վաղուց գոյութիւն ունի հայ անկախ պետականութեան կազմաքանդման սադայէլական ծրագիր, որ կը բաղկանայ  բազմաթիւ հանգրուաններէ: Վազգէն Մանուկեանը զանոնք կ՛անուանէ «տողեր»: Այդ տող-հանգրուանները ճշդուած են թշնամիին կողմէ (յենարան ունենալով փաշինեանական համակարգը` որպէս արբանեակ իշխանութիւն): Ամէն անգամ, որ այդ տողերէն մէկը յաջողապէս կ՛իրագործուի, թշնամին կը ջնջէ այդ տողը եւ կ՛անցնի յաջորդին: Շաբաթ մը առաջ թշնամին (անօրինակ արագութեամբ) կրցաւ իրականութեան վերածել արցախեան հայրենիքի բնաջնջումն ու լուծարումը: Ընդամէնը քանի մը դժոխային օրերու ընթացքին եւ ահաւոր պայմաններ պարտադրելով մեր ժողովուրդին` ան կրցաւ լիովին հայաթափել Արցախը եւ ջախջախել հայ անկախ պետականութեան ողնայարը: Ան կրցաւ իրագործել իր չարաշուք ծրագրի այս կէտը համաշխարհային հանրութեան, համաշխարհային հայութեան եւ նիկոլական իշխանութեան աչքերուն առջեւ` առանց դոյզն հակադարձութեան: Միակ հակադարձողը Պաշտպանութեան բանակի հերոս զինուորներն էին:

Այսօր թշնամին ջնջած է այս տողն ալ  եւ կը պատրաստուի յաջորդ տողերը գործի վերածելու: Եւ Վազգէն Մանուկեանի թախանձագին կոչն է բոլորին, որ յաջորդ տողերը ջնջողը ըլլանք մենք: Այդ տողերը պէտք է ջնջուին ՄԵՐ ՁԵՌՔԵՐՈՎ եւ ի նպաստ մեր հայրենիքի լինելիութեան: Թոյլ չտա՛լ, որ անոնք ջնջուին թշնամիին եւ իր արբանեակներուն կողմէ` պատմութեան բեմէն միանգամընդմիշտ ջնջելով հայ անկախ պետականութեան գոյութիւնը:

Այս առումով, թող ներուի մեզի ըսել, որ Ազգային կոմիտէն, իր բոլոր համբուրելի գաղափարներով եւ գործողութիւններով հանդերձ, կը տառապի դանդաղկոտութենէ: Դանդաղկոտութի՛ւն, որ կրնայ մեծապէս ճակատագրական ըլլալ մեր երկրին համար: Կասկած չկայ, որ այսպիսի զօրաշարժերը հեշտ չեն: Ի՜նչ խօսք, որ այս դիտարկումները չեն միտիր ստորագնահատելու կատարուած եւ կատարուող ծովածաւալ աշխատանքը ղեկավարութեան կողմէ: Դժբախտաբար փաստը կը մնայ փաստ: Այս կէտին վրայ կոմիտէին հարուածը համաչափ չէ մարտահրաւէրի պահանջներուն: Պէտք է կասեցնել ծուռ դարձած եւ գահավէժի մէջ գտնուող անիւը, եթէ նոյնիսկ ան կ՛ենթադրէ «պառկիլ» անիւին առջեւ:

«Յաջորդ տող»-ը սեղան պիտի բերուի հոկտեմբերի 5-ին, Սպանիոյ Կրանատա քաղաքին մէջ: Ալիեւ-Փաշինեան գագաթաժողովը կոչուած է նուիրագործելու մեր պարտութեան յաջորդ ճակատագրական հանգրուանը: Մեծագոյն հաւանականութեամբ ափսէի վրայ են Սիւնիքի, Սոթքի եւ «անկլաւ»-ներու ապագան: Ափսէի վրայ է ազերիներու վերաբնակեցումը Հայաստանի մէջ եւ դեռ շատ ուրիշ աղէտալի զիջումներ մեր գերիշխանութեան դիրքերէն: Սեղանի վրայ է ամէն ինչ, որ ունինք` որպէս հայրենական ժառանգութիւն (patrimoine):

Նկատի առնելով օրհասական պահը` Ազգային կոմիտէն եւ մեր ժողովուրդը երբեք իրաւունք չունին տեղքայլի: Բոլոր այն միջոցառումները, որոնց մասին այսօր խօսեցան կոմիտէի ղեկավարները գործնականօրէն, համազօր են տեղքայլի: Ես չեմ մոռցած Վազգէն Մանուկեանի մեզի փոխանցած սրտառուչ պատգամը ներկայ հանրապետութեան առաջին օրերուն` ՄԵՆՔ ԿԱՐԻՔ ՈՒՆԵՆՔ ՈՍՏԻՒՆԻ, ՈՐՊԷՍԶԻ ԵՐԱՇԽԱՒՈՐԵՆՔ ԱՊԱԳԱՆ…

Ապագան այժմ դրուած է նժարի վրայ ամէնէն անսիրտ տուեալներով, եւ եկած է հզօր ոստիւնի կենսական պահը: Այս կէտին վրայ գոյութիւն ունի միայն մէկ նպատակ: Վար բերել Նիկոլը առանց այլեւայլի: Վար բերել զայն այսօր իսկ: Զայն վար բերել ամէն գնով: ՇԱՐԺՈՒՄԸ ԺԱՄԱՆԱԿ ՉՈՒՆԻ ԴԱՆԴԱՂԵԼՈՒ: ԺԱՄԱՆԱԿ ՉՈՒՆԻ ԽՕՍԵԼՈՒ: ԱՆ ԳԻՇԵՐ-ՑԵՐԵԿ ՊԻՏԻ ԲԱՆԱԿԻ ՀՐԱՊԱՐԱԿԻՆ ՎՐԱՅ ԵՒ ԱՌՆԷ ԲՈԼՈՐ ԱՅՆ ՔԱՅԼԵՐԸ, ՈՐՈՆՔ Կ՛ԱՊԱՀՈՎԵՆ ՆԻԿՈԼԱԿԱՆ ԻՇԽԱՆՈՒԹԵԱՆ ՎՃՌԱԿԱՆ ԼՈՒԾԱՐՔԸ:  ՆԻԿՈԼԸ ՊԷՏՔ ՉԷ ԵՐԹԱՅ ՍՊԱՆԻԱ:  ՆԻԿՈԼԸ ՊԷՏՔ ՉԷ ԵՐԹԱՅ ՍՊԱՆԻԱ: ԱՆ ՊԱՐԶԱՊԷՍ ՊԷՏՔ Է ԵՐԹԱՅ… ԵՒ ՎԵ՛ՐՋ:

30 սեպտեմբեր 2023 

Նախորդը

Հայրենի Կեանք

Յաջորդը

Դաշնակցականի Ակնոցով Դիտուած. Եւրոպայի Հայկական Համայնքներու Մասին

RelatedPosts

Բարոյական Ուժը
Անդրադարձ

Բարոյական Ուժը

November 21, 2026
Արցախը Մեր Տեսակն Է (Անկախութեան Տօնի 28-ամեակ)
Անդրադարձ

Իմ Սիւնակը-Ձեր Աշխարհը. Հնաբոյր Եւ Փոշոտած Քաղաքական Համակարգի Մը Դէմ Յանդիման (Լիբանանի Անկախութեան 83-Ամեակ)

November 21, 2026
Պարտութենէն Անդին` Պատմութիւնը Ուրանալու Վտանգը
Անդրադարձ

Լիբանանի Անկախութիւնը. Տօնակատարութիւններ Եւ Իրականութիւն

November 21, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.