Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Պորել. «Քաղաքացիներու Բռնի Տեղահանութիւնը Պիտի Արժանանայ Խիստ Արձագանգի»

September 23, 2023
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Եւրոպական Միութեան արտաքին եւ անվտանգութեան քաղաքականութեան բարձրագոյն յանձնակատար Ճոզեփ Պորել Արցախի վերջին զարգացումներուն վերաբերող իր յայտարարութեան մէջ յայտնեց, որ Արցախէն բնակչութեան բռնի տեղահանութիւնը` ռազմական կամ այլ միջոցներով, պիտի արժանանայ Եւրոպական Միութեան խիստ արձագանգին, եւ որ միութիւնը պատրաստ է դիմելու համապատասխան գործողութիւններու` իրավիճակի հետագայ վատթարացման պարագային: «Եւրոպական Միութիւնը կը դատապարտէ Ազրպէյճանի ռազմական գործողութիւնները Լեռնային Ղարաբաղի հայ բնակչութեան դէմ եւ ափսոսանք  կը յայտնէ այս կացութեան սրման պատճառով արձանագրուած զոհերուն եւ մարդկային կորուստներուն համար», կը նշուի Պորելի յայտարարութեան մէջ` աւելցնելով, որ Եւրոպական Միութիւնը ի գիտութիւն կ՛ընդունի զինադադարի պայմանաւորուածութեան յայտարարութիւնը` ակնկալելով ռազմական գործողութիւններու անյապաղ ու ամբողջական դադրեցում եւ զինադադարի պահպանում:

«Եւրոպական Միութիւնը կոչ կ՛ուղղէ Ազրպէյճանին` անյապաղ եւ անարգել մարդասիրական մուտք արտօնելու կարիքաւոր բնակչութեան, նաեւ` Լաչինի միջանցքի ամբողջական վերաբացման միջոցով` Արդարադատութեան միջազգային դատարանի փետրուար եւ յուլիս 2023-ի որոշումներուն համաձայն: Մարդասիրական դերակատարները պէտք է կարենան ազատօրէն գործել: Եւրոպական Միութիւնը եւ անոր անդամ պետութիւնները պատրաստ են հրատապ մարդասիրական օգնութիւն ցուցաբերելու: Եւրոպական Միութիւնը կոչ կ՛ուղղէ Պաքուին եւ Ղարաբաղի հայերուն` անյապաղ ներգրաւուելու համապարփակ եւ թափանցիկ երկխօսութեան մէջ», կ՛ըսէ Պորել:

Ան շեշտեց, որ Ազրպէյճան պատասխանատուութիւն կը կրէ երաշխաւորելու Լեռնային Ղարաբաղի հայերու իրաւունքները եւ ապահովութիւնը` առանց վախցնելու, ահաբեկելու եւ խտրականութեան, իրենց տուներուն մէջ ապրելու իրաւունքը յարգելով:

Պորել յայտնեց, որ Եւրոպական Միութիւնը կը վերահաստատէ նաեւ իր աջակցութիւնը` Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի ինքնիշխանութեան եւ տարածքային ամբողջականութեան` կոչ ուղղելով Ազրպէյճանին` վերահաստատելու Հայաստանի տարածքային ամբողջականութիւնը ճանչնալու իր յանձնառութիւնը: Միութիւնը նաեւ կոչ կ՛ուղղէ` վերսկսելու Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ բանակցութիւններուն բոլոր անորոշ հարցերուն շուրջ` խաղաղութեան համաձայնագիրի մը կնքման համար:

Նախորդը

Հաճիեւ. «Պաքուն Կը Սերտէ Զէնքը Վար Դրածներուն Ներում Շնորհելու Հարցը»

Յաջորդը

Ռայիսի. «Հայերու Իրաւունքները Պէտք Է Յարգուին, Տարածաշրջանին Մէջ Սահմանները Պէտք Է Ըլլան Անձեռնմխելի»

RelatedPosts

Հրապարակուեցան Տեղական Ինքնակառավարման Ընտրութիւններուն Պաշտօնական Արդիւնքները
Հայկական

Հրապարակուեցան Տեղական Ինքնակառավարման Ընտրութիւններուն Պաշտօնական Արդիւնքները

October 27, 2026
Հայ Դատի Կեդրոնական Գրասենեակը  Կը Ներկայացնէ Ռուբէն Վարդանեանի Գործին  Վերաբերեալ Իրաւական Ժողովածու
Գլխաւոր լուրեր

Հայ Դատի Կեդրոնական Գրասենեակը Կը Ներկայացնէ Ռուբէն Վարդանեանի Գործին Վերաբերեալ Իրաւական Ժողովածու

October 27, 2026
Պայրամով. «Հայ Հասարակութիւնը Պէտք Է Ընդունի,  Որ Խաղաղութիւնը Կարեւոր Է Թէ՛ Իր,  Թէ՛ Ալ Ազրպէյճանական Հասարակութեան Համար»
Գլխաւոր լուրեր

Պայրամով. «Հայ Հասարակութիւնը Պէտք Է Ընդունի, Որ Խաղաղութիւնը Կարեւոր Է Թէ՛ Իր, Թէ՛ Ալ Ազրպէյճանական Հասարակութեան Համար»

October 27, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.