Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հարցազրոյց` Պերճ Աբգարեանի Հետ. Բժշկական Քոնկրես Եւ Առաքելութիւն

September 23, 2023
| Հարցազրոյց
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հարցազրոյցը վարեց` ՔՐԻՍՏ ԽՐՈՅԵԱՆ

Յառաջիկայ օրերուն Ֆրեզնոյի բժշկական առաքելութեան խումբը կը մեկնի Հայաստան` այնտեղ նոր առաքելութիւն մը իրականացնելու համար: Անձնակազմը Հայաստան պիտի հասնի սեպտեմբեր 22-ին եւ վերադառնայ հոկտեմբեր 7-ին: Այս տարուան առաքելութեան առընթեր, ԵՊՀ-ի բժշկական բաժանմունքին մէջ պիտի կատարուի նաեւ Բժշկական քոնկրես մը, ուր բժշկական մասնագիտական դասախօսութիւններով հանդէս պիտի գան տարբեր մասնագիտութեանց տէր բժիշկներ: Քոնկրեսը տեղի պիտի ունենայ սեպտեմբեր 26-29:

Այս մասին յաւելեալ տեղեկութիւններ ստանալու եւ տարուած աշխատանքը լուսարձակի տակ առնելու համար «Ազդակ» հետեւեալ հարցազրոյցը կատարեց Ֆրեզնոյի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան պատուոյ հիւպատոս Պերճ Աբգարեանին հետ:

«ԱԶԴԱԿ».- Ինչպիսի՞ աշխատանք մը պիտի ծաւալէ Ֆրեզնոյի բժշկական առաքելութեան խումբը յառաջիկայ օրերուն Հայաստանի մէջ:

ՊԵՐՃ ԱԲԳԱՐԵԱՆ.- Պատուոյ հիւպատոսութեան գրասենեակը հիմնուելէ ետք, 2014-ին, 2015-ին բժշկական առաջին առաքելութիւնը կատարուեցաւ Հայաստանի մէջ: Այս մէկը շարունակուեցաւ կատարուիլ տարիներու ընթացքին Հայաստանի, Արցախի եւ Լիբանանի մէջ: 2020-ին պատերազմի պատճառով Հայաստանի մէջ մենք չկրցանք իրականացնել մեր առաքելութիւնը:

Այս տարի առաջին անգամ ըլլալով, համագործակցաբար Երեւանի պետական համալսարանի բժշկական բաժանմունքին հետ, յանձինս բաժանմունքի տնօրէն տոքթոր Արմէն Մուրատեանի եւ անոր օգնական Գէորգ Թամամեանի, սկսանք կազմակերպել եւ ի գործ դնել «Բժշկական քոնկրես»-ի ծրագիր մը: Սոյն ծրագիրին իրենց մասնակցութիւնը պիտի բերեն Իսրայէլէն, Յորդանանէն եւ ԱՄՆ-ի տարբեր նահանգներէն անուանի բժիշկներ:

Վստահ եմ, որ այս նախաձեռնութիւնը, իր տեսակով առաջինը ըլլալով, մեծապէս կրնայ նպաստել տեղական բժշկական համակարգի մակարդակի բարձրացման` նկատի առած մեկնող արդիականացած անձնակազմին փորձառութիւնն ու հմտութիւնը: Ասկէ աւելի կարեւոր է, սակայն, տեղացի բժիշկներու հետ անմիջական կապ հաստատելն ու զայն պահելը եւ զարգացնելը տարիներու ընթացքին:

Խօսքը այստեղ միայն Հայաստանի մէջ երկու շաբթուան առաքելութեան մասին չէ: Մենք կ՛ակնկալենք, որ այս կապը շարունակական բնոյթ կրէ, որպէսզի կարենանք նպաստել թէ՛ Հայաստանի մէջ գտնուելով, թէ՛ հեռակայ կապով մը:

«Ա.».- Այսօրուան ձեռնարկին կարեւորութիւնը, ձեր կարծիքով, ինչի՞ մէջ կը կայանայ: Նման ձեռնարկներ ինչի՞ կրնան ծառայել:

Պ. Ա.- Երկուստեք կարեւորութիւն մը ունի այս մէկը: Աւելի կարեւոր է, սակայն, մե՛ր բերած նպաստը: Հայաստանցի բժիշկները, երբ տեղեկացուած կ՛ըլլան բժշկական արդի մեթոտներուն մասին եւ` թարմացուած, ու արդի պայմաններ կը ստեղծուին անոնց համար, բժշկական բարձրորակ ծառայութիւն կրնան մատուցել:

Իւրաքանչիւր բժիշկ բժշկական այս քոնկրեսէն առաջ եւ վերջ պիտի գտնուի Հայաստանի տարբեր մարզերու հիւանդանոցներէն ներս, այնտեղ գործակցի հայաստանցի բժիշկներու հետ եւ ծառայութիւն մատուցէ ժողովուրդին: Այս մէկը կրնայ ժողովուրդին հոգեկանը բարձրացնել, յոյսը վերանորոգել եւ մեր անձնակազմին տալ գոհունակութիւն մը:

Նման ձեռնարկներ նաեւ կրնան սփիւռք-հայրենիք կապը ամրապնդել եւ կը դառնան ապացոյց, որ հեռաւորութիւնը անպայման խոչընդոտ մը չի կրնար ըլլալ միշտ:

«Ա.».- Որո՞նք պիտի ներկայանան եւ իրենց մասնակցութիւնը բերեն Բժշկական քոնկրեսին:

Պ. Ա.- Մօտաւորապէս 30 հոգի պիտի մասնակցի ծրագիրին:

Քոնկրեսը տեղի պիտի ունենայ բժշկական համալսարանի տարբեր դահլիճներէն ներս: Քոնկրեսին հրաւիրուած են Հայաստանի բժիշկները, ԵՊՀ-ի մէջ բժշկութիւն ուսանողները եւ Հայաստանի հիւանդանոցներու մէջ իրենց բժշկական մասնագիտութիւնը կատարող բժիշկները. մուտքը ձրի է:

Հրաւէր ստացած են նաեւ` Հայաստանի Հանրապետութեան առողջապահութեան նախարար Անահիտ Աւանեսեանը, Հայաստանի մէջ ԱՄՆ դեսպան Քրիսթինա Քվինը եւ Հայաստանի մէջ Սուրիոյ հանրապետութեան դեսպան Նորա Արիսեանը:

«Ա.».- Քոնկրեսի ներկայացումներու ընտրութիւնները ինչպէ՞ս կատարուած են: Ինչի՞ հիման վրայ եղած են անոնք:

Պ. Ա.- Նիւթերը ընտրուեցան բժշկական համալսարանի տնօրէնութեան կողմէ` նկատի առնելով տեղական կարիքները: Տնօրէնութիւնը կազմեց նիւթերու ցանկ մը եւ ուղարկեց մեզի: Այս առթիւ պէտք է երախտիքի խօսք յայտնել Սիաթըլի մէջ հաստատուած տոքթոր Փոլ Մրկըրեանին, որ անցեալի շատ մը առաքելութիւններու ներկայութիւն եղած է եւ ներկայիս ալ մեծ ներդրում ունեցաւ այս աշխատանքներու համակարգումին եւ կազմակերպումին մէջ:

Յատկանշական է քոնկրեսի առաջին օրը կատարուելիք դասախօսութիւններուն մէջ «Emergency medical and disaster response» նիւթը: Անընդհատ պատերազմի վտանգի տակ գտնուող երկրին մէջ առողջապահական բաժնի անձինք պէտք է իրազեկ ըլլան տագնապներու ժամանակ թէ՛ տարրական եւ թէ՛ ամենաչնչին կարիքներուն մասին ու կարենան լուծել անոնցմէ յառաջացող հարցերը եւ մատուցել պէտք եղած խնամքը: Անցեալին այս նիւթը ներկայացնելու կարեւորութիւնը նաեւ շեշտած էր Հայաստանի մէջ Միացեալ Նահանգներու նախկին դեսպան Լին Թրէյսին: Այս նիւթը պիտի ներկայացնէ տոքթոր Օֆեր Մայէն, որ Իսրայէլի մեծագոյն հիւանդանոցներու գլխաւոր վիրաբուժն է եւ հանդէս պիտի գայ սոյն քոնկրեսին յոյժ կարեւոր այս նիւթը ներկայացնելով:

«Ա.».- Ինչպիսի՞ արդիւնքներ կ՛ակնկալէք այս քոնկրեսի աւարտին, եւ այդ ակնկալութիւններու գոհացում տալու բեռը որո՞ւ ուսերուն կը ծանրանայ:

Պ. Ա.- Բժշկական քոնկրեսի ընթացքին եւ աւարտին մենք տեղեկութիւններ եւ արժեւորումներ պիտի ստանանք ներկաներէն` մատուցուած նիւթերու մատչելիութեան եւ տարուած աշխատանքի արդիւնաւէտութեան մասին: Այդ գծով մենք պատրաստ ենք այդ առաջարկներն ու մտահոգութիւնները նկատի առնելու եւ ըստ այնմ փոփոխութիւններ մէջտեղ բերելու: Եւ եթէ ընդհանրապէս արձագանգները դրական են ու մթնոլորտը` խրախուսիչ, կարելի է կրկնել եւ զարգացնել այս աշխատանքը յառաջիկայ տարիներուն:

Այս բոլորին բեռը առաւելաբար մե՛ր ուսերուն կը ծանրանայ: Իրականութեան մէջ այս ծրագրի կազմակերպման եւ նիւթական ծախսերու մեծ բաժինը մենք պիտի հոգանք:

«Ա.».- Տրուած ըլլալով, որ բժշկական առաքելութիւն բազմիցս կատարած էք Հայաստանի մէջ, այսօրուան առաքելութիւնը ինչո՞վ կը տարբերի նախորդներէն: Ինչպիսի՞ փոփոխութիւններ կան ձեր անձնակազմին, տարուած աշխատանքին կամ Հայաստանի տեղական պայմաններուն հետ կապուած:

Պ. Ա.- Եկող շաբթուան կատարելիք մեր առաքելութիւնը թիւով 11-րդն է: Անցեալ տարուան աշխատանքին օրինակին հետեւելով` մենք կը շարունակենք խնամել առաւելաբար սահմանամերձ շրջաններու մէջ գտնուող զինուորները: Մենք պիտի ծառայենք Գիւմրիի, Վանայ Ձորի, Լոռիի, Շիրակի, Արմաւիրի եւ անոնց արուարձաններուն մէջ: Մեր աշխատանքները չեն կեդրոնանար միայն Երեւանի մէջ:

Նախորդ տարիներուն անձնակազմին 90 առ հարիւրը Ֆրեզնոյէն կ՛ըլլար: Այս տարի, սակայն, անձնակազմի աւելի քան 30 հոգիէն միայն 7-ը Ֆրեզնոյէն են. անոնք ԱՄՆ-ի տարբեր նահանգներէն եւ այլ երկիրներէ կու գան: Այս մէկը ապացոյց է, որ մասնակիցները կը հաւատան բժշկական առաքելութեան նպատակին ու կարեւորութեան:

Տարբերութենէ աւելի, կը կարծեմ, որ շարունակականութիւն մը կայ այստեղ, եւ շարունակականութիւնը պիտի տեւէ այնքան, որքան Հայաստանի մէջ պահանջը կայ մեր ծառայութիւններուն:

Աւարտին Աբգարեան շնորհակալութեան խօսք ուղղեց անձնակազմի մասնագէտներուն եւ բժիշկներուն, որոնք իրենց ժամանակը, ճիգն ու մտային պաշարը պիտի տրամադրեն այս աշխատանքը իրականացնելու համար: Շնորհակալութեան խօսք ուղղուեցաւ նաեւ Ֆրեզնոյի հայ համայնքին, որ միշտ ալ նիւթական եւ մարդուժի աջակցութիւն ցուցաբերած են այս աշխատանքներուն:

Ան նշեց, որ անձնակազմը նաեւ նախապատրաստական աշխատանք կը տանի Լիբանան կատարելիք իր երրորդ առաքելութեան, որ նախատեսուած է կատարել ապրիլ 5-19, 2024-ին:

 

 

Նախորդը

Վաղամեռիկ Աւօ Զարմէնեանի Յիշատակին

Յաջորդը

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

RelatedPosts

«Իւրաքանչիւր Նոր Բեմ Իր Փորձառութիւնը Կը Բերէ, Սակայն Հնդկաստանի Եւ Չինաստանի Մէջ Ելոյթ Ունենալը Ինծի Համար Տարբեր Նշանակութիւն Ունէր»,  «Ազդակ»-ին Կ՛ըսէ Շողիկ Թորոսեան
Հարցազրոյց

«Իւրաքանչիւր Նոր Բեմ Իր Փորձառութիւնը Կը Բերէ, Սակայն Հնդկաստանի Եւ Չինաստանի Մէջ Ելոյթ Ունենալը Ինծի Համար Տարբեր Նշանակութիւն Ունէր», «Ազդակ»-ին Կ՛ըսէ Շողիկ Թորոսեան

October 20, 2026
Հայագիտութիւն Մագիստրոսական Ծրագիր` Հայագիտական Համակողմանի Գիտելիքի Կարելիութիւն
Անդրադարձ

«Մեղու»-ն Ծնած Է Սէրէն»

October 16, 2026
«Ունկնդիրներուն Հաւատարմութիւնն Է, Որ «Վանայ Ձայն»-ին Ուժ Կու Տայ Իր Երթը Շարունակելու 40-Ամեակէն Անդին»  «Ազդակ»-ին Կ՛ըսէ «Վանայ Ձայն»-ի  Տնօրէն Վիգէն Աւագեան
Հարցազրոյց

«Ունկնդիրներուն Հաւատարմութիւնն Է, Որ «Վանայ Ձայն»-ին Ուժ Կու Տայ Իր Երթը Շարունակելու 40-Ամեակէն Անդին» «Ազդակ»-ին Կ՛ըսէ «Վանայ Ձայն»-ի Տնօրէն Վիգէն Աւագեան

October 13, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.