Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Արցախը Համաձայնած Է Բերձորի Միջանցքով Եւ Ակնա-Ստեփանակերտ Ճամբով Մարդասիրական Բեռներու Միաժամանակեայ Տեղափոխման

September 18, 2023
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ազրպէյճանի կողմէ Արցախի պաշարման պատճառով յառաջացած ճգնաժամը օրէ օր կը խորանայ: Կառավարութիւնը հացահատիկի հայթայթման եւ հացի արտադրամասերուն ալիւրի մատակարարման հոլովոյթը կը կազմակերպէ սուղ պայմաններու մէջ եւ, ցաւօք սրտի, ոչ միշտ կարելի կ՛ըլլայ ամէն օր ապահովել քաղաքացիին կտրոնային համակարգով նախատեսուած օրական տրամադրուելիք 200 կրամ հացը: Այս մասին կը յայտնէ Արցախի տեղեկատուական շտապը:

Հաշուի առնելով երկրին մէջ խորացող աղէտն ու անվտանգային կացութիւնը` Արցախի Հանրապետութեան իշխանութիւնները որոշում տուած են ընդունիլ Կարմիր խաչի միջազգային կոմիտէի Ստեփանակերտի գրասենեակի եւ խաղաղապահ առաքելութիւն կատարող ռուսական զօրախումբի հրամանատարութեան միացեալ առաջարկը Բերձորի միջանցքով` Գորիս-Ստեփանակերտ մայրուղիով, եւ Ակնա-Ստեփանակերտ ճամբով մարդասիրական բեռներու միաժամանակեայ տեղափոխումը Կարմիր խաչի միջազգային կոմիտէի մեքենաներով (արտասահմանեան ծագում ունեցող բեռներ):

«Հոլովոյթի կազմակերպումը անհրաժեշտ է թէ՛ մեր քաղաքացիներու կեանքին ու առողջութեան սպառնացող վտանգները չէզոքացնելու, թէ՛ ալ Բերձորի միջանցքով մարդասիրական բեռներու հետագայ տեղափոխումը ապահովելու համար:

«Կը տեղեկացնենք նաեւ, որ միջնորդները աշխատանք կը տանին Արցախի եւ Ազրպէյճանի պաշտօնական ներկայացուցիչներու հետ հանդիպում կազմակերպելու ուղղութեամբ` հանրապետութեան մէջ լարուած մարդասիրական եւ անվտանգային կացութիւնը թօթափելու նպատակով», կը նշուի Արցախի տեղեկատուական շտապի հաղորդագրութեան մէջ:

Նախորդը

Էրտողան Ռուսիոյ, Հայաստանի Եւ Ազրպէյճանի Ղեկավարներուն Առաջարկած Է Արցախի Հարցով Քառակողմ Հանդիպում Կատարել

Յաջորդը

Ակնարկ. Քառակողմ Հանդիպումով Անգարայի Առաջադրածը

RelatedPosts

Կառավարութեան Գործունէութեան  Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը  Այսօր Եւս Կը Շարունակուի
Գլխաւոր լուրեր

Կառավարութեան Գործունէութեան Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը Այսօր Եւս Կը Շարունակուի

September 16, 2026
Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ  Ճափոնի Դեսպանին
Գլխաւոր լուրեր

Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ Ճափոնի Դեսպանին

September 16, 2026
Նախագահ Աուն. «Միջազգային Ընտանիքը  Հրաւիրուած Է Միջամտելու` Արգիլելու  Համար Իսրայէլի Բռնարարքները»
Գլխաւոր լուրեր

Ընդհանուր Դատախազութիւնը Պէյրութի Նաւահանգիստի Պայթումին Հարցով Պահանջեց Ամբաստանել Նախկին Նախագահ Միշէլ Աունը

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.