Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Եւրոպական Խորհրդարանը Միջազգային Քրէական Դատարանին Կոչ Ուղղած Է Լուքաշենքոյի Ձերբակալման Հրամանագիր Հրապարակելու

September 15, 2023
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Եւրոպական խորհրդարանը որդեգրած է Պիելոռուսիոյ վերաբերեալ բանաձեւ մը, որ Միջազգային քրէական դատարանին կոչ կ՛ուղղէ` Պիելոռուսիոյ նախագահ Ալեքսանտր Լուքաշենքոյի ձերբակալման հրամանագիր հրապարակելու:

Բանաձեւին համաձայն, Եւրոպական խորհրդարանը կը դատապարտէ Լուքաշենքոյի վարչակարգին մասնակցութիւնը «Ուքրանիոյ դէմ Ռուսիոյ չարդարացուած, անօրինական եւ չհրահրուած պատերազմին», ինչպէս նաեւ այն, որ ան «կը խրախուսէ ատելութեան խօսքը, ապատեղեկատուութիւնը եւ քարոզչութիւնը, որ կը կրկնէ Մոսկուայի ռազմատենչ հռետորաբանութիւնը»:

Բացի ատկէ, Եւրոպական խորհրդարանը կը դատարապտէ Լուքաշենքոյի վարչակարգի` «ռուսական բանակին զինամթերքի եւ սպառազինութեան զանգուածային մատակարարումներ»-ը, Պիելոռուսիոյ մէջ ռուսական զօրքերու տեղակայման եւ ուսուցման, Ռուսիոյ կողմէ ֆինանսաւորուող «Վակներ» ահաբեկչական կազմակերպութեան գործունէութիւնը խրախուսելու համար:

Եւրոպական խորհրդարանը նաեւ կը նկատէ, որ Լուքաշենքոյի վարչակարգը ներգրաւուած է ուքրանական բռնագրաւուած տարածքներէն 2150 երեխաներու, ներառեալ որբերու անօրինական տեղափոխման հոլովոյթին մէջ դէպի այսպէս կոչուած «Պիելոռուսիոյ առողջապահական ճամբարներ», ուր անոնք ենթարկուած են «ռուսացման» եւ «գաղափարական մշակման»:

Համաձայն Հռոմի կարգավիճակին ատիկա կրնայ որակուիլ իբրեւ «բնակչութեան տեղահանում կամ բռնի տեղափոխում»:

Եւրոպական խորհրդարանը Լուքաշենքոն կը նկատէ «այդ զինուորական յանցագործութիւններուն համար նոյնքան պատասխանատու, որքան Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինը եւ երեխաներու հարցերով մարդկային իրաւանց պաշտպան Մարիա Լվովա-Պելովան, որոնց նկատմամբ Միջազգային քրէական դատարանը ձերբակալութեան հրամանագիր արձակած է մարտ 2023-ին:

Նախորդը

Ֆիտան. «Իրաքի, Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններուն Եւ Քաթարի Հետ Թուրք-Իրաքեան Զարգացման Ճամբու Ծրագիրին Շուրջ Եռանդուն Բանակցութիւններ»

Յաջորդը

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

RelatedPosts

Թրամփ Յայտարարած Է, Որ Իրան Կը Բանակցի Միացեալ Նահանգներու Հետ
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ Յայտարարած Է, Որ Իրան Կը Բանակցի Միացեալ Նահանգներու Հետ

February 2, 2026
Միացեալ Նահանգներու Մասնակցութեամբ Ուքրանիոյ Եւ Ռուսիոյ Բանակցութիւնները Տեղի Պիտի Ունենան Յաջորդ Շաբաթ Ապու Տապիի Մէջ
Գլխաւոր լուրեր

Միացեալ Նահանգներու Մասնակցութեամբ Ուքրանիոյ Եւ Ռուսիոյ Բանակցութիւնները Տեղի Պիտի Ունենան Յաջորդ Շաբաթ Ապու Տապիի Մէջ

February 2, 2026
Իսրայէլ Հարուածած Է Կազան
Գլխաւոր լուրեր

Իսրայէլ Հարուածած Է Կազան

February 2, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.