ՍԵՒ շուկային մէջ ամերիկեան տոլարին փոխարժէքը 89.700 լ. ոսկի է, իսկ «Սայրաֆա»-ի ելեկտրոնային հարթակը` 85.500 լ. ոսկի:
ՄԱՐՈՆԻ համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը այսօր հովուապետական այցելութեամբ մը կը մեկնի Աւստրալիա:
Նախատեսուած է, որ Ռայի պատրիարքը այցելէ Սիտնի եւ Մելպըրն քաղաքները, իսկ անոր այցելութիւնը պիտի տեւէ մինչեւ 24 սեպտեմբեր 2023: Նշենք, որ Ռայի պատրիարքը ընդունեց Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Տորըթի Շիան, որուն հետ քննարկեց երկրին իրադարձութիւնները, յատկապէս քաղաքական տագնապը լուծելու անհրաժեշտութիւնը:
ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ միւֆթի շէյխ Ապտել Լաթիֆ Տըրիան Իրաքի փոխվարչապետ Մոհամետ Թամիմի հետ քննարկեց լիբանանեան հարցերն ու արաբական աշխարհը յուզող խնդիրները:
ՏԻՒՐԶԻ համայնքի հոգեւոր պետ շէյխ Սամի Ապի Մունա ընդունեց Լիբանանի մէջ Քաթարի դեսպան շէյխ Սէուտ պըն Ապտել Ռահման Ալ Թանին, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւններն ու երկկողմանի յարաբերութիւնները:
ՀԶՕՐ հանրապետութիւն համախմբումի երեսփոխան Ֆատի Քարամ յայտնեց, որ պատիժը հիմնական միջոցառում մըն է, որուն իրենք կը հաւատան, եւ այդ հաւատքը կը բխի պետութեան եւ հաստատութիւններուն նկատմամբ իրենց ունեցած հաւատքէն: Քարամ այս յայտարարութիւնը կատարեց Քաֆթունի մէջ Քուրայէն երեք երիտասարդներու սպանութեան հարցով վճիռ արձակուելու առիթով:
ՆԱԽԿԻՆ վարչապետ Ֆուատ Սինիորա ընդունեց Լիբանանի մէջ Եգիպտոսի դեսպան Եասեր Ալաուին, որուն հետ քննարկեց Լիբանանի կացութիւնն ու լիբանանեան-եգիպտական յարաբերութիւնները:
ԼԻԲԱՆԱՆԻ մէջ Սէուտական Արաբիոյ դեսպան Ուալիտ Պուխարի երէկ ընդունեց Լիբանանի մէջ Քաթարի դեսպան շէյխ Սէուտ պըն Ապտել Ռահման Ալ Թանին, որուն հետ քննարկեց սէուտական եւ քաթարեան յարաբերութիւնները, ինչպէս նաեւ լիբանանեան իրադարձութիւնները, յատկապէս նախագահական ընտրութեան վերաբերեալ:
ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ապահովութեան ընդհանուր տնօրէնի գործակատար հազարապետ-զօրավար Էլիաս Պայսարի երէկ հանդիպում մը ունեցաւ Լիբանանի մէջ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի անձնական ներկայացուցիչ Եոաննա Վրոնեցքայի հետ: Քննարկուեցան լիբանանեան իրադարձութիւնները, յատկապէս` Ընդհանուր ապահովութեան եւ ՄԱԿ-ի կառոյցներուն միջեւ գործակցութիւնը բարելաւելու հեռանկարները:
ՆԵՐՔԻՆ ապահովութեան ուժերու տեղեկահաւաքի բաժանմունքը հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որ կը նշէ, թէ Պէյրութի եւ Լեռնալիբանանի մէջ բնակարաններ գողցող եւ բնակիչները սարսափահար դարձնող աւազակախումբին պետը սպաննուած է, իսկ աւազակախումբին մնացեալ անդամները ձերբակալուած են:
ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ բանակի հրամանատարութիւնը հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որ կը նշէ, թէ օգոստոս ամսուան ընթացքին ձերբակալած են 761 յանցագործներ, որոնք տարբեր ոճիրներու մեղսակցած էին: Հաղորդագրութեան մէջ կը նշուի նաեւ, որ բանակը գրաւած է մեծ թիւով մոթորսիքլեթներ, գնդացիրներ, ձեռնառումբեր, զինամթերք, տարբեր տեսակի թմրանիւթեր, հաղորդակցութեան գործիքներ, ինչպէս նաեւ կեղծուած փաստաթուղթեր: