Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ԼՕԽ-ի, «ԵԱԶԱ»-ի Եւ Քաղաքացիական Պաշտպանութեան* Ուժերու Հետ Գործակցաբար` «Արկածներու Դէմ Պայքարի Շաբաթ» Ազգ. Լ. Եւ Ս. Յակոբեան Քոլեճին Մէջ

March 28, 2012
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

15-22 մարտ երկարող շաբաթը Ազգային Լեւոն եւ Սոֆիա Յակոբեան քոլեճին համար եղաւ յատկանշական: Տնօրէնութեան որոշումով շաբաթը հռչակուեցաւ «Արկածներու դէմ պայքարի շաբաթ» եւ, առ այդ, զանազան նախաձեռնութիւններով, դպրոցական թէ արտադպրոցական հանդիպումներով, աշակերտներ ծանօթացան առօրեայ կեանքի մէջ պատահող արկածներուն, զանոնք կանխարգիլելու միջոցներուն եւ անոնց հետեւանքները դարմանելու ձեւերուն:

«Տնային Արկածները Եւ Պատանիները»

Քոլեճին եօթներորդ դասարանի աշակերտները ԼՕԽ-ի նախազգուշական բաժնի պատասխանատու Վերժին Խորշիդեանի ճամբով ծանօթացան տուներու մէջ պատահող ընթացիկ արկածներուն: Խորշիդեան քոլեճին հանդիսասրահին մէջ փաուըր փոյնթով ներկայացուց «Տնային արկածները եւ պատանիները» նիւթը եւ խօսեցաւ արկածներու տեսակներուն եւ դիմագրաւման ձեւերուն մասին: Ան խօսեցաւ այրուածքի, թունաւորման եւ ոսկորներու կոտրուածքի մասին: Ան անդրադարձաւ նաեւ հեծանիւէն կամ աստիճաններէն իյնալու, բակին ու վերելակին մէջ պատահող արկածներուն եւ զանոնք դիմագրաւելու ձեւերուն: Այս առիթով Խորշիդեան ներկայացուց նախնական դարմանումի հիմնական սկզբունքները:

«Արտատնային Արկածներու Դիմագրաւման Ձեւերը»

Միջնակարգի ութերորդ եւ իններորդ դասարաններու աշակերտները երկու առիթով այցելեցին քաղաքացիական պաշտպանութեան ուժերու Պուրճ Համուտի կեդրոնը, որուն պատասխանատուն` Էլիա Քարամ, խօսեցաւ արտատնային արկածներու մասին. հրդեհ, երկրաշարժ, ծովուն մէջ պատահող արկածներ եւ այլն: Քարամ բացատրեց հրշէջ գործիք գործածելու ձեւերը եւ հիւանդները հիւանդատար ինքնաշարժ փոխադրելու եղանակը: Ան տուաւ նաեւ գործնական ցուցմունքներ` արկածեալ պարագաներու օգնութեան հասնելու ձեւերուն մասին:

«Ինքնաշարժի Արկածները Եւ Երիտասարդները»

Քոլեճին երկրորդականի եւ արուեստից բաժնի աշակերտները ապրեցան այլ փորձառութիւն մը: Անոնք հիւրընկալեցին «ԵԱԶԱ» կազմակերպութեան ներկայացուցիչ Քեմել Իպրահիմը եւ փաուըր փոյնթով զեկուցում մը լսեցին Լիբանանի մէջ պատահող ինքնաշարժի արկածներու թիւին, տեսակին եւ պատճառներուն մասին: Իպրահիմ նշեց, որ Լիբանանի մէջ ինքնաշարժի արկածէ տարեկան կը մահանան 850 քաղաքացիներ, մեծ մասը` երիտասարդներ: Այս մասին նկարներ եւ ժապաւէններ ցուցադրելով` ան ըսաւ, որ արկածները առաւելաբար ունին երեք պատճառ. ինքնաշարժ վարելու պահուն բջիջային հեռաձայնով խօսիլը կամ գրաւոր պատգամ ղրկելը, արագութիւնը եւ ալքոլը:

«ԵԱԶԱ»-ի ներկայացուցիչը խօսեցաւ ինքնաշարժներու տեւական ստուգման եւ ապահովութեան գօտիի գործածութեան մասին` տալով գործնական կարգ մը թելադրանքներ: Իր նիւթին աւարտին ան աշակերտութեան բաժնեց «ԵԱԶԱ»-ի հրատարակութիւններէն օրինակներ:

Ինքնաշարժի Արկածի Մը Բեմադրեալ Ներկայացում

«Արկածներու դէմ պայքարի շաբաթ»-ը եզրափակուեցաւ հետաքրքրական եւ տպաւորիչ հանդիպումով մը, որուն ներկայ գտնուեցաւ քոլեճին ամբողջ աշակերտութիւնը: «ԵԱԶԱ» քոլեճին բակին մէջ բեմադրեց ինքնաշարժի արկած մը եւ քաղաքացիական պաշտպանութեան ուժերուն եւ Կարմիր խաչին հետ միասին ներկայացուց արկածեալները փրկելու ձեւը: Աշակերտներ զարմանքով դիտեցին «արկածեալ» ինքնաշարժը եւ անոր մէջէն  յատուկ ձեւերով դուրս բերուող «արկածեալները»:

Ներկայացումը արժանացաւ աշակերտներու լայն ուշադրութեան` մեծապէս տպաւորելով բոլորը:

Նշենք, որ «Արկածներու դէմ պայքարի շաբաթ»-ը տնօրէնութեան կրթական այս տարեշրջանի երրորդ նախաձեռնութիւնն էր բնապահպանման եւ բարոյական-ընտանեկան արժէքներու նուիրուած նմանօրինակ «շաբաթ»-ներու կազմակերպումէն ետք:

——————————————–

* Քաղաքացիական պաշտպանութեան ուժեր = Difah Madany

 

Նախորդը

«Տոհմիկ Օր» Սուրէն Խանամիրեան Ազգային Քոլեճի Մէջ

Յաջորդը

«Ազդակ»-ի Արաբերէն Կայքէջի Այս Ամսուան Պատկերը

RelatedPosts

Ալեքսանտրեթի Պատմական Հայկական Եկեղեցին Աւերակի Վերածուած Է
Գաղութային

Ալեքսանտրեթի Պատմական Հայկական Եկեղեցին Աւերակի Վերածուած Է

September 11, 2026
ՀՕՄ-ի Յայտարարութիւնը Շարունակուող Ցեղասպանութեան Մը Դէմ
Գաղութային

ՀՕՄ-ը Կը Մնայ Յանձնառու` Ուսանողներու Կրթաթոշակ Տրամադրելու

November 1, 2024
Մեծարենցեան Երեկոներ Երաժիշտ, Երգահան Զեքի Նասիֆ Այնճարի Մէջ
Գաղութային

Մեծարենցեան Երեկոներ Երաժիշտ, Երգահան Զեքի Նասիֆ Այնճարի Մէջ

October 25, 2024
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.