Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Ազդակ»-ի Արաբերէն Կայքէջի Այս Ամսուան Պատկերը

March 28, 2012
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Մարտ ամս­ուան ըն­թաց­քին տե­ղի ու­նե­ցած իրա­դար­ձու­թիւն­նե­րը, անոնց վե­րա­բե­րող վեր­լու­ծա­կան գրու­թիւն­ներն ու անդ­րա­դարձ­նե­րը, ինչ­պէս նա­եւ հայ­կա­կան տար­բեր հար­ցե­րու մա­սին օտար մտա­ւո­րա­կան­նե­րու կար­ծիքն ու տե­սա­կէ­տը տեղ գտած են «Ազ­դակ»-ի արա­բե­րէն կայ­քէ­ջին մէջ:

Ար­դա­րեւ, լու­րե­րու կար­գին կը կար­դանք Եգիպ­տո­սի եւ Հա­յաս­տա­նի մի­ջեւ մշա­կու­թա­յին յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րուն, Գա­հի­րէի մէջ Հա­յաս­տա­նի
դես­պա­նին կող­մէ տրուած այ­ցե­լու­թիւն­նե­րուն եւ ու­նե­ցած հան­դի­պում­նե­րուն, Իրա­նի մէջ հայ եր­կու երես­փո­խան­նե­րու` Կա­րէն Խան­լար­եա­նի եւ Ռո­պերթ Բեգ­լար­եա­նի երես­փո­խան ընտ­րու­թեան մա­սին: Ղպտի­նե­րու հո­գե­ւոր գե­րա­գոյն պետ Շնո­տա Գ. պա­պի յու­ղար­կա­ւո­րու­թեան Մե­ծի Տանն Կի­լիկ­իոյ կա­թո­ղի­կո­սու­թեան մաս­նակ­ցու­թիւնը, ինչ­պէս նա­եւ այս առի­թով Արամ Ա. կա­թո­ղի­կո­սին կող­մէ ու­ղարկ­ուած ցա­ւակ­ցա­գի­րը, Կար­սի բեր­դի խղճա­լի վի­ճա­կը, յատ­կա­պէս վեր­ջին շրջա­նին հոն ար­ձա­նագր­ուած աւե­րում­նե­րէն ետք, Գեր­ման­իոյ ար­տա­քին գոր­ծոց
նա­խա­րա­րին Ծի­ծեռ­նա­կա­բերդ այ­ցե­լու­թիւնը իրենց տե­ղը կը գրա­ւեն լրատ­ուա­կան բա­ժի­նին մէջ: Կը կար­դանք նա­եւ ՀՅԴ Լի­բա­նա­նի
Կեդ­րո­նա­կան կո­մի­տէ­ին տրուած այ­ցե­լու­թիւն­նե­րուն վե­րա­բե­րող տե­ղե­կու­թիւն­նե­րը, Հա­յաս­տա­նի Հան­րա­պե­տու­թեան սփիւռ­քի
նա­խա­րա­րու­թեան նա­խա­ձեռ­նու­թեամբ վիրչ­ուըլ թան­գա­րա­նի հաս­տա­տու­մը, ինչ­պէս նա­եւ մի­ջազ­գա­յին լրատ­ուա­մի­ջոց­նե­րուն կող­մէ հնչած ահա­զանգ­նե­րը` Թուրք­իոյ մէջ խօս­քի ազա­տու­թեան բա­ցա­կա­յու­թեան մա­սին:

«Կի­զա­կէտ» բա­ժի­նին մէջ կը կար­դանք Գա­հի­րէի եւ Քուէյ­թի մէջ Հա­յաս­տա­նի դես­պա­նու­թիւն­նե­րուն հա­կազ­դե­ցու­թիւնն ու անոնց կա­տա­րած յայ­տա­րա­րու­թիւնը` Խո­ջալ­ուի եւ Սում­կա­յի­թի դէպ­քե­րուն վե­րա­բեր­եալ ազր­պէյ­ճա­նա­կան մա­մու­լին մէջ շրջան ըրած խե­ղա­թիւր­ուած
լրա­տուու­թեան մա­սին: Անդ­րա­դարձ կա­տար­ուած է Ֆրան­սա­յի նա­խա­գա­հին յայ­տա­րա­րու­թիւն­նե­րուն` Հա­յոց ցե­ղաս­պա­նու­թեան հեր­քու­մը
քրէ­ա­կա­նաց­նող օրի­նա­գի­ծին վե­րա­բեր­եալ, Սիւ­զան Խար­տալ­եա­նի «Տա­տի­կիս դաջո­ւածք­նե­րը» ժա­պա­ւէ­նին Թուրք­իոյ մէջ ցու­ցադ­րու­թեան,
Գեր­մա­նա­կան մարդ­կա­յին ու հա­մե­րաշ­խու­թեան կազ­մա­կեր­պու­թեան կող­մէ Թուրք­իոյ վար­չա­պետ Ռե­ճեփ Թա­յիփ Էր­տո­ղա­նի մրցա­նակ տա­լէ հրա­ժա­րու­մին, Թուրք­իոյ բան­տե­րուն մէջ տի­րող խայ­տա­ռա­կու­թեան մա­սին տե­ղե­կու­թիւն­նե­րուն եւ այլն:

Հայ­կա­կան իրա­դար­ձու­թիւն­նե­րուն վե­րա­բե­րող բա­ժի­նով կը կար­դանք Մի­աց­եալ Նա­հանգ­նե­րու մէջ Հայ դա­տի յանձ­նա­խում­բին կազ­մա­կեր­պած ցոյ­ցին ըն­թաց­քին դե­րա­սան Ճորճ Քլունիի ձեր­բա­կա­լու­թեան, ինչ­պէս նա­եւ Թուրք­իոյ մէջ հա­կա­հայ «Մեծ խաղ» ֆիլ­մա­շա­րի ցու­ցադ­րու­թեան եւ «Քա­սիուն» թեր­թին մէջ լոյս տե­սած յօդ­ուա­ծի մը մա­սին, որ կ՛անդ­րա­դառ­նայ Հա­յոց ցե­ղաս­պա­նու­թեան ար­հա­ւիր­քը ապ­րած կնոջ մը:

Մշա­կու­թա­յին եւ գրա­կան բա­ժի­նով տեղ գտած է անդ­րա­դարձ մը Լի­բա­նա­նի մէջ Րաֆ­ֆի Թո­քաթլ­եա­նի ցու­ցա­հան­դէ­սին եւ ար­ուես­տին մա­սին, Պերճ Ֆազլ­եա­նի հետ «Ախ­պար» օրա­թեր­թի կա­տա­րած հար­ցազ­րոյ­ցը, Չա­րեն­ցի ծննդեան 115-ամ­եա­կին նուիր­ուած նա­խա­ձեռ­նու­թիւն­նե­րը, Սիլ­վա Կա­պու­տիկ­եա­նին բա­նաս­տեղ­ծու­թիւն­նե­րուն թարգ­մա­նու­թիւն­նե­րը:

Կայ­քէ­ջին վրայ թարգ­մա­նա­բար կամ տար­բեր թեր­թե­րէ քաղ­ուա­ծա­բար տեղ գտած են նա­եւ տար­բեր բնոյ­թի յօդ­ուած­ներ, լրա­տուու­թիւն­ներ, որոնք հե­տաքրք­րու­թեամբ կ՛ըն­թերց­ուին յատ­կա­պէս արաբ ըն­թեր­ցո­ղին կող­մէ:

http://www.aztagarabic.com/

Նախորդը

ԼՕԽ-ի, «ԵԱԶԱ»-ի Եւ Քաղաքացիական Պաշտպանութեան* Ուժերու Հետ Գործակցաբար` «Արկածներու Դէմ Պայքարի Շաբաթ» Ազգ. Լ. Եւ Ս. Յակոբեան Քոլեճին Մէջ

Յաջորդը

Կիրակնօրեայ Խօսքը. «Աստուծմէ Չեմ Վախնար Եւ Մարդերէ Չեմ Ամչնար»

RelatedPosts

Բարոյական Ուժը
Անդրադարձ

ՀՅԴ Երրորդութիւնը

November 24, 2026
Մէկ Ազգ, Բայց Մէ՞կ Համակարգ
Անդրադարձ

Ո՞վ Կը Վճռէ Հայաստանի Ապագան

November 24, 2026
Մայրենիի Դեսպանը Ամերիկայի Ափերուն
Անդրադարձ

Մայրենիի Դեսպանը Ամերիկայի Ափերուն

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.