Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Պըրրի Կը Հաստատէ Իր Նախաձեռնութեան Ի Զօրու Մնալը

September 12, 2023
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի հերքեց այն լուրերը, թէ եօթնօրեայ երկխօսութեան իր նախաձեռնութիւնը, որուն պիտի յաջորդեն նախագահական ընտրութեան բաց եւ իրերայաջորդ նիստեր, սառած է:

Ան շեշտեց, որ իր նախաձեռնութիւնը ի զօրու կը մնայ, եւ անիկա կը լրացնէ ֆրանսական նախաձեռնութիւնը: «Անոնց էութիւնը մէկ է. անիկա երկխօսութիւն կատարելն է եւ նախագահական ընտրութեան շուրջ համախոհութիւն գոյացնելը»:

Պըրրի նկատել տուաւ, որ ինք կը սպասէ Լիբանանի տագնապին համար Ֆրանսայի նախագահ Էմանուել Մաքրոնի յատուկ պատուիրակ Ժան Իվ Լը Տըրիանի այցելութեան, որպէսզի իր նախաձեռնութիւնը միացնէ անոր նախաձեռնութեան` յանգելու համար երկխօսութեան եւ համախոհութեան ընդմէջէն գոյանալիք դրական արդիւնքներուն:

Միւս կողմէ, Պըրրի երէկ Այն Թինէի մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Միջազգային դրամական ֆոնտի յանձնախումբի նախագահ Էռնեսթօ Ռամիրեզ Ռիկոն եւ անոր ընկերակցող պատուիրակութիւնը, որուն հետ քննարկեց երկրին տնտեսական եւ ելեւմտական իրադարձութիւնները:

Պըրրի իր եւ խորհրդարանին անունով բացարձակ յանձնառութիւն յայտնեց դրամատուներուն մէջ հաշիւ ունեցող քաղաքացիներու գումարները, այլ խօսքով` իրաւունքները լիովին վերադարձնելու, ինչքան ժամանակ որ ալ խլէ այդ աշխատանքը:

Ռիկոյի հետ հանդիպումին ընթացքին Պըրրի շեշտեց, որ դրամատուներուն մէջ հաշիւ ունեցող քաղաքացիներու իրաւունքին երաշխաւորումը անկիւնաքարը կը կազմէ Միջազգային դրամական ֆոնտին հետ ստորագրուելիք որեւէ համաձայնութեան:

Միջազգային դրամական ֆոնտի պատուիրակութեան հետ Պըրրի քննարկեց նաեւ այն բանակցութիւնները, որոնք կ՛ենթադրեն բարեկարգումներ եւ օրէնսդրական աշխատանք:

Պըրրիի այցելեց նաեւ Թրիփոլիի եւ հիւսիսային Լիբանանի միւֆթի շէյխ Մոհամետ Իմամ եւ Աքքարի միւֆթի շէյխ Զէյտ Պաքար Զաքարիա: Քննարկուեցան լիբանանեան իրադարձութիւններն ու վերոնշեալ շրջաններուն կարիքները:

Այն Թինէի այցելուներէն եղաւ նաեւ Լիբանանեան Կարմիր խաչի նախագահ Անթուան Զողպի` ներկայութեամբ բժշկական եւ ընկերային ծառայութիւններու բաժանմունքի նախագահ Ամինա Ֆաուուազի:

 

Նախորդը

Ապպաս Իպրահիմ. «Կը Զգուշացնենք Այն Հելուէի Դէմ Նիւթուող Դաւադրութենէն»

Յաջորդը

Կառավարութիւնը Չկրցաւ Քննարկել Սուրիացի Տեղահանուածներու Թղթածրարը` Օրինաթիւի Չգոյութեան Պատճառով

RelatedPosts

Կառավարութեան Գործունէութեան  Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը  Այսօր Եւս Կը Շարունակուի
Գլխաւոր լուրեր

Կառավարութեան Գործունէութեան Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը Այսօր Եւս Կը Շարունակուի

September 16, 2026
Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ  Ճափոնի Դեսպանին
Գլխաւոր լուրեր

Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ Ճափոնի Դեսպանին

September 16, 2026
Նախագահ Աուն. «Միջազգային Ընտանիքը  Հրաւիրուած Է Միջամտելու` Արգիլելու  Համար Իսրայէլի Բռնարարքները»
Գլխաւոր լուրեր

Ընդհանուր Դատախազութիւնը Պէյրութի Նաւահանգիստի Պայթումին Հարցով Պահանջեց Ամբաստանել Նախկին Նախագահ Միշէլ Աունը

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.