Նախանցեալ օր Կիպրոսի Փաֆոս քաղաքին մէջ տեղի ունեցաւ Հայաստանի եւ Կիպրոսի 19 տարեկանէն վար ֆութպոլի հաւաքականներուն միջեւ երկրորդ բարեկամական մրցումը, որուն ընթացքին հայրենի կազմը արձանագրեց 1-0 արդիւնքով յաղթանակ մը, այս մասին յայտնեց Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնին մամլոյ քարտուղարութիւնը:
Հայաստանի եւ մրցումին միակ կոլը 43-րդ վայրկեանին նշանակեց Էնտրու Դարաքչեան:
Նշենք, որ հաւաքականին գլխաւոր մարզիչն է Ռազմիկ Գրիգորեան:


