Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Մարոնի Եպիսկոպոսներու Խորհուրդ. «Ստանձնեցէ՛ք Ձեր Պատասխանատուութիւնը Եւ Ընտրեցէ՛ք Հանրապետութեան Նոր Նախագահը»

September 8, 2023
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Նախագահութեամբ մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքին, Մարոնի եպիսկոպոսներու խորհուրդը Տիմանի մէջ գումարեց իր ամսական ընթացիկ նիստը, որմէ բխած հաղորդագրութեան մէջ կը նշուի, թէ խորհուրդը դարձեալ կոչ ուղղած է երեսփոխաններուն ստանձնելու իրենց պատասխանատուութիւնը եւ ընտրելու հանրապետութեան նոր նախագահը, որպէսզի կարելի ըլլայ ամբողջացնել սահմանադրական իշխանութիւնը եւ երկիրը փրկել իր դիմագրաւած ելեւմտական եւ տնտեսական փլուզումէն, պետականութեան կազմաքանդումէն, ապահովական սպառնալիքներէն, լիբանանեան ազգային որոշումին տիրելու փորձերէն, ինչպէս նաեւ լիբանանցի երիտասարդութեան արտագաղթէն:

Մարոնի եպիսկոպոսներու խորհուրդը արձանագրեց իր կտրական վերապահութիւնը այն յայտարարութիւններուն վերաբերեալ, որ Լիբանանի եւ Իսրայէլի միջեւ ցամաքային սահմանագծումի միտող միջազգային քայլերու դիմուի:

Խորհուրդը շեշտեց, որ այդ սահմանագծումը կատարուած է միջազգային համաձայնագիրներով, իսկ ներկայիս այդ մասին կարելի չէ անդրադառնալ, որովհետեւ նախագահական դատարկութեան փուլը կը շարունակուի, ինչպէս նաեւ լիբանանեան գործադիր իշխանութիւնը ամբողջական իրաւասութիւններ չունի:

Մարոնի եպիսկոպոսներու խորհուրդը մտահոգութիւն յայտնեց, որ ապօրինի զէնքը ինքզինք պարտադրէ եւ երկրին մէջ քաոս ստեղծուի` նկատի ունենալով ամէնօրեայ դրութեամբ գործուած ոճիրներն ու աւազակութիւնները:

Խորհուրդը խստիւ քննադատեց օդին մէջ կրակելու իրականութեան պատճառած մարդկային վնասները` կոչ ուղղելով համապատասխան իշխանութիւններուն զսպելու ապօրինի զէնքը եւ օդին մէջ կրակողները ծանրագոյն պատիժներուն ենթարկելու:

Խորհուրդը ցաւ յայտնեց Լիբանանի մէջ տիրող ապրուստի ծանր պայմաններուն համար, յատկապէս պետական պաշտօնեաներուն, ինչպէս նաեւ զինուորական եւ ապահովական կառոյցներուն պարագային: Այս շրջագիծին մէջ Մարոնի եպիսկոպոսներու խորհուրդը կոչ ուղղեց իշխանութիւններուն հաւատարիմ մնալու սահմանադրական իրենց յանձնառութիւններուն, ինչպէս նաեւ կատարուելիք բարեկարգումներուն եւ բարգաւաճումին:

Ս. Խաչի տօնին առիթով Մարոնի եպիսկոպոսներու խորհուրդը կոչ ուղղեց բոլոր լիբանանցիներուն` աղօթելու  Լիբանանի եւ լիբանանցիներուն համար:

 

 

Նախորդը

Պու Հապիպ. «Կառչած Կը Մնանք Յաւելեալ Ջանքեր Թափելու` Նախագահական Ընտրութիւն Կատարելու Մեր Պատասխանատուութիւնը Ստանձնելու Առումով»

Յաջորդը

Կառավարութիւնը Համաձայն Գտնուած Է Օգտագործելու «Պլումպըրկ Հարթակ»-ը` «Սայրաֆա»-ի Փոխարէն

RelatedPosts

Վարչապետ Սալամ Նապաթիէ Այցելեց
Գլխաւոր լուրեր

Վարչապետ Սալամ Նապաթիէ Այցելեց

October 3, 2026
Հեռաձայնային Հաղորդակցութիւն` Նախագահներ  Խաչատուրեանի Եւ Աունի Միջեւ
Լիբանանեան

Հեռաձայնային Հաղորդակցութիւն` Նախագահներ Խաչատուրեանի Եւ Աունի Միջեւ

October 3, 2026
«Երկրին Դիմագրաւած Բոլոր Սպառնալիքներուն Դէմ  Անհրաժեշտ Բոլոր Քայլերը Պիտի Որդեգրուին»  Կ՛ըսէ Թուրքիոյ Պաշտպանութեան Նախարարութիւնը
Լիբանանեան

Թուրքիոյ Հաղորդակցութիւններու Բաժանմունքի Նախագահութիւնը Կը Հերքէ Սուրիա-Հըզպալլա Ժողովի Լուրը

October 3, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.