Կիրակի, 18 մարտին, Շիքակոյի Կլենվիու շրջանի Հայ կեդրոնի ժողովասրահին մէջ տեղի ունեցաւ հանդիպում մը ՀՅԴ Բիւրոյի եւ Միացեալ Նահանգներու Արեւելեան եւ Արեւմտեան շրջաններու Կեդրոնական կոմիտէներու ներկայացուցիչներուն միջեւ:
ՀՅԴ Բիւրոն կը ներկայացնէին Լիբանանէն ժամանած Մկրտիչ Մկրտիչեան եւ Միացեալ Նահանգներու Արեւելեան եւ Արեւմտեան շրջաններու ներկայացուցիչ Յակոբ Տէր Խաչատուրեան: Օրակարգի վրայ էին Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու երկու շրջանները յուզող հարցեր, Հայաստանի մէջ կատարուելիք խորհրդարանական ընտրութիւնները եւ Միջին Արեւելքի մէջ տիրող կացութիւնը:
Ժողովի կազմակերպական աշխատանքը իր վրայ վերցուցած էր ՀՅԴ Շիքակոյի «Քրիստափոր» կոմիտէութիւնը: Այս առիթով նաեւ, շրջանի կոմիտէութիւնը կազմակերպած էր հանդիպում մը` ժամանող հիւրերուն եւ տեղւոյն գաղութին միջեւ: Այս ընդունելութիւն-հանդիպումը տեղի ունեցաւ կեդրոնի «Շահնազարեան» սրահին մէջ` շաբաթ, 17 մարտի երեկոյեան:


