Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Կէս Յղութիւն, Կէս Ժողովրդավարութիւն, Կէս Անկեղծութիւն

March 27, 2012
| Ազդակ Գաղափարաբանական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Պահրէյնի այժմու իրավիճակը ի՞նչ է: Նմանութիւն կա՞յ Պահրէյնի մէջ պատահող իրադարձութիւններուն եւ  այսպէս կոչուած Արաբական գարնան միջեւ: Ինչ որ պատահեցաւ Պահրէյնի մէջ,  համայնքային խռովութիւ՞ն էր: Այս եւ այլ հարցումներ կիզակէտն էին վերջերս տեղի ունեցած քննարկումի մը` լրագրողներու փոքր խումբի մը եւ Պահրէյնի Համատ թագաւորին արտաքին քաղաքականութեան հարցերու գլխաւոր խորհրդատու տքթ. Մոհամետ Ապտուլ Ղաֆֆարի միջեւ:

Ըստ Պահրէյնի խորհրդարանի պաշտօնական զեկոյցին, անցեալ տարուան ըմբոստութիւնը կրնայ Պահրէյնին արժած ըլլալ մինչեւ 800 միլիոն տոլար, ուղղակի եւ անուղղակի վնասներու: Ապտուլ Ղաֆֆար ըսաւ, որ ի տարբերութիւն ժողովրդավարութեան կողմնակից ապստամբութեան, որ տեղի կ՛ունենայ արաբական աշխարհի այլ վայրերուն մէջ, Պահրէյնի խռովութիւնները սկսան շիիները, համայնքային գրգռութիւննրով (Իրանէն):

Ղաֆֆար մասնաւորաբար շեշտեց, որ Պահրէյն նման է աշխարհի մէջ բարգաւաճ եւ ժողովրդավարական ծովու մը, որովհետեւ բացի հիմնականին մէջ ժողովրդավարական մթնոլորտ ունենալէ, իր ընկերային ապահովագրութիւնը այնքան յառաջադէմ է, որ առողջապահական եւ ընկերային բոլոր տեսակի սպասարկութիւններ անվճար տրամադրելէ բացի, Պահրէյնի կառավարութիւնը իր քաղաքացիներուն նաեւ կը տրամադրէ ձրի բնակարաններ զանոնք չնչին տուրքերու ենթարկելով:

Երկրի մը մէջ, ուր քարիւղի արտադրութիւնը բաւական սահմանափակ է, իսկ տնտեսութիւնը մեծապէս կախեալ է սպասարկութեան մարզէն, Ապտուլ Ղաֆֆար յատկապէս նշեց սեփական մարզին վրայ խռովութեան ունեցած ազդեցութիւնը: Ան դժգոհեցաւ, բողոքեց, որ սեփական մարզն ու կառավարութիւնը ցուցարարներուն խորհուրդ կու տային բողոքի ցոյցերը սահմանափակելու որոշ օրերու եւ որոշ շրջաններու մէջ, որպէսզի օգնեն նուազեցնելու ցոյցերու ազդեցութիւնը ազատ սեփական ձեռնարկութիւններու վրայ, որոնք Պահրէյնի տնտեսութեան ողնասիւնը կը կազմեն:

Ապտուլ Ղաֆֆարի բառերը ինծի կը յիշեցնեն մեծ գրող Ճորճ Օրուէլը, եւ անոր` «Անասուններու ագարակ» նշանաւոր վէպէն տող մը.
«Բոլոր անասունները հաւասար են, բայց ոմանք աւելի հաւասար են»:

Երկրի մը տնտեսութիւնը կարեւոր է: Վարչակազմի մը հեզասահ գործունէութիւնը կարեւոր է: Ժողովրդավարական կառավարում ունենալը շատ լաւ է: Բայց ժողովրդավարութիւններու մէջ մարդիկ խաղաղ բողոքի անարգել իրաւունքը ունին:

Բնականաբար, եթէ ցուցարարները դիմեն բռնութեան, վայրագութեան, ապահովական ուժերէն (կամ դաշնակիցներու ուժերէն) կը պահանջուի միջամտել եւ դադրեցնել բռնութիւնը: Բայց ապահովական ուժերը խաղաղ հաւաք մը պէտք չէ վերածեն վայրագութեան բեմի մը, այն պատրուարկով, թէ նախապէս արտօնութիւն չէ առնուած ցոյց կատարելու:

Ժողովրդավարութիւններու մէջ հիմնական է բողոքելու իրաւունքը: Եթէ ժողովրդավարութիւն կայ, այս իրաւունքը պէտք է գոյութիւն ունենայ: Չի կրնար կիսաժողովրդավարութիւն ըլլալ, ինչպէս չի կրնար կիսայղութիւն ըլլալ:

Ասիկա նաեւ Թուրքիոյ մէջ խնդիր չէ՞: Աւելի քան 100 լրագրողներ բանտն են, մինչ վարչապետը տակաւին կը հերքէ, որ բանտերուն մէջ լրագրողներ կան: Քիչ գործողութիւններ կը ձեռնարկուին կանխարգիլելու համար կիներու վայրագ սպանութիւնները իրենց ամուսիններուն, հայրերուն եւ եղբայրներուն կողմէ: Աշխատանքային իրաւունքներու խիստ սահմանափակումներով չի կրնար ժողովրդավարութիւն գոյութիւն ունենալ:

Անշուշտ Պահրէյնի դէպքերը համայնքային են եւ հրահրուած եւ արտաքին քաղաքական դրդապատճառներով: Պահրէյն եւ իր դաշնակիցները հարկադրուած են գործելու, արձագանգելու այսպիսի արտաքին միջամտութիւններուն եւ սադրանքներուն:

Ի՞նչ կարելի է ըսել Սուրիոյ կացութեան մասին: Կրնա՞նք խօսիլ այդ երկրին մէջ եւս օտար միջամտութեան մասին:

Կա՞յ դրացի մեծ երկիր մը, որ իր սեփական պահեստներէն զէնք կը տրամադրէ, յատկացուած` այլ դրացիներէ եւ Ատլանտեանի միւս կողմէն: Կա՞յ դրացի մը որ Սուրիոյ ըմբոստներուն ապաստան, նոյնիսկ սպայակոյտի կայան, վարչական կեդրոն կը տրամադրէ: Սուրիական ըմբոստութիւնը արդեօ՞ք աւելի իրաւունքներ կը պահանջէ, կամ միայն ատիկա մասամբ  կը քողարկէ համայնքային պատերազմը:

Մենք կրնա՞նք անկեղծ ըլլալ, կամ կիսանկեղծութիւնը նախընտրելի՞ է:

ԵՈՒՍՈՒՖ ՔԱՆԼԻ

«Հիւրրիէյթ»

Նախորդը

Արցախ. Նախագահ Սահակեան Ծանօթացաւ 9 Մայիսի Տօնակատարութեանց Նախապատրաստական Աշխատանքներուն

Յաջորդը

Հյդ Բիւրոյի Եւ Արեւելեան Ու Արեւմտեան Ամերիկայի Կեդրոնական Կոմիտէներու Հանդիպում

RelatedPosts

hrantmarkarian
Ազդակ Գաղափարաբանական

Աղօթք Ամանորի

December 27, 2025
Հրատարակութիւններու Լուսանցքին.  Պատմագրական Մարտահրաւէր Եւ Ստանձնում
Ազդակ Գաղափարաբանական

Ռոստոմի Գաղափարական Աշխարհը` Բնագիրներու Ընդմէջէն

July 6, 2019
Աշխատաւորի Կազմակերպման Անհրաժեշտութիւնը
Ազդակ Գաղափարաբանական

Միջազգայնական Համերաշխութեան Ռոստոմեան Ուղղուածութեան Հետքերով

July 6, 2019
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.