Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ազրպէյճանական Նոր Սադրանք՝ Սոթքի եւ Նորաբակի ուղղութեամբ. Հայ Երեք Նահատակներ եւ Երեք Վիրաւորներ

September 2, 2023
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Վարդենիսի սահմանին վրայ 1 սեպտեմբերին ազրպէյճանական զօրքերու արձակած թէժ կրակոցներուն պատճառով զոհուեցան 3 հայ զինուորներ` Անդրանիկ Արշակի Անտոնեան, Արսէն Ալեքսանդրի Մկրտչեան եւ Վաչագան Սարոյի Վարդանեան:

Հայաստանի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարարութիւնը զոհերուն կարգին հրապարակեց Նարեկ Կարէնի Պօղոսեանի անունը, սակայն աւելի ուշ տեղեկացուց, որ  նոր զեկուցում ստացած է բժիշկներէն, որոնք տեղեկացուցած են, թէ Նարեկի սիրտի զարկը վերականգնած է, սակայն ան կը գտնուի ծայրայեղ ծանր վիճակի մէջ. աշխատանքներ կը տարուին զայն փրկելու:

Նարեկ Պօղոսեանէն բացի կան նաեւ 2 այլ վիրաւորներ, որոնց վիճակը միջին ծանրութեան է, եւ անոնց կեանքը վտանգուած չէ։

1 սեպտեմբերի առաւօտեան ժամը 7:50-էն սկսեալ իրադրութիւնը լարուեցաւ Վարդենիսի Սոթք, աւելի ուշ Նորաբակ գիւղերու դիրքերուն մէջ: Ըստ Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութեան, Ազրպէյճան աշխուժ կերպով կրակեց հրաձիգերով, նաեւ ականանետով: Կրակի աշխուժութիւնը 3 ժամ ետք նուազեցաւ, ապա վերսկսաւ նաեւ անօդաչու թռչող սարքերու կիրարկումով` Սոթքէն բացի, Նորաբակի ուղղութեամբ:

Ըստ պաշտպանութեան նախարարութեան տարածած վերջին հաղորդագրութեան, ժամը 5:30-ի դրութեամբ իրադրութիւնը յարաբերականօրէն կայուն էր:

Այդ ընթացքին, ըստ պաշտօնական հաղորդագրութեան, Սոթքի հատուածին մէջ Պաքուի ռազմական յաւելեալ սարքերու եւ անձնակազմի կուտակում նկատուեցաւ: Պաքու այս բոլորը հերքեց` պնդելով, թէ հայկական կողմն է, որ մեծ քանակութեամբ զէնք եւ ռազմական սարքեր տեղադրած է:

Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութիւնը հրապարակեց տեսանիւթ մը, որուն մէջ Ազրպէյճանի զինուորական սարքերուն աշխուժութիւնը կը նկատուի յստակ կերպով:

Պաքու առաւօտ կանուխէն, հայկական կողմին զուգահեռ ժամանակագրութեամբ տարածեց հերքումներ` մեղադրելով հայկական կողմը՝ իրենց դիրքերուն ուղղութեամբ կրակելու, ընդհուպ հարուածային անօդաչու թռչող սարքեր կիրարկելու յանցանքով։ Ազրպէյճան հաղորդեց երեք վիրաւոր զինուորներու մասին։

 

Նախորդը

Արցախի Հանրապետութեան Նախագահը Իր հրաժարականի Դիմումը Ներկայացուց Ազգային Ժողովին

Յաջորդը

ՀՅԴ Բիւրոյի Յայտարարութիւնը

RelatedPosts

Դաշնակցական Երիտասարդներու  Բողոքի Ցոյցը` Ազգային Անվտանգութեան  Ծառայութեան Շէնքին Դիմաց
Գլխաւոր լուրեր

Դաշնակցական Երիտասարդներու Բողոքի Ցոյցը` Ազգային Անվտանգութեան Ծառայութեան Շէնքին Դիմաց

October 3, 2026
Յակոբ Տէր Խաչատուրեան. «Ազգային Ուժերու  Եւ Կառոյցներու Դէմ Սկսած Արշաւը Պիտի  Աւարտի Այս Իշխանութեան Հետ»
Գլխաւոր լուրեր

Յակոբ Տէր Խաչատուրեան. «Ազգային Ուժերու Եւ Կառոյցներու Դէմ Սկսած Արշաւը Պիտի Աւարտի Այս Իշխանութեան Հետ»

October 3, 2026
ԹՐԻՓՓ-ի Հիմնարկէքը Պիտի Սկսի 2027-ի Սկիզբը»  Կ՛ըսէ Ուաշինկթընի Մէջ Հայաստանի Դեսպանը
Հայկական

ԹՐԻՓՓ-ի Հիմնարկէքը Պիտի Սկսի 2027-ի Սկիզբը» Կ՛ըսէ Ուաշինկթընի Մէջ Հայաստանի Դեսպանը

October 3, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.