Մարդու իրաւունքներու եւրոպական դատարանը (ՄԻԵԴ) որոշում տուած է Ազրպէյճանին մինչեւ 7 սեպտեմբեր ժամանակ տրամադրել 28 օգոստոսին Բերձորի միջանցքէն առեւանգուած երեք քաղաքայիններու վերաբերեալ տեղեկութիւն տրամադրելու վերաբերեալ: Այս մասին կը յայտնեն Միջազգային իրաւական հարցերով Հայաստանի Հանրապետութեան ներկայացուցիչի գրասենեակէն:
Ազրպէյճան պարտաւոր է դատարանին տեղեկութիւններ յայտնել այդ անձերուն գտնուելու վայրին, պահպանման պայմաններուն, առողջական վիճակին, ստացած բժշկական օգնութեան եւ վերադարձի ուղղութեամբ ձեռնարկուող քայլերու մասին:


