Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Միշել. «Լաչինի Միջանցքը Պէտք Է Ապաշրջափակուի, Աղտամի Ճամբու Օգտագործումը Կրնայ Հարցի Լուծման Մաս Ըլլալ»

Սեպտեմբեր 2, 2023
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Եւրոպական խորհուրդի նախագահ Շարլ Միշելի բանբերը հրապարակած է յայտարարութիւն մը:

«Նախագահ Միշել կը շարունակէ եռանդուն կերպով ներգրաւուած ըլլալ Հայաստան-Ազրպէյճան յարաբերութիւններու կարգաւորման հոլովոյթի յառաջ մղման գործին մէջ: Անոր ջանքերը, որոնց կ՛աջակցէր Հարաւային Կովկասի մէջ Եւրոպական Միութեան յատուկ ներկայացուցիչ Թոյվօ Քլաար, վերջին շաբաթներու ընթացքին, իբրեւ առաջնահերթութիւն, կեդրոնացած էին Ղարաբաղի հայերու մարդասիրական կացութեան կարգաւորման վրայ:

«Քլաարը եւ Միշելի խումբը յաճախակի կապի մէջ եղած են Պաքուի, Երեւանի եւ Ղարաբաղի հայերու ներկայացուցիչներուն հետ` մուտքի ապաշրջափակման համար լուծում մշակելու համար:

«Ներկայիս այդտեղ մարդասիրական կացութիւնը արագօրէն կը վատանայ, ծայրաստիճան կարեւոր քայլեր ձեռնարկել` տեղական բնակչութեան կարիքները բաւարարելու համար:

«Եւրոպական խորհուրդի նախագահ Շարլ Միշել առաջարկած է փուլային մօտեցում, որ պիտի արտացոլացնէ Լաչինի միջանցքի լիարժէք շահագործման եւ Աղտամի երթուղիի բացման յաջորդականութիւնը:

«Այս քայլերու յաջորդականութիւնը եւ բեռներու տեսակը, որ այս ճամբաներէն իւրաքանչիւրով պիտի մատակարարուի, ինչպէս նաեւ ատոր յաջորդող ընթացակարգերը, եղած են վերջին քննարկումներու առանցքը:

«Եւրոպական Միութիւնը խորապէս համոզուած է, որ Լաչինի միջանցքը պէտք է ապաշրջափակուի` համաձայն նախկին համաձայնագիրներուն եւ Միջազգային դատարանի վճիռին:

«Աղտամի ճամբու օգտագործումը մատակարարումներու համար կրնայ ըլլալ հիմնական կարիքներու հրատապ եւ ամէնօրեայ ապահովման որոշակի եւ կայուն լուծման մաս: Այս տարրերուն շուրջ քննարկումները սկսած են 15 յուլիս 2023-ին Պրիւքսելի մէջ ղեկավարներու վերջին հանդիպումէն ետք:

«Եւրոպական Միութիւնը նաեւ ընդգծած է, որ Պաքուն ղարաբաղցի հայերուն բացատրէ Լաչինի միջանցքով դէպի Հայաստան եւ Հայաստանէն Ղարաբաղ տեղաշարժելու ընթացակարգերը:

«Զուգահեռաբար, քննարկումները կեդրոնացած են նաեւ ղարաբաղցի հայերուն ելեկտրականութեան եւ կազի մատակարարումներու շուտափոյթ վերականգնման վրայ:

«Անմիջական կացութենէն բացի, Եւրոպական Միութիւնը շեշտած է տագնապին ժառանգութիւնը յաղթահարելու անհրաժեշտութիւնը` երկարաժամկէտ կայուն լուծումը դիւրացնելու համար:

«Պաքուի եւ նախկին Լեռնային Ղարաբաղի Ինքնավար Մարզին մէջ բնակող հայերու ներկայացուցիչներուն միջեւ երկխօսութիւնը այս առումով էական պիտի ըլլայ: Ղարաբաղի հայերու իրաւունքներն ու անվտանգութիւնը պէտք է երաշխաւորուին, իսկ որոշակի եղանակներու շուրջ քննարկումները պէտք է սկսին կարելի եղածին չափ արագ:

«Պաքուի եւ Ղարաբաղի հայերուն միջեւ երկխօսութիւնը վստահութեան ամրապնդման կարիք ունի: Այդ նպատակով Եւրոպական Միութիւնը տարբեր առաջարկներ ներկայացուցած է այս հոլովոյթին միջազգային աջակցութեան, ինչպէս նաեւ ձեռք բերուած համաձայնութիւններու իրականացման աջակցելու, այդտեղ ներգրաւուելու համար:

«Վերոնշեալ բոլոր ջանքերը միայն մէկ նպատակ ունին` ապահովել Պաքուի եւ Երեւանի միջեւ յարաբերութիւններու անշրջելի կարգաւորումը` ի շահ տեղւոյն բնակչութեան: Այժմ եկած է խիզախ փոխզիջումային լուծումներու ժամանակը, նաեւ այսօրուան մագլցումին լոյսին տակ:

«Եւրոպական Միութիւնը ներգրաւուած եղած է այլ միջազգային դերակատարներու հետ այդ ջանքերուն մէջ կանոնաւոր անձնական հաղորդակցութիւններու եւ կարծիքներու փոխանակման միջոցով, թէ ինչպէս լաւագոյնս կարգաւորել ներկայ անկայուն կացութիւնը»:

Պաքուն Կ՛արձագանգէ

Պաքուն արձագանգած է Միշելի յայտարարութեան: Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը իր կարգին յիշեցուցած է 15 յուլիսին կայացած Ալիեւ-Փաշինեան հանդիպման մասին եւ պնդած, որ այդ բանակցութիւններուն ընթացքին «համաձայնութիւն գոյացած է տարբեր երթուղիներով ապրանքներու առաքումը Ազրպէյճանի Ղարաբաղի շրջան, ինչպէս նաեւ Լաչինի ճամբու օգտագործման կեանքի կոչումը` Աղտամ-Խանքենդի (Ստեփանակերտ, «Ա.») ճամբու բացման զուգահեռ»:

Նախարարութիւնը կը յայտարարէ` «համաձայնութիւնները խախտուած են հայկական կողմին անօրինական պայմաններուն պատճառով»:

Ազրպէյճանական կողմը չէ արձագանգած Միշելի` Ղարաբաղի հայերու իրաւունքներու եւ անվտանգութեան ապահովման անհրաժեշտութեան մասին յայտարարութեան, փոխարէնը կրկնած է` հայերը պիտի ունենան նոյն իրաւունքները, որոնք ունին Ազրպէյճանի միւս քաղաքացիները:

«Ազրպէյճանը վճռական է Ղարաբաղի շրջանին մէջ բնակող հայկական ծագումով բնակիչները վերահամարկելու հարցին մէջ` իբրեւ իրաւահաւասար քաղաքացիներու` զանոնք ապահովելով Ազրպէյճանի սահմանադրութեամբ նախատեսուած իրաւունքներով եւ ազատութիւններով», նշուած է Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութեան յայտարարութեան մէջ:

 

 

 

Նախորդը

Պորել. «Ազրպէյճանական Իշխանութիւններուն Կոչ Կ՛ուղղենք Ապահովելու Լաչինի Միջանցքով Անվտանգ Եւ Ազատ Տեղաշարժը»

Յաջորդը

ՄԻԵԴ-ը Ազրպէյճանին Մինչեւ 7 Սեպտեմբեր Ժամանակ Տուած Է Բերձորի Միջանցքէն Առեւանգուած 3 Արցախցիներու Վերաբերեալ Տեղեկութիւն Տրամադրելու Համար

RelatedPosts

ՀՅԴ Բիւրոյի Յայտարարութիւն
Գլխաւոր լուրեր

ՀՅԴ Բիւրոյի Յայտարարութիւնը

Հոկտեմբեր 17, 2025
Բրիտանիան Ամբողջութեամբ Կը Ջնջէ Ազրպէյճանի Եւ Հայաստանի Զէնքի Մատակարարման Արգելքը
Հայկական

Բրիտանիան Ամբողջութեամբ Կը Ջնջէ Ազրպէյճանի Եւ Հայաստանի Զէնքի Մատակարարման Արգելքը

Հոկտեմբեր 17, 2025
Արագածոտնի Թեմի Առաջնորդը Կալանաւորուեցաւ
Գլխաւոր լուրեր

Արագածոտնի Թեմի Առաջնորդը Կալանաւորուեցաւ

Հոկտեմբեր 17, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?