Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հոքշթայն Լաւատեսութեամբ Մեկնեցաւ Լիբանանէն

September 2, 2023
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հարաւային Լիբանանի եւ Իսրայէլի միջեւ ծովային սահմանագծումի անուղղակի բանակցութիւններուն հսկող ամերիկացի բանագնաց Էյմըս Հոքշթայն`  ընկերակցութեամբ Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Տորըթի Շիայի, նախանցեալ երեկոյեան հանդիպում մը ունեցաւ խորհրդարանի փոխնախագահ Էլիաս Պու Սաապի հետ:

Հանդիպումին ընթացքին ընդգծուեցաւ Լիբանանի ապահովական կայունութիւնը ամրապնդելու անհրաժեշտութիւնը:

Միւս կողմէ, Լիբանանէն մեկնելէ առաջ Հոքշթայն Պէյրութի միջազգային օդակայանին մէջ կատարած մամլոյ ասուլիսին ընթացքին հաստատեց, որ ինք լաւատեսութեամբ կը մեկնի Լիբանանէն:

Հոքշթայն յայտնեց, որ Լիբանանի կառավարութեան պատասխանատուներուն հետ իր ունեցած հանդիպումներուն ընթացքին քննարկած է լիբանանեան ջուրերուն մէջ նաւթի եւ բնական կազի հորատումի երկրորդ փուլին մանրամասնութիւնները, որոնք արդիւնք են ծովային սահմանագծումի պատմական համաձայնագիրին:

«Լիբանանէն կը մեկնիմ լաւատեսութեամբ եւ դրական ներուժով, որովհետեւ Լիբանանի մէջ անկարելի բան չկայ: Խանդավառ եմ Լիբանանի խաղաղութիւնն ու կայունութիւնը ամրապնդելու եւ Լիբանանը վերակառուցելու մթնոլորտով, եւ կը ցաւիմ յօդս ցնդած  իւրաքանչիւր առիթի համար: Լիբանան բարգաւաճ երկիր մը ըլլալու բոլոր պաշարները ունի, ըլլան անոնք բնական պաշարներ թէ պատմական ներկայութիւն», ըսաւ ան:

Հոքշթայն յայտնեց, որ կառավարութեան որոշումով 24 օգոստոսին նաւթի ու կազի հորատման նաւը լիբանանեան ջուրեր հասցնելը գործնական քայլ մըն է, որ դրական ազդեցութիւն պիտի ունենայ Լիբանանի վրայ: «Այս կ՛ըսեմ, որովհետեւ ծովային սահմանագծումի բանակցութիւններու ընթացքին լուրջ կասկածներ գոյութիւն ունէին նաւթահորը հորատելու եւ պեղումներ կատարելու իմաստով արդիւնքներու յանգելու վերաբերեալ: Հորատման յատուկ հարթակին Լիբանան հասնելով, արդէն իսկ կարելի կ՛ըլլայ հարիւրաւոր լիբանանցիներու համար աշխատանքի առիթներ ստեղծել, ինչպէս նաեւ այս մարզին մէջ ներդրումներ ապահովել` աշխուժացնելու համար երկրին տնտեսութիւնը», ըսաւ ան:

Հոքշթայն ընդգծեց, որ ինք լիբանանցի պատասխանատուներուն հետ քննարկած է նաեւ Լիբանանի նոր կառավարութիւն մը կազմելու եւ հանրապետութեան նախագահի ընտրութիւն կատարելու անհրաժեշտութիւնը, որովհետեւ նախագահին եւ կառավարութեան բացակայութիւնը լիբանանցիներուն վրայ իր ժխտական ազդեցութիւնը կ՛ունենայ:

«Այս իմաստով մեր յորդորը յստակ է. լիբանանցիները վստահած են խորհրդարանին, որպէսզի ընտրէ հանրապետութեան նոր նախագահը, որ պէտք է համախմբէ լիբանանցիները, ինչպէս նաեւ խորհրդարանի նախագահին եւ վարչապետին հետ գործակցի` ապահովելու համար Միջազգային դրամական ֆոնտին տրամադրելիք վարկերը», յայտնեց Հոքշթայն:

Ան հաստատեց, որ ինք այցելած է հարաւային Լիբանան, որպէսզի ականատես դառնայ տիրող կացութեան եւ արժեւորում կատարէ` ցամաքային սահմաններու գծով արդիւնքի մը յանգելու առնչութեամբ: «Այդ բոլորը վկայելէ ետք, ժամանակն է, որ նաեւ դիմացի կողմին տեսակէտները լսեմ եւ ընդհանուր եզրակացութեան մը յանգիմ այս իմաստով», ըսաւ Հոքշթայն:

Այս շրջագիծին մէջ Հոքշթայն հաստատեց, որ Միացեալ Նահանգներ միշտ ալ կը զօրակցին խաղաղութիւն եւ կայունութիւն հաստատելու քաղաքականութեան, «որ այս պարագային հաստատ կերպով Լիբանանին օգտակար կը հանդիսանայ», յայտնեց ան:

Հոքշթայն անդրադարձաւ նաեւ Լիբանանի մէջ քաղաքական եւ տնտեսական բարեկարգումներ իրագործելու կարեւորութեան` աւելցնելով, որ ապահովական կայունութիւնը աշխարհին ցոյց կու տայ, որ Լիբանան պատրաստ է աշխատելու:

Նախորդը

Ապտոլլահեան. «Նախագահական Ընտրութիւնը Ներքին Լիբանանեան Հարց Է. Իրան Կը Մերժէ Օտար Երկիրներու Միջամտութիւնը` Այլ Պետութիւններու Ներքին Հարցերուն»

Յաջորդը

Դաշնակցական Երիտասարդութեան Ինքնաշարժներով Երթը` Առ Ի Զօրակցութիւն Պաշարուած Արցախահայութեան

RelatedPosts

Կառավարութեան Գործունէութեան  Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը  Այսօր Եւս Կը Շարունակուի
Գլխաւոր լուրեր

Կառավարութեան Գործունէութեան Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը Այսօր Եւս Կը Շարունակուի

September 16, 2026
Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ  Ճափոնի Դեսպանին
Գլխաւոր լուրեր

Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ Ճափոնի Դեսպանին

September 16, 2026
Նախագահ Աուն. «Միջազգային Ընտանիքը  Հրաւիրուած Է Միջամտելու` Արգիլելու  Համար Իսրայէլի Բռնարարքները»
Գլխաւոր լուրեր

Ընդհանուր Դատախազութիւնը Պէյրութի Նաւահանգիստի Պայթումին Հարցով Պահանջեց Ամբաստանել Նախկին Նախագահ Միշէլ Աունը

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.