Սուրիական զինուորական աղբիւր մը ՍԱՆԱ լրատու գործակալութեան յայտնած է, որ երէկ արշալոյսին Իսրայէլ Միջերկրական ծովու Լաթաքիոյ արեւմուտքը գտնուող շրջանէն յարձակում մը գործած է թիրախ դարձնելով Հալէպի միջազգային օդակայանը:
Յարձակումին պատճառով վնասուած է օդակայանի էջուղին, եւ օդակայանը դադրած է գործելէ:
Սուրիոյ փոխադրութեան նախարարութիւնը իր կարգին յայտարարեց, որ դէպի Հալէպի միջազգային օդակայան կամ այդտեղէն թռիչքները տեղափոխուած են Դամասկոսի եւ Լաթաքիոյ օդակայաններ:


