Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ Այն Թինէի մէջ ընդունեց ներքին գործոց եւ քաղաքապետութեանց հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Պասսամ Մաուլաուին, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ ապահովական հարցերն ու միջադէպերը:
Հանդիպումէն ետք Մաուլաուի յայտնեց, որ շնորհաւորած է Պըրրին, Լիբանանն ու լիբանանցիները` նաւթի հորատման գործողութիւնը սկսելու առիթով:
Ան յոյս յայտնեց, որ պեղուելիք ու արտահանուելիք նաւթը ըլլայ երկրի եւ լիբանանցիներու հարստութիւնը, որուն համար այդքան համբերած են եւ կը շարունակեն համբերել ու տագնապներուն հանդուրժել:
Մաուլաուի յայտնեց, որ Պըրրին տեղեակ պահած է Լիբանանի ապահովական կացութեան, ինչպէս նաեւ զեկուցած է ներքին գործոց նախարարութեան աշխատանքներուն եւ ապահովական կայունութեան հսկելու իրենց ճիգերուն ու վերջերս արձանագրուած ապահովական միջադէպերուն հետաքննութիւններուն մասին:
Մաուլաուի ցաւակցութիւն յայտնեց լիբանանցիներուն եւ բանակի հրամանատարութեան` նախորդ գիշեր ուղղաթիռի արկածին պատճառով երկու բանակայիններու նահատակութեան առիթով:
Պըրրի հանդիպում մը ունեցաւ նաեւ կրթութեան եւ բարձրագոյն ուսման նախարարի պաշտօնակատար Ապպաս Հալապիի հետ:
Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան լիբանանեան իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ կրթական մարզը յուզող հարցերն ու այն լուծումները, որոնց կարելի եղաւ յանգիլ կառավարութեան նիստին ընթացքին` կրթական մարզին տրամադրուած գումարներուն առումով:
Հալապի նշեց, որ Պըրրիի հետ քննարկած է պետական դպրոցներուն եւ համալսարաններուն իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ այն մարտահրաւէրները, որոնք կ՛արգելակեն նոր վերամուտը:
Միւս կողմէ, Հալապի շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր այն ուսուցիչներուն, որոնք կազմակերպեցին եւ իրագործեցին պետական քննութիւնները:


