Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Պու Հապիպ. «Նիւ Եորք Մեկնելու Նպատակս Այս Կամ Այն Պատասխանատուին Մարտահրաւէր Կարդալու Միտում Չունի»

August 25, 2023
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Արտաքին գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Ապտալլա Պու Հապիպ հարցազրոյցի մը ընթացքին հաստատեց, որ

Նիւ Եորքի մէջ տեղի ունենալիք ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի նիստին, որուն  ընթացքին հարաւային Լիբանանի մէջ տեղակայուած ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերուն առաքելութիւնը պիտի երկարաձգուի, ինք ներկայ պէտք է գտնուի:

Պու Հապիպ նշեց, որ Նիւ Եորք մեկնելու իր նպատակը այս կամ այն պատասխանատուին մարտահրաւէր կարդալու միտում չունի, այլ պիտի ջանայ մէկ կողմէ նուազեցնել լարուածութիւնը  հարաւային Լիբանանի բնակիչներուն եւ ՖԻՆԻՒԼ-ի ուժերուն միջեւ, որ մերթ ընդ մերթ նաեւ բախումի կը վերածուի, իսկ միւս կողմէ` մեղմացնել լարուածութիւնը, որ Իսրայէլ կը պատճառէ:

Պու Հապիպ նկատել տուաւ, որ այս երկու հարցերուն լուծում գտնելը պիտի մեղմացնէ նոր պատերազմի մը հաւանականութիւնն ու անոր ունենալիք շրջանային հետեւանքները, ինչպէս նաեւ Լիբանանին ապահովական յաւելեալ կայունութիւն պիտի երաշխաւորէ, յատկապէս նկատի ունենալով, որ ան պիտի սկսի նաւթի ու բնական կազի իր հարստութիւնը արտահանել:

«Նիւ Եորքի մէջ մեր փոխանցելիք պատգամը այս պիտի ըլլայ, եւ ոչ թէ ամերիկացիներուն դէմ մարտահրաւէրներ պիտի ներկայացուին: Եթէ մեր պատգամը մերժուի Ապահովութեան խորհուրդին կողմէ, ապա ան թող ստանձնէ հարաւային Լիբանանի կայունութեան խախտումին պատասխանատուութիւնը: Այս նպատակով ես հանդիպումներ պիտի ունենամ Ապահովութեան խորհուրդի անդամ երկիրներու դեսպաններուն, ինչպէս նաեւ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Անթոնիօ Կութիերեսի հետ` անոնց փոխանցելու համար այս պատգամը», ըսաւ ան:

Պու Հապիպ յայտնեց, որ հարցը միայն ՖԻՆԻՒԼ-ի ուժերուն խաղաղապահ առաքելութեան երկարաձգումը եւ անոր աշխատանքին վերաբերող իրաւասութիւններուն չի վերաբերիր, այլեւ` Լիբանանի սահմաններուն ապահովութիւնը երաշխաւորելուն:

Ան շեշտեց, որ Լիբանանի սահմանագծումը կատարուած է 1923-ին եւ անիկա ամրագրուած է 1949-ին: «Հարցը Հըզպալլայի հետ կապ չունի, այլ ՖԻՆԻՒԼ-ի ուժերուն աշխատանքին, զայն շրջանի բնակիչներուն հետ բախումներէ հեռու պահելու կարելիութեան, ինչպէս նաեւ Իսրայէլի հետ սահմաններու ամրագրումին», ընդգծեց Պու Հապիպ:

Նախորդը

Մաուլաուի Ընդունեց Հասրունի Ընտանիքէն Պատուիրակութիւն Մը

Յաջորդը

Պըրրի Մաուլաուիի Եւ Հալապիի Հետ Քննարկեց Ապահովական Եւ Կրթական Մարզերուն Վերաբերող Հարցերը

RelatedPosts

Հեռաձայնելով Սալամին`  «Լիբանանի Կայունութեան Ու Հողային  Ամբողջականութեան Կը Զօրակցինք»  Կ՛ըսէ Քաթարի Վարչապետը
Գլխաւոր լուրեր

Հեռաձայնելով Սալամին` «Լիբանանի Կայունութեան Ու Հողային Ամբողջականութեան Կը Զօրակցինք» Կ՛ըսէ Քաթարի Վարչապետը

November 4, 2026
Սուրիա Հոմսի Քարիւղի Զտարանը Թիրախաւորող  «Հըզպալլայի Ահաբեկչական Ծրագիր»-ի  Ձախողութեան Մատնուիլը Յայտարարեց
Լիբանանեան

Սուրիա Հոմսի Քարիւղի Զտարանը Թիրախաւորող «Հըզպալլայի Ահաբեկչական Ծրագիր»-ի Ձախողութեան Մատնուիլը Յայտարարեց

November 4, 2026
Պայրագտարեան Ընդունեց  Պատուելի Թերզեանը
Լիբանանեան

Պայրագտարեան Ընդունեց Պատուելի Թերզեանը

November 4, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.