Ներքին գործոց եւ քաղաքապետութեանց հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Պասսամ Մաուլաուի նախարարութեան կեդրոնատեղիին մէջ ընդունեց Այն Իպըլի մէջ սպաննուած քաղաքացի Էլիաս Հասրունիի ընտանիքէն պատուիրակութիւն մը, որուն մաս կազմեց նաեւ Այն Իպըլի հոգեւոր հովիւ հայր Հաննա Սլէյմանը, ինչպէս նաեւ Այն Իպըլի քաղաքապետ Իմատ Լաուսը:
Հանդիպումէն ետք Լաուս յայտնեց, որ Մաուլաուիի հետ քննարկած են Հասրունիի սպանութեան հարցը` աւելցնելով, որ իրենք կը վստահին ներքին գործոց նախարարին եւ Ներքին ապահովութեան ուժերուն բացած հետաքննութեան վրայ:
Լաուս նկատել տուաւ, որ Մաուլաուի անձամբ կը հետեւի հետաքննութեան` աւելցնելով, որ ան հաստատած է, որ հետաքննութիւնը իր արդար ու թափանցիկ աւարտին պիտի հասնի:
Լաուս մաղթեց, որ Հասրունիի թղթածրարին կապուած բոլոր տուեալները ներկայացուին դատական իշխանութիւններուն, եւ կարելի ըլլայ ամէնէն մօտիկ ժամանակաշրջանին բացայայտել այդ դէպքին կապուած բոլոր մանրամասնութիւնները:


