Երեսփոխան Թոնի Ֆրենժիէ Մելպուրնի Մարատա հոսանքի կեդրոնական խորհուրդի անդամներուն հետ ունեցած առցանց հանդիպումի մը ընթացքին յայտնեց, որ Լիբանան աշխարհի բոլոր երկիրներուն չի նմանիր` աւելցնելով, որ Լիբանան առանց հանրապետութեան նախագահի չի կրնար շարունակել:
Ան անհրաժեշտ նկատեց, որ ընտրուի հանրապետութեան նախագահ մը, որ կարենայ համախմբել քաղաքական բոլոր ուժերը եւ դռները բանալ անհրաժեշտ ու հիմնական բարեկարգումներուն դիմաց` թեթեւցնելու համար տնտեսական տագնապը:
Ան մաղթեց, որ հանրապետութեան յաջորդ նախագահի ընտրութիւնը կատարուի յառաջիկայ ամիսներուն ընթացքին:
Թոնի Ֆրենժիէ ընդգծեց նաեւ, որ Մարատա հոսանքը քաղաքական հոսանք մըն է, որ արմատացած է երկրին քաղաքական եւ ընկերային կեանքին մէջ:
Ան կոչ ուղղեց Մարատայի կեդրոնական խորհուրդի անդամներուն` քաղաքական իրենց հոսանքին գաղափարները տարածելու իրենց շրջանակներուն մէջ: `


